SECCIONES
ARMENIA
LOCALES
DIÁSPORA
UGAB
INSTITUCIONES
EMPRENDIMIENTOS Y PYMES
OPINION
AGENDA
SOCIALES
Temp.: -
Hum.: -
Jueves 28 de Marzo - Buenos Aires - Argentina
PREMIO MEJOR MEDIO DE PRENSA PUBLICADO EN LENGUA EXTRANJERA - MINISTERIO DE LA DIASPORA DE ARMENIA 2015
UGAB - Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն
92-րդ Ընդհանուր Ժողովի Բանաձեւումներ
10 de Octubre de 2022

8 Հոկտեմբեր 2022
Երեւան, Հայաստան

Անցնող երկու տարիներու ծանր եւ դաժան իրադարձութիւններէն ետք, Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներուն դէմ, Սեպտեմբերի 13-ին Ազրպէյճանի կողմէ շղթայազերծուած պատերազմին պատճառով ստեղծուած պայթիւնավտանգ եւ պատմականօրէն վճռորոշ այս հանգրուանին, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան 92-րդ Ընդհանուր Ժողովը կայացաւ Հայաստանի մէջ, Միութեան Երեւան մայրաքաղաքի կեդրոնէն ներս: Ժողովին եւ յարակից աշխատանքներուն մասնակցելու համար աշխարհի տարբեր կողմերէն եկած էին աւելի քան 150 պատգամաւորներ, իսկ հեռավար դրութեամբ, իրենց մասնակցութիւնը բերին Միութեան աշխարհատարած
անդամակցութիւնը, բարեկամներ եւ համակիրներ:

Ժողովը աւարտեց իր հանդիպումները, հաստատելով անդամակցութեան նպատակասեւեռ տրամադրութիւնը, Հայաստանի, Արցախի եւ համայն սփիւռքի հայութեան դիմագրաւած խնդիրներուն եւ հրամայականներուն դիմաց, ամբողջանուէր ծառայութեան ոգիով եւ համընդհանուր ճիգերով, շարունակելու Միութեան աշխատանքները, մարդասիրական օգնութեան, հայապահպանումի, հայ ժողովուրդի բարօրութեան եւ յառաջդիմութեան, Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան ու բարգաւաճումին եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ Մայր Աթոռ Ս.
Էջմիածինի պայծառութեան ի խնդիր:

Ընդհանուր Ժողովը երախտագիտութեամբ կը յիշատակէ Միութեան հիմնադիրները, նախագահները, յանձնաժողովներու եւ վարչութեանց ատենապետները եւ նուիրեալ անդամները, որոնք Հ.Բ.Ը.Միութեան նպատակներուն եւ սկզբունքներուն հանդէպ իրենց հաւատարմութեամբ, ապահովեցին անոր այսօրուան հզօր դիրքը, զայն պսակելով արդարօրէն շահուած բացառիկ վարկով եւ ժողովրդային լայն վստահութեամբ:
Ընդհանուր Ժողովը կ'ողջունէ Հայաստանի Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը, Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ պետական կառոյցները, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ Միութեան մարդասիրական եւ զարգացման ծրագիրներուն նկատմամբ անոնց ցուցաբերած գործակցութեան եւ աջակցութեան, նաեւ Ընդհանուր Ժողովին Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի մասնակցութեան եւ իր խօսքին համար:

Ժողովը իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, Ընդհանուր Ժողովին ուղղուած իր ողջոյնին եւ հայրապետական օրհնութեան համար:

Շնորհակալութիւն կը յայտնէ նաեւ Վեհափառին, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ Ընդհանուր Ժողովին մասնակից պատգամաւորներու հիւրընկալութեան համար:

Ընդհանուր Ժողովը իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Հայաստանի պետութեան ամուր կեցուածքին եւ անխախտ սկզբունքներուն, Հայաստանի ինքնիշխանութեան, տարածքային անձեռնմխելիութեան եւ հայ ժողովուրդի անվտանգութեան վերաբերեալ: Կոչ կ'ուղղէ ըլլալ աչալուրջ եւ շրջահայեաց, որպէսզի սահմաններու եւ շրջանային հաղորդակցութեան ճամբաներու բացման կապուած համաձայնութիւնները չկատարուին այդ սկզբունքներու հաշւոյն, տկար դիրքերէ բանակցութեան պատճառաբանութեամբ:

Ժողովը կոչ կ'ուղղէ համայն հայութեան, հայրենիք եւ Սփիւռք, գործելու միասնաբար, վեր մնալով ներքին հակամարտութիւններէ եւ մրցակցութիւններէ, ի շահ մեր ազգի եւ հայրենիքի ապագային: 

Նաեւ, գիտակից պահի լրջութեան, հաստատակամ եւ միասնական ճիգերով լծուելու ազգի գոյապահպանումի առաքելութեան:

Նոյնպէս կոչ կ'ուղղէ Հայաստանի քաղաքական ուժերուն, կարեւոր եւ որոշիչ այս հանգրուանի սեմին, մէկդի դնել իրենց ներքաղաքական տարակարծութիւնները: Նաեւ հայրենի կառավարութեան, մշակելու եւ գործադրելու համակարգուած եւ հեռանկարային օրինագիծեր, որոնք կը սատարեն դիւանագիտական ձիրքերու մշակման, նաեւ ընկերային եւ տնտեսական ծրագիրներու զարգացման, ուղղուած երկրի հիմնակառոյցներու ամրապնդումին: Այն հաստատ համոզումով, որ մեզի համար կարելի է յաղթահարել այս պահի ծանր մարտահրաւէրները, կառչած մնալով
գոյապահպանումի հազարամեայ մեր անկոտրում բնազդին, ի հիճուկս մեր դեմ ցցուող բոլոր դժուարութիւններուն, որպէս ժառանգորդները մեր ժողովուրդի յաւերժութեան գաղափարին:

Ժողովը իր անխախտ զօրակցութիւնը կը յայտնէ Հայաստանեայց առաքելական Սուրբ եկեղեցիին, որ նոյնպէս կարեւոր դեր ունի Հայաստանի հանրային կեանքին մէջ: Ան կը պահպանէ մեր հոգեւոր ժառանգութիւնը եւ կը բնորոշէ մեր դիմագիծը ազգերու ընտանիքէն ներս:

Ժողովը կ'ողջունէ Հ.Բ.Ը.Միութեան եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի սերտ գործակցութիւնը, բարձր գնահատելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին տարած աշխատանքը եկեղեցաշինութեան, հոգեւոր եւ թեմական կեանքի աշխուժացումին, նաեւ ազգային ժառանգութեան պահպանումին եւ հարստացումին ուղղութեամբ:

Խորապէս կը գնահատէ համախոհութեան եւ միասնականութեան ուղղուած անոր հայրական ճիգերը: Ժողովը կ'ողջունէ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը, ինչպէս նաեւ Երուսաղէմի եւ Պոլսոյ Պատրիարքութիւնները, նաեւ Հայ Կաթողիկէ եւ Աւետարանական եկեղեցիներու հոգեւոր պետերը:

Ժողովը բարձր կը գնահատէ Կեդրոնական Վարչութեան նախաձեռնութեամբ այս ժողովին ընդառաջ իրականացած շրջանային խորհրդաժողովները Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի եւ Հիւսիսային ու Հարաւային Ամերիկայի շրջանակներուն եւ փորձագէտներուն մասնակցութեամբ: Որոնք քննարկեցին Հ.Բ.Ը.Մ.ի առաքելութեան առնչուող եւ իր յետագայ գործընթացը կողմնորոշող ապագայի պատկերացումները՝ աշխարհի տարածքին հայ հաւաքականութիւնները բնորոշող նոր իրականութիւններու, փոխուող գործելաոճերու եւ զարգացող վերաբերումներու լոյսին տակ: Անոնց սեւեռակէտին էին Հայաստանի աշխարհաքաղաքական ներկայ իրականութիւնը եւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի հաւաքական պատասխանատուութեան վերաբերեալ խնդիրները:
Ժողովը կ'ողջունէ ստեղծումը Հ.Բ.Ը.Մ.ի ԱՊՐԻ-Հայաստան Կիրառարարական Քաղաքականութեան Հետազօտման Կեդրոնի նոր ծրագրին, Երեւանի մէջ, որուն գործունէութիւնը ուղղուած է սատարելու շրջանային կայունութեան, կայուն բարգաւաճումի եւ խնդիրներու ճշգրիտ եւ գործնական լուծման:

Նաեւ ծառայելու որպէս ոչ-բեւեռացուած անկախ հարթակ, քաջալերելու համար կառուցողական մօտեցումներ գործնական խնդիրներու շուրջ, գործակցելով Հայաստանի ներուժի իրագործման կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ ծրագիրներու ուղղուած նախաձեռնութիւններուն: Կը մաղթէ, որ ան Միութեան այլ տեսլական ծրագիրներուն կողքին, որպէս հայ ժողովուրդի սեփականութիւնը, յաջողութեամբ յառաջ տանի իր առաքելութիւնը:

Ընդհանուր Ժողովը կ'ողջունէ Միութեան Նախագահ Պերճ Սեդրակեանի նախագահութեան արդիւնաւոր 20-ամեակը եւ անոր աւելի քան 45-ամեայ շարունակուող ծառայութիւնը Կեդրոնական Վարչական Ժողովին մէջ, միշտ իր կողքին եւ իրեն աջակից ունենալով իր ազնիւ տիկինը Վերան:

Գնահատանքով կ'արձանագրէ Միութեան նպատակներուն խոր հասկացողութեամբ եւ անոնց հանդէպ անխախտ հաւատարմութեամբ՝ անոր ցուցաբերած տեսլական, խիզախ եւ ձեռներէց առաջնորդութիւնը հայ կեանքը յուզող իրադարձութիւններու, ժամանակի պահանջներուն հետ քայլ պահող կազմակերպչական նախաձեռնութիւններու եւ արդիւնաւոր գործունէութիւններու եւ փոխ-յարաբերութիւններու մշակման գիծով, որոնք կ'ապահովեն Միութեան կենսունակութիւնը եւ հայ իրականութենէն ներս անոր առաջնորդող դիրքը:

Ժողովը երախտագիտութեամբ կը նշէ անցնող երկու տարիներու համաշխարհային եւ հայրենիքի ծանր եւ դժնդակ պայմաններուն եւ ծայրայեղ կարիքներուն դիմաց, կամաւորներուն եւ պաշտօնէութեան հսկայածաւալ նուիրեալ աշխատանքը, նուիրատուներու եւ բարերարներու լիաբուռն մասնակցութիւնը, համայնքներու եռանդուն զործունէութիւնը եւ միաժամանակ գեղարուեստական եւ կրթական աշխատանքներ իրականացնելու յանձնառութիւնը, որ կը դրսեւորէ Միութեան հանդէպ անոնց հաւատքը եւ վստահութիւնը:

Ժողովը կը շնորհաւորէ Կեդրոնական Վարչական Ժողովի վերընտրուած եւ նորընտիր անդամները, անոնց մաղթելով արդիւնաբեր գործունէութիւն, նաեւ ջերմօրէն կը գնահատէ Վարչական Ժողովի անդամներուն ցուցաբերած նախանձախնդրութիւնը եւ արդիւնաշատ գործունէութիւնը անցնող երկու տարիներուն:

Ժողովը կը գնահատէ Ընդհանուր Ժողովի Դիւանին եւ Յանձնաժողովներուն խղճամիտ աշխատանքը, ինչպէս նաեւ Հ.Բ.Ը.Միութեան 92-րդ Ընդհանուր Ժողովի կազմակերպիչ յանձնախումբը, հայաստանի ներկայացուցչութեան գրասենեակի անձնակազմը եւ սիրայօժար աշխատող անդամները, որոնք իրենց գնահատելի նպաստը բերին ժողովի յաջողութեան:

Հ.Բ.Ը.Միութեան 92-րդ Ընդհանուր Ժողովի
Բանաձեւերու Յանձնախումբ
8 Հոկտեմբեր 2022
Երեւան, Հայաստան

Más leídas