SECCIONES
ARMENIA
LOCALES
DIÁSPORA
UGAB
INSTITUCIONES
EMPRENDIMIENTOS Y PYMES
OPINION
AGENDA
SOCIALES
Temp.: -
Hum.: -
Miércoles 04 de Diciembre - Buenos Aires - Argentina
PREMIO MEJOR MEDIO DE PRENSA PUBLICADO EN LENGUA EXTRANJERA - MINISTERIO DE LA DIASPORA DE ARMENIA 2015
UGAB - ՀԲԸՄ
Շարլ Մալէք Մարդու Իրաւունքներու Լիբանանի Ժառանգութիւնը
23 de Noviembre de 2020

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (ՀԲԸՄ) համագործակցաբար Նօթրը Տամ Տը Լուէյզէ  Համալսարանին  (NDU), Շարլ Մալէք մարդուն, Փրոֆէսէօրին եւ դիւանագէտին յիշատակին նուիրուած առցանց սեմինար մը կազմակերպեց:
Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 4, 2020-ին, առցանց դասախօսութիւն մը կայացաւ ի պատիւ քսաներրորդ դարու  մենակարեւոր փաստաթուղթի՝ Մարդու Իրաւունքներու հրչակագիրի համահեղինակ՝ Հանգ. Դոկտ. Շարլ Մալէքի:
Երկու զրոյցներէ բաղկացած սեմինարը վարեց Պրն. Թօնի Նասրալլան:
Զրոյցը սկսաւ Նօթրը Տամ Տը Լուէյզէ Համալսարանի Նախագահ Փիէռ Նաժըմի եւ ՀԲԸՄիութեան Նախագահ Մեթր Պերճ Սեդրակեանի խօսքերով:
Հայր Նաժըմ ջերմօրէն ողջունեց բանախօսներն ու ներկաները: Ան անդրադարձաւ Շարլ Մալէքի աշխատանքներուն
կարեւորութեան՝ Լիբանանի թէ ամբողջ աշխարհին մէջ: Աւելին, տեղեկացուց թէ Համալսարանը ունի Մալէքի
փաստաթուղթերուն զանգուածային արխիւ մը: Նօթրը Տամ Տը Լուէյզէ Համալսարանը կը հրատարակէ Մալէքի ու Մալէքի վերաբերեալ տարբեր աշխատութիւններ, իր ձգած ժառանգութիւնը տարածելու եւ շարունակելու նպատակով:
Նիւ Եորքէն Մեթր Պերճ Սեդրակեան ողջունեց հանդիսատէսներն ու մասնակիցները: « Գահիրէյի մէջ 1906-ին հիմնուած ՀԲԸՄ-ը, Հայկական ամենամեծ կազմակերպութիւնն է, որուն գործունէութիւնը կ՛ընդգրկէ կրթական,
մշակութային ու մարդասիրական ծրագիրներ, որոնք կ՛իրագործուին աւելի քան 34 երկիրներու մէջ, գլխաւոր Կեդրոն
ունենալով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նիւ Եորք քաղաքը:
Մեթրը ողջունեց հանգ. Դոկտ. Շարլ Մալէքի ժառանգութիւնը, որ կը շարունակուի պահպանուիլ: Ան արծարծեց ներկայիս աշխարհին մէջ եղած իրադարձութիւնները, ըսելով որ աշխարհը ականատես է թէ՛ Լիբանանի եւ թէ՛ աշխարհի մէջ Շարլ Մալէքի քարոզած գաղափարներու եւ արժէքներու դանդաղ, բայց անընդհատ կողմնորոշումներուն:
Մերձաւոր Արեւելքի փոքրամասնութիւններու գոյութիւնն ու ապագան գրաւական վիճակներու մէջ կը գտնուին: Ինչ կը վերաբերի ներկայիս մարդու իրաւունքներու եւ խօսքի ազատութեան հետ կապուած Արցախի դիմաց ծագած
մարտահրաւէրներուն, յատկապէս այսպէս կոչուած քաղաքակիրթ աշխարհը լռած է ցեղասպանութեան երկրորդ սպառնալիքին հանդէպ: Հետեւաբար, աշխարհը, խիստ կարիքն ունի Դոկտ. Մալէքի ցուցադրած սկզբունքներուն եւ արժէքներուն:

Առաջին բաժին: Շարլ Մալէք՝ անձը
Շարլ Մալէքի որդին, պատմագէտ Դոկտ. Հապիպ Շ. Մալէք, տեսանիւթով մը ներկայացուց ու խօսեցաւ Շարլ Մալէքին մասին, որպէս հայր, եւ անոր մշտական ներկայութիւնը իր կեանքին մէջ, հակառակ իր բազմազբաղութեան: Ան պատմեց թէ հայրը ՝ հակառակ որ բացառիկ խելքի տէր անձ մըն էր, մնացած էր հեզ: Հօրը քրիստոնէական հաւատքը մնայուն տպաւորութիւն ձգած էր Դոկտ. Հապիպին վրայ: Ան շեշտեց թէ իր հայրը միշտ կը նախընտրէր գիտութիւնն ու ուսումը քաղաքականութեան վրայ:
Առաջին բանախօսը Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանութեան դպրոցի Նախագահ Դոկտ. Ժորժ Սապրան էր: Դոկտ. Սապրա ներկայացուց Շարլ Մալէքը որպէս ուսուցիչ: Դոկտ. Մալէք Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի
Փիլիսոփայութեան իր Փրոֆէսօրը եղած էր: Ան Դոկտ. Մալէքի մէկ մէջբերումը նշեց: Շարլ Մալէք կը հաւատար որ
ուսուցանելու եւ սորվելու նպատակը ճշմարտութիւնը փնտռելուն մէջն է, եւ ճշմարտութիւնը փնտռելը կը պահանջէ որ մարդ ինքզինք մխրճէ 5000 տարիներու կուտակուած աւանդութեան մէջ: Դոկտ. Մալիք դասաւանդութիւնը համարած է « բոլոր մասնագիտութիւններուն ազնուկանը»:
Դոկտ. Սապրա ապա խօսեցաւ Դոկտ. Մալիքին աշակերտը եղած ըլլալու փորձառութեան մասին եւ ըսաւ թէ ան
կարողութիւնը ունէր լսողին տեսնելու եւ զգալու այն ինչ որ ինք կ՛ըսէր:

Երկրորդ բանախօսն էր Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանութեան դպրոցի Եկեղեցւոյ Պատմութեան դասախօս՝
Վերապատուելի Հապիպ Պատըր: Վեր. Դոկտ. Պատըր խօսեցաւ Շարլ Մալէք խորհրդատուին մասին: Անոնք բազմաթիւ յիշատակներ ունէին, քանի Դոկտ. Մալէք իր մօրաքրոջ ամուսինն էր: « Ան այն անձն էր, որ առաւելագոյնս ազդեց, առաջնորդեց ու ձեւաւորեց իմ հոգեւոր, մշակութային ու մտային ձեւաւորոմը»: Ան շեշտեց նաեւ թէ Աստուածաշունչը շատ կարեւոր դեր ունեցած է Մալէքի կեանքին մէջ՝:

Երկրորդ մասը՝ Շարլ Մալէք Դիւանագէտը
Այս բաժինը սկսաւ Լիբանանի ՀԲԸՄիութեան կողմէ պատրաստուած եւ արտադրուած տեսանիւթով, ուր ցոյց տրուեցան Դոկտ. Մալէքի կրթական ասպարէզի ուղիները, ինչպէս նաեւ իր մեծ նուաճումները: Հարկ է յիշել թէ Դոկտ. Շարլ Մալէք Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) կանոնագրութիւնը ստորագրող ամենաերիտասարդ պատուիրակներէն մէկն էր:
Առաջին բանախօսն էր Վատիկանի Ս. Աթոռին մօտ Լիբանանի Դեսպան Ն.Վ. Պրն. Ֆարիտ Էլ Խազէն: Ան յայտարարեց թէ Դոկտ. Մալէքի հետաքրքրութիւնը քաղաքականութեան եւ դիւանագիտութեան նկատմամբ եղած է ժամանակաւոր, քանի որ փիլիսոփայ-դիւանագէտը կը գերադասէր Մալէք դիւանագէտ-փիլիսոփային: Դեսպան Խազէն շարունակեց.-«Դոկտ. Մալէք ունէր երեք փոխ-կապակցուած ջանքեր՝ պատմութիւնը կերտել, պատմութիւնը գրել եւ պատմութիւնը մեկնաբանել»: Երբ խօսքը կը վերաբերէր միջազգային փոխ-յարաբերութիւննե րուն եւ դիւանագիտական գործառնութեան բնոյթին, Դոկտ. Մալէք նախընտրած էր գաղափարապաշտ տեսութիւնը, առանց
իրապաշտը անտեսելու, որոնք իրականութեան մէջ երկու հակադիր տեսութիւններ են:
Այս սեմինարին վերջին բանախօսը՝ Եէլ Համալսարանի Փրոֆ. Դոկտ. Սամուէլ Մոյնըն էր: Ան անդրադաձաւ Շարլ Մալէքի եւ անհատական մարդու իրաւունքներուն մասին: Դոկտ. Մոյն ըսաւ.-« Դոկտ. Մալէք աւելի շատ ուսումնասիրուեցաւ վերջին 20 տարիներուն ընթացքին, երբ համաշխարհային ակունքները վերանայուեցան: Ան նաեւ նշեց որոշ դիտողութիւններ որոնք գրուած են Դոկտ. Մալէքի մասին՝գիտնականներու կողմէ.

1.- Դոկտ. Մալէքի փիլիսոփայական ծագումը
2.- Մարդու Իրաւունքներու եզակի տեսլականն ու շրջանակը, զոր Դոկտ. Մալէք ընդունեց 1940- ականներուն
3.- Քրիստոնէութիւնն է որ Դոկտ. Մալէքի համար հիմք ստեղծեց Մարդկանց Իրաւունքներուն վերաբերեալ:
Վերջին դիտողութիւնն ու դասը այն է թէ ինչպէս Մարդու Իրաւունքներուն շուրջ մնացած պատմութիւնը դժուարացուց Դոկտ. Մալէքի մտածելակերպը պահպանելու: Հետեւաբար, ան մտածելու եւ հաւատալու իրաւունքը դրաւ Մարդու Իրաւունքներու Կեդրոնին մէջ: Մոյնը շարունակելով ըսաւ թէ այս բոլորը Դոկտ. Շարլ Մալէքը կը դարձնեն իր ժամանակի գործիչն ու անձնաւորութիւնը:
Ապա, քանի մէ վայրկեան տրամադրուեցաւ հարց-պատասխանի:
Պրն. Թոնի Նասրալլան եզրափակելով սեմինարը, շնորհակալութիւն յայտնեց բանախօսներուն, հանդիսատէսներուն եւ բոլոր համագործակիցներուն:

Más leídas