Հարգելի Տիար Ռուբէն Ռուբինյան,
Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան 2026-2031-ի Ծրագիրը, որ փոխանցուած է Ազգային Ժողովին, 20 Օգոստոս 2026-ին, քննարկման եւ վաւերացման համար, իր մէջ կը պարունակէ շարք մը նախաձեռնութիւններ, որոնց մեկնաբանումը, կը գիտակցինք, թէ չի վերաբերիր Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան:
Այն ինչ, որուն նկատմամբ մենք խորապէս մտահոգ ենք, կը վերաբերի Հայ Առաքելական Եկեղեցիին, որ դարեր շարունակ կենդանի պահած է Քրիստոնեայ հաւատքը աշխարհի տարածքին, պահած է հայ ինքնութիւնը եւ պահպանած է աշխարհատարած հայերու միասնականութիւնը: Հայ եկեղեցին միշտ պահպանած է իր անկախ ինքանավարութիւնը, տրուած ըլլալով որ հաւատացեալներու լայն մեծամասնութիւնը կ'ապրի Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն դուրս:
Համաձայն պատմական իրողութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան իսկ սահմանադրութեան եւ օրէնքներուն, նոյնպէս կրօնքի ազատութեան պաշտպանութեան վերաբերեալ միջազգային Կանոնական Օրէնքին, Կառավարութեան Ծրագրին մէջ եկեղեցւոյ վերաբերեալ բաժինները, յատկապէս անոնք որոնք կը վերաբերին Գերագոյն Պատրիարք Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ Եկեղեցւոյ Կանոնագրութեան որդեգրումին, հարցեր են, որոնք չեն կրնար տնօրինուիլ քաղաքական իշխանութեան կողմէ: Դարերէ ի վեր պահպանուած ինքնավարութեան այս սկզբունքը, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ համաշարհային բնոյթին եւ դերին դրսեւորումն է:
Մեր յարգալիր խնդրանքն է, որ Ազգային Ժողովը մերժէ այս խնդրին միջամտելու կառավարութեան առաջարկը, յարգելով Եկեղեցւոյ կառավարութեան վերաբերեալ հաստատուած եւ ժամանակի ընթացքին յարգուած սկզբունքները:
Յարգանօք՝
ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւն