SECCIONES
ARMENIA
LOCALES
DIÁSPORA
UGAB
INSTITUCIONES
EMPRENDIMIENTOS Y PYMES
OPINION
AGENDA
SOCIALES
Temp.: -
Hum.: -
Jueves 28 de Marzo - Buenos Aires - Argentina
PREMIO MEJOR MEDIO DE PRENSA PUBLICADO EN LENGUA EXTRANJERA - MINISTERIO DE LA DIASPORA DE ARMENIA 2015
UGAB - Հ.Բ.Ը.Մ.ի Յայտարարութիւնը
Արցախի Վրայ Ազրպէյճանին Գերիշխանութիւն Տուող Համաձայնութեան Վերաբերեա
26 de Mayo de 2023

Երէկ, Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութիւնը հանդիպեցաւ Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ նախագահներուն հետ, յառաջ մղելու համար շրջանային խաղաղութեան ուղղուած համաձայնութեան մը գործընթացը:   Մէջբերելով «Արցախի քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը եւ իրաւունքներու ապահովումը կարելի դարձնելու» իր տրամաբանութիւնը, Հայաստանի ղեկավարութիւնը կը նշէ, թէ նպատակ ունի պաշտօնապէս համաձայնելու, որ Ազրպէյճանը գերիշխանութիւն ունենայ Արցախի ժողովուրդին վրայ:

Հ.Բ.Ը.Մ.ը, Հայաշխարհի տարածքին, հայութեան հետ միասին, կը մերժէ այս տրամաբանութեան վաւերականութիւնը: Մինչ բոլոր հայերը կը փափաքին որ Հայաստան եւ տարածաշրջանը խաղաղ ըլլան, մենք խորապէս մտահոգ ենք այն հաւանականութեամբ, որ Հայաստանը կրնայ, համաձայնագրով, Արցախի ժողովուրդին ճակատագիրը յայնձնել թշնամիի մը, որ ոչ մէկ սահման կը ճանչնայ իր զոյգ նպատակներուն հասնելու համար, որ է վերացնել հայութիւնը Արցախէն եւ տարածաշրջանին վրայ տարածել իր տիրապետութիւնը, ի վերջոյ վտանգելով նոյնինքն Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը:  Յատկապէս մտահոգիչ է Ազրպէյճանի այն հաստատումը, թէ ոչ-մէկ երկրի, ներառեալ Հայաստանին, պիտի արտօնուի արգելք հանդիսանալ Արցախի ժողովուրդին նկատմամբ իր նպատակներու իրագործումին, ինչ որ ազդանշան մըն է, թէ ան պիտի շարունակէ շրջափակումներ, մարդասիրական ահաբեկչութիւն եւ մշակութային ցեղասպանութիւն գործադրել Արցախի մէջ:

Հ.Բ.Ը.Մ.ի Նախագահ Պերճ Սեդրակեան կը մատնանշէ, թէ «Հակամարտութեան անցնող 30 տարիներու պատմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ Ազրպէյճանը ոչ մէկ ատեն պարկեշտ բանակցող մը եղած է:  Ան ոչ մէկ ատեն յարգած է Արցախի ժողովուրդին վերաբերեալ որեւէ միջազգային դաշնագիր, խորհրդաժողով, համաձայնութիւն կամ օրէնք:  Այդ կը փաստեն Իլհամ Ալիէւի կողմէ յամառօրէն շարունակուող հակահայ հռետորաբանութիւնը, զինեալ յարձակումները հայ քաղաքացիական ազգաբնակչութեան վրայ եւ Արցախի մէջ հազարաւոր հայերու տնտեսական անգութ շրջափակման ենթարկումը:  Մենք գիտենք թէ այս փաստաթուղթի ստորագրումը, համազօր է Ազրպէյճանին իրաւասութիւն տալու, որ ան անկաշկանդ եւ անպատիժ կերպով շարունակէ Արցախէն արմատախիլ ընել հայութիւնը»:

30 տարիներ շարունակ, Արցախի ժողովուրդը փորձած է իր գործ դնել ինքնորոշման իր իրաւունքը, որ սահմանուած է Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Կանոնագրի երկրորդ յօդուածով եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսկի Խումբի սկզբունքներով: Ինքնորոշման իրաւունքը միակ ընդունելի գործընթացն է եւ միջազգային հանրութիւնը պէտք է ի վերջոյ պատասխանատուութիւն ստանձնէ իրականացնելու համար այդ:

Առ այդ, Հ.Բ.Ը.Մ.ը կոչ կ'ուղղէ բոլոր միջազգային մարմիններուն, որպէսզի անոնք աջակցին Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին:  Այլապէս, Արցախի հայութիւնը պիտի ենթարկուի համայնքային զտման, Ազրպէյճանի կողմէ, որ հետեւողականօրէն եւ անտարբերութեամբ կը մերժէ գործադրել համաձայնութեան իր պարտաւորութիւնները:

 

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միությունը (ՀԲԸՄ) սփյուռքի հնագույն, համաժողովրդական և համահայկական կազմակերպությունն է: Հիմնված լինելով 1906 թվականին՝ ՀԲԸՄ-ի գլխամասային գրասենյակը գտնվում է Նյու Յորքում: ՀԲԸՄ-ը կրթական, մշակութային և մարդասիրական ծրագրերի միջոցով պահպանում և զարգացնում է հայկական ինքնությունն ու ժառանգությունը՝ յուրաքանչյուր տարի ազդեցություն ունենալով աշխարհով մեկ սփռված շուրջ 500,000 հայերի կյանքի վրա:
ՀԲԸՄ-ի և իր աշխարհասփյուռ ծրագրերի մասին հավելյալ տեղեկություն ստանալու համար կարող եք այցելել www.agbu.org:

Más leídas