SECCIONES
ARMENIA
LOCALES
DIÁSPORA
UGAB
INSTITUCIONES
EMPRENDIMIENTOS Y PYMES
OPINION
AGENDA
SOCIALES
Temp.: -
Hum.: -
Viernes 29 de Marzo - Buenos Aires - Argentina
PREMIO MEJOR MEDIO DE PRENSA PUBLICADO EN LENGUA EXTRANJERA - MINISTERIO DE LA DIASPORA DE ARMENIA 2015
UGAB - Անցումային Կառավարութիւն Կազմելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Յայտարարութիւնը
12 de Diciembre de 2020

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն


Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Յայտարարութիւնը Հայաստանի մէջ Անցումային Կառավարութիւն Կազմելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ 11 դեկտեմբեր, 2020 թ


Անմիջապէս Հրատարակութեան Համար

Մեր անցնող հարիւրամեայ պատմութեան ընթացքին, մեր ժողովուրդին դէմ ծառացած ամենածանր մարտահրաւէրներուն դիմաց, յատկապէս երբ անոնք սպառնացած են մեր ժողովուրդի գոյութեան, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը միշտ գտնուած է պայքարի առաջին դիրքերուն վրայ, հայրենիքի թէ Սփիւռքի մէջ, հեռու մնալով ներքին քաղաքական նկատառումներէ:

Պատմական նոյնպիսի ճակատագրական հանգրուան մը կը դիմագրաւենք այսօր, երբ մեր ազգի առաջնորդները, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր հայ քաղաքացի կամ ինքնագիտակից անհատ աշխարհի տարածքին, պէտք է ցուցաբերէ հզօր կամք, արիութիւն եւ տեսիլք:

Անցնող երկու ամիսներուն, մենք ունեցանք ահռելի կորուստներ, սակայն մենք պարտուած չենք որպէս ազգ:

Եթէ մենք ուժ եւ քաջութիւն ցուցաբերենք ամոքելու մեր վէրքերը, իմաստութիւն ունենանք դասեր քաղելու այս իրադարձութիւններէն, վերականգնենք մեր ցնցուած հայրենիքը եւ շարժինք յառաջ, պիտի յաջողինք մեր արժանի տեղը ապահովել պատմութեան եւ քաղաքակրթութան մէջ:

Մենք խորապէս կը գիտակցինք, որ Արցախեան աղէտին յաջորդած եւ տակաւին շարունակուող ցնցումները, կրնան խախտել Հայկական պետականութեան հիմերը եւ աւելի եւս խոցելի դարձնել մեզ:

Այս վտանգի ահագնութեան գիտակցութիւնը խոր մտավախութիւն կը պատճառէ համընդհանուր հայութեան, որուն համար զօրաւոր եւ ինքնիշխան Հայաստանը, գոյութեան խարիսխ եւ ինքնութեան կռուան կը հանդիսանայ:

Ոչ մէկ հայ, ուր ալ գտնուի ան, չի կրնար արտօնել նման ընթացք:

Հիմա ժամանակը չէ պատահած ծանր ձախողութիւններուն համար յանցաւորներ փնտռելու կամ  պատասխանատուներ այպանելու:

Ձախողութիւններ, որոնք տասնամեակներու վրայ երկարող թերացումներու արդիւնք են:

Մենք ներկայիս ազգովին ճգնաժամի մը դէմ յանդիման կը գտնուինք եւ կը դիմագրաւենք անկայուն քաղաքական իրադրութիւն մը:

Անհրաժեշտ են արտակարգ միջոցառումներ, ուղղակի գործնական քայլերով եւ համապատասխան
նախաձեռնութիւններով:

Ճգնաժամի այս պահուն, մեր կազմաւորուող ժողովրդավարութիւնը, պէտք է ցուցաբերէ արտակարգ կամք եւ ամրութիւն:

Այս պահուն գերագոյն կարեւորութիւն կը ներկայացնէ մեր ժողովուրդի միասնականութեան ապահովումը:

Նոր առճակատումներ եւ կամ բռնութիւններ արտօնելի չեն:

Մենք կը հաւատանք, թէ անցումային կառավարութիւն մը պէտք է կազմուի, որուն պէտք է մասնակցին իրենց
մասնագիտութեամբ եւ փորձառութեամբ ծանօթ անձնաւորութիւններ, որոնք առնչուած չեն ներկայ կամ անցեալ կառավարութիւններուն հետ:

Անոնց կողքին Հայաստանէն թէ սփիւռքէն կարող եւ յարգուած փորձագէտներ, պէտք է իրենց աջակցութիւնը բերեն, երկրի զարգացումին համար կարեւոր մարզերէն ներս արագ յառաջընթաց ապահովելու համար:

Մենք կոչ կ'ուղղենք Հ.Հ. Վարչապետին, յանուն հայ ժողովուրդի եւ իւրաքանչիւր հայու, բարի կամեցողութիւն ցուցաբերել եւ զիջիլ վարչապետի իր պաշտօնը, կարելի դարձնելով նման նոր եւ ժամանակաւոր կառավարութեան մը կազմութիւնը։

Մեր ձանկութիւնն է որ ապահովուի անկախ եւ օրինակարգ մարմնի մը կողմէ ժամանակաւոր առաջնորդութեան ստանձնումը` մինչեւ որ կարելի դառնայ արդար եւ ժողովրդավարական ընտրութիւններու կազմակերպումը։

Այս մարմինը, ունենալով մեր դիմագրաւած իրողութեանց ըմբռնումը, պէտք է աշխատի անաչառութեան ոգիով եւ երկիրը դուրս բերէ մեզ պատուհասած այս պատմական ճգնաժամէն։

Ինչպէս բոլոր ժողովրդավարութիւններու պարագային, ասիկա խաղաղ անցում մը պէտք է ըլլայ, պահպանելով օրինաւորութիւնը եւ սահմանադրական ընթացակարգերը, ապահովելով ժողովրդավարութեան ամենաբարձր չափանիշերը եւ քաղաքացիներու հիմնարար իրաւունքներուն նկատմամբ յարգանքը։

Մենք կոչ կ՛ուղղենք Ազգային Ժողովին, աջակցելու անցումային այս կառավարութեան։

Այս գործընթացը պէտք է ընդգրկէ նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը, որուն առաջնորդութիւնը մեր ժողովուրդին համար միշտ եղած է յոյսի փարոս անցեալ աւելի քան 1700 տարիներու
մարտահրաւէրներով լի մեր քրիստոնեայ պատմութեան ընթացքին։

1906ին, իր հիմնադրութենէն ի վեր, որպէս բոլոր դժուարին պահերու մեր ժողովուրդին ուղեկից կազմակերպութիւն, որ կանգնած է մեր ազգին կողքին թէ՛ Օսմանեան, թէ՛ խորհրդային իշխանութեան տարիներուն, նաեւ անկախութեան շրջանին, մենք այսու կը վերահաստատենք Հայաստանի պայծառ ապագան ապահովելու, աւերուած մեր Արցախը վերակառուցելու մեր յանձնառութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ եւ ամբողջ աշխարհի տարածքին մեր ժողովուրդի մարդասիրական եւ ընկերային կարիքներուն հասնելու մեր առաքելութիւնը:

Յառաջիկայ շաբաթներուն մեր համընդհանուր համայնքներու առաջնորդներուն մասնակ3ցութեամբ, պիտի համախմբուինք, որպէսզի միասնականօրեն մշակենք պատերազմի հետեւանքները յաղթահարելու համապարփակ ռազմավարութիւն եւ արագօրէն վերադառնանք պետականաշինութեան եւ զարգացման մեր գործընթացին։

Մենք կ՛աղօթենք մեր ազգի իմաստնութեան, մեր վէրքերու շուտափոյթ ամոքումին եւ այս քաղաքական ճգնաժամի արագ յաղթահարումին համար։

Մենք նաեւ կը խոնարհինք մարտի դաշտին վրայ անմահացած մեր հերոսներու յիշատակին առջեւ եւ շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթենք վիրաւորներուն:

Անոնց խիզախութիւնը եւ զոհողութիւնը անջնջելի հետք թողուցին մեր սիրտերուն մէջ, որ պիտի ուղեկցի մեզ մեր բոլոր կեանքի ընթացքին։

Մենք նաեւ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի բոլոր գաղութներուն մէջ ապրող իւրաքանչիւր հայու կոչ կ՛ուղղենք մնալ յանձնառու, զօրաւոր եւ միասնական, որպէսզի դիմագրաւենք այս դժուարին ժամանակները եւ միասին կերտենք մեր փայլուն ապագան, որուն արժանի է հայութիւնը:

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (Հ.Բ.Ը.Մ.) աշխարհի մեծագոյն ոչ-շահամէտ հայկական կազմակերպութիւնն է, նուիրուած հայեցի ինքնութեան եւ ժառանգութեան պահպանումին եւ մշակումին՝ կրթական, մշակութային եւ մարդասիրական ծրագիրներով:

Միութեան գործունէութիւնները բարերար ազդեցութիւն կը բերեն տարեկան 500,000-է աւելի անձերու կեանքերէն ներս, Հայաստանի ու Արցախի մէջ եւ Սփիւռքի տարածքին:

Իր հիմնադրութենէն ի վեր, Հ.Բ.Ը.Մ.ը հաւատարիմ մնացած է համայն հայութեան բարօրութեան ապահովումին ուղղուած իր գլխաւոր առաքելութեան:

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ այցելեցէք www.agbu.org կայքէջը

Más leídas