SECCIONES
ARMENIA
LOCALES
DIÁSPORA
UGAB
INSTITUCIONES
EMPRENDIMIENTOS Y PYMES
OPINION
AGENDA
SOCIALES
Temp.: -
Hum.: -
Sábado 27 de Abril - Buenos Aires - Argentina
PREMIO MEJOR MEDIO DE PRENSA PUBLICADO EN LENGUA EXTRANJERA - MINISTERIO DE LA DIASPORA DE ARMENIA 2015
UGAB - Տիկին Անիթա Անսրեան
Պրազիլ Ուրուկուայ Գորտոպա ՀԲԸՄ
12 de Abril de 2023

 ՀԲԸՄիութեան Ծրագիրներու եւ Մասնաճիւղերու Յարաբերութեանց պատասխանատու Տիկին Անիթա Անսրեան եւ ամուսինը Տիար Ժագ Անսրեան այցելեցին Հաւաւ Ամերիկայի Սան Փաւլոյ Պրազիլ, Մօնթէվիտէօ Ուրուկուայ, Գորտոպա Արժանթինի մասնաճիւղերը:

Պրազիլ

Պրազիլիոյ ՀԲԸՄիութեան մասնաճիւղը առաջին անգամ ըլլալով հիւրնկալեց Տիկին Անիթա Անսրեանը միութեան կեդրոնի Ծրագիրներու  Եւ մասնաճիւղերու յառաբերութենաց տարիներու տնօրէն որուն կընկերանար ամուսինը Տիար Ժագ Անսրեան:san pablo anta1Մարտի 12 էն 15, Տիկին Անսրեան հանդիպումներ ունեցաւ մասնաճիւղի վարչութեան անդամներով ու նախգին ատենապետներով, այցելեց մասնաճիւղի համալիրը իր տարբեր մասնիկներով միշտ Ատենապետ Ռաֆայէլ Պալուքեանի ու կարգ մը վարչականներու հետ: Նոյնատեն, այցելեց Հայ Առաքելական Սուրբ Գեւորգ Եկեղեցին ու Առաջնորդարանը ուր հանդիպեցաւ Առաջնորդ Տէր Նարեկ Եպիսկոպոս Պերպերեանի հետ:san pablo anita srpazanԸնդունելութեան ընթացքին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը խօսեցաւ ներկայ ու յառաջիկայ ծրագրերուն մասին ինչպէս նաեւ ՀԲԸՄիութեան տեղական մասնաճիւղի օժանդակութիւնը տարբեր մարզերու մէջ: Առաջնորդ Սրբազան Հօր հետ միասին Տիկին Անսրեանը ամուսնոյն եւ ՀԲԸՄիութեան վարչակսն անդամներով այցելեցին Ազգային Դուրեան Վարժարանը ու Կրէկօրիօ Մավեան Մանկապարտէզը ուր աշակերտներով խօսեցան:

 Ուրուկուայ, Մօնթէվիտէօ

 Շաբաթ Մարտ 18ի, Տիկին Անիթա Անսրեանը, ՀԲԸՄիութեան Կեդրոնի ծրագիրներու եւ մասնաճիւղերու հետ յառաբերութեանց տարիներու տնօրէն, իր ամուսնոյն Տիար Ժագ Անսրեանի հետ միասնաբար ժամանեցին Մօնթէվիտէօ ուր իրենց հիւրնկալեցին մասնաճիւղի անդամներեն Տեարք խոսէ Կէուզուքարայեան, Ակեխանտրօ Դանիէլեան, Արի Շամլեան, Ռոպերթ Մոմճեան, Խավիէր Փոլատեան, Կուսդավօ Զուլամեան, Ռիքարտօ Նաճարեան եւ Բէնիամին Քեմանեան:

Anita montevideo3   Anita montevideo2

anita montevideo1Հասած վայրկեանէն իսկ Տիկին Անսրեա մասնակցեցաւ տարբեր գործունէութեանց որ տեղի կունենային մասնաճիւղի կեդրոնը, հրաւիրուած անդամներ ու բարեկամներ ընդունեց, ճանչցաւ երիտասարդաց վարչութեան նոր կազմը որոնք ճիշտ այդ օրը պատրաստած էին Նուպարեան Վարժարանի շրջանաւարտներու չորս սերունդներու հանդիպումը:

Ետքը, մասնակցեցաւ սքաութական գործունէութեան։


 A1 դեպի B2 երկրորդ լեզուներու համար եւրոպական ձեւի համեմատ եւ ունի ANEPի առտօնութիւնը: Վերջապէս, ստուքեցին 11է աւելի երկողմանի ծրագիրներու մասին;

 Անոնք կընդքրկեն գաղութի համար գործնական ծրագրեր, խօսակցութեան դասեր, կառավարական վարժարաններու մէջ ծրագրեր, դասատուներու փոխանակութիւններ թէքնիքական մարզի մէջ, գրական ապացոյցեր, պատրաստութիւն որպէսզի նկատուի Հայերէն լեզուի մակարդակը: Ամէնը միասի տեղական թէ 
 միջազգային, ծրագրերը գնհատեցին դրակա կերպով, իրենց աննախնդաց գործակցութեան կապակցութեան:

Շարունակելով, այցելեցին վարժարանի եւ մասնաճիւղի կալուածները որոնք վերջերս նորոգութեան ենթարկուած էին:

Երեկոյեան մեր հիւրերը կրցան Կռունկ երգչախումբի փորձին մասնակցեցան որու վարիչն է Ալվարօ Յակոբեան
 որ սկսաւ ներկայացումներու պատրաստութեան նկատիբունենալով թէ երգչախումբը իր հիմնադրութեան 30րդ ամեակը կը բոլորէ այս տարի:

Երեքշաբթի ամսուն 21ին մեր հիւրերը մեկնեցան դէպի Պուէնոս Այրէս իրենց անմոռանալի յիշատակը ձգելով Մօնթէվիտէօ, Հարաւային Ամերիկայի մասնաճիւղերու այցելութեան ընթացքին:

Միքանի օր Պուէնոս Այրէս այցելելէն ետք Տիկին Անիթա Անսրեան ժամանեց Գորտոպա Մարտ 24ին:

Գորտոպա

Տիկին Անիթա Անսրեան , ՀԲԸՄիութեան Կրթական ու Մշակութային ծրագրերու տնօրէն եւ 35 տարուայ ընթացքին ընդհանուր քարտուղար ՀԲԸՄիութեան Կեդրռնական Վարչութեան, եւ ՀԲԸՄիութեան համայն մասնաճիւղերուն հետ կապ, որ ամուսնոյն Տիար Ժագ Անսրեանի հետ ժամանեց եւ ընդունուեցաւ մասնաճիւղիս վարչականներու կողմէ որոնք պատրաստած էին հարկ մը գործունէութիւններ ուրբաթ, շաբաթ եւ կիրակի օրերուն համար:baile y panԱռաջին հանդիպումը եղաւ խմբային գրկախառնում մը միքանի անդամներով որոնց ձայները կը ճանչնար եւ հասած օրը անձնապէս անչցաւ անոնց:

Նոյն վայրկեանին նշմարեցինք իր սրտի տաքութիւնը եւ ղեկաւարական ձեւը այն կնկան որ ՀԲԸՄիութեան ամենակարեւոր անձերէն մէկն է աշխարհի մէջ:

Առաջին օրը ընդունելութիւններ ունեցաւ տեղական գաղութի անձնաւորութեանց հետ:

Շատ կարեւոր հանդիպումներ եղան որոնց հետ մօտ ապագայի ծրագրեր ուսումնասիրուեցան եւ մասնաւորապէս Երիտասարդ Արհեստաւորներու ծրագիրը:

Շաբաթ օրը նոր հանդիպումներ տեղի ունեցան գաղութի անձնաւորութիւններու հետ ինչպէս նաեւ լրագրողներ եւ մասնաճիւղի վարչութիւնը: ժողովներու ընթացքին խօսեցաւ միութեան նոր նպատակներու մասին որոնք որոմուած են բոլոր մասնաճիւղերու համար:arboles e inauguraciónԿէսօրէ ետքը Անիթա Անսրեանը հասաւ մասնաճիւղի համալիրը ուր բազմաթիւ անդամներ կսպասէին: Ներկայ էին նախգին ատենապետներ Խուան Նուրիխսն, Ռիքարտօ Երեցեան եւ Տոքթ Նիքոլաս Անալեան, Գորտոպայի Գաղութային վարչութեան Ճարտարապետ Լիլիան Պալեան իսկ Տէր Նահապետ Քահանա Կարապետեան:

fotos grupales cordobaԸնդունելութիւնը եղաւ հայկական աւանդական հացով եւ աղով, նոյնատեն հայկական Պարի Արարատ Պարախումբը կը ներկայանար իսկ տեղ տուին վաստակաւոր տուտուկի մասնագետ Գագիկ Գասպարեանի որպէսզի իր տուտուկի ելոյթովբարի գալուստ մաղթեց հիւրերուն:

Գլաուտիա Թորքոմեան, վարչութեան ատենադպիր, խօսք առաւ ու շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրի ներկայութեան եւ ամենուն հրաւիրեց որպէսզի ծափահառեն ու շնորհաւորեն անոր տարիներու ծառայութեան իսկ ներկաներուն ուրախութիւնը յայտնեց որ վերջապէս ներկայ էր այն որ միշտ իրենց հետ կը կապուէր:

Թորգոմեան խօսեցաւ ՀԲԸՄիութեան արժէքներու եւ իտէալներու մասին աշխարհի տարածքին, հարիւրամեայ դերը եւ կարեւորութիւնը մանաւանդ Հայաստանի Հանրապետութեան ու Արցախի համար:

Շարոինակելով, իր պատգամը բերաւ Ատենապետ Արիէլ Վարդանեանը որ անդրադառձաւ Անսրեանի մարդկային ջերմութիւնը եւ անգամ մը եւս արտայայտեց պատրաստակամութիւնը միութեան արժէքները պահելու եւ պահպանելու մասին:

Վերջապէս, խօսք առաւ Տիկին Անիթա Ասրեանը որ շնորհակալութիւն յայտնեց ընտանեկան մթնալորտի համար, շնորհաւորեց երիտասարդական վարչութեան գործի արդիւնքները եւ ապագալի ծրագրերը որը շեշտեց իր այցելութեան ամենալաւ մասն էր:

ՀԲԸՄիութեան Հայաստանի ի նպաստ ծրագրերը ներկայացուց, կեանքերը ալ աւելի նպաստելու արդիւնքները, Կիներու Հզօրացում ըորպէսզի կարենան զարգանալ ու յառաջդիմել: Շատ շեշտեց որբ երեխաներու ծրագիրը որոնց ՀԲԸՄիութիւնը իրենց կընծայէ տարբեր տեղ մը: Այդ ծրագրով կօգնէ Արցախի պատերը րազմի որբերուն: Յետոյ, խօսեցաւ կւներու դերը, իրենց գործը, գաղութներու մէջ մասնակցիլ եւ հզօրացման կարեւորութիւնը ըստ տեղական սովորութիւններու:

Անոր զօրացնենք EmpowerHer, ամէնէն նորագոյն ծրագրերէն մէկն է որ կաշխատի շատ մը կիներու կեանքը փոխելու իջենց տալով պատեհութիւններ որպէսզի հասնին իրենց տնտեսական անկախութեան եւ իրենց մասնակցութիւն բերեն երկրին:

Վերջացնելով իր խօսքը, շատերը մօտեցան շնորհակալութիւն յայտնելու իր այցելութեան համար: Աւարտելեն ետքը այցելեց կեդրոնը իր բոլոր սրահները առաջնորդուած վարչութեան անդամներեն, հիւրերով եւ մասնաճիւղի անդամներով: Սկսաւ պարտէզ երթալով ուր անակնկալ մը կսպասէր իրեն: Անիթան եւ ամուսինը Ժագ հրաւիրուեցան տեղական ծառեր տնկելու որպէս ապագայի նկարագիր եւ նկատի ունենալով աշխարհի առողջ շնչարման: Շարունակեց տարբեր սրահներ ճանչնալ մինչեւ որ հասաւ Պերճ Սեդրակեան մարզարանը ուր բացումը կատարեց նորոքուած հանդերձարաններուն: Կիրակի օրը գաղութի վարչութեան անդամներու հետ միասնաբար ճանչցաւ գաղութի կեդրոնը , Մանուէլ Պելկրանօ վարժարանը եւ գաղութի Սահակ Մեսրոպ Հայերէն լեզուի վարժարանը  Մասնակցեցաւ Սուրբ Պատարաքի Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Գեւորգ Եկեղեցւոյ մէջ:

Ետքը Տէր Նահապետ Քահանա Կարապետեանի հետ տեսնուեցաւ ուր Տէր Հայրը շատ գեղեցիկ բառերվ արտայայտուեցաւ:

Միքանի նախադասութիւններ կը ամբոբէն այցելութիւնը: -

Ամէն ինչ կրնայ ըլլալ: -Յուզիչ է երիտասարդներուն տաղանդը, պէտք է ձգենք որ շարունակեն:

Ամէբ ինչ որ ՀԲԸՄիութեան մէջ կընենք սիրով -Ամենուն պէտք ունինք

ՀԲԸՄիութիւնը ամենակարեւոր հղումներէն մէկն է Հայաստանի բարգաւաճման համար -

Ամէն մէկս Հայաստանի դէսպան մըն է աշխարհի վրայ պէտք է շարունակենք աշխատիլ կարեւորագոյն տեղերը ունենալու:

Շատ կը սիրեմ ՀԲԸՄիութեան մէջ աշխատիլ:

Վերջաբան այս սնուցող ժողովբերու վարչականներով, երիտասարդներով եւ ժողովուրդի հետ հանդիպման մեր կիտցածը աւելի թեթեւցաւ, բայց միշտ լաւ է յիշել եւ մեր հոգիներուն մէջ փորաքրել " ՀԲԸՄիութիւնը կօգնէ որ այս հսկայ աշխարհը մեր ձեռքին մէջ ամփոփուի" եւ " Միութիւնը Զօրութիւն է"

 Շնորհակալ ենք ալնչափը որ ստացանք ձեզմէ այս կարճ ժամանակամիջոցին Անիթա եւ Ժագ Անսրեան


Թարքմանութիւն - Մոնիքա Նալպանտեան

Más leídas