Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը խորապէս մտահոգ է Հայ Եկեղեցւոյ առաջնորդութեան նկատմամբ իրականացուող հալածանքին կապակցութեամբ: Հայաստանի Կառավարութեան կողմէ Գերագոյն Պատրիարք եւ Ամէնայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետին եւ վեց եպիսկոպոսներու նկատմամբ յայտարարուած դատական մեղադրանքը, որ ծագած է թեմական առաջնորդութեան վերաբերեալ եկեղեցական ներքին խնդրէ մը, կրօնական ազատութեան եւ օրէնքի գերակայութեան հանդէպ յարգանքի վերաբերեալ լուրջ հարցադրումներու տեղի կու տայ:
ՀԲԸՄ-ը յարգալիր կոչ կ'ուղղէ յետս կոչելու դատական մեղադրանքը, որ կը հաւատանք թէ օրինականօրէն կամ մեր պատմական աւանդութիւններով հիմնաւորուած չէ: Ինչպէս անցեալին, եթէ առիթ ընծայուի, ՀԲԸՄ-ը պատրաստ է կառուցողական դեր վերցնելու, այս խնդրի կարգաւորումին ուղղութեամբ:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը, իր սահմանադրական եւ ազգային օրէնքներով, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին կը ճանչնայ որպէս Ազգային Եկեղեցի, կ'ընդունի ներքին կառավարման անոր իրաւունքը եւ կը պաշտպանէ կրօնական ազատութիւնը: Հետեւաբար, եպիսկոպոսներու եկեղեցական պաշտօններու արժանաւորութեան վերաբերեալ հարցերը պէտք է լուծուին ըստ եկեղեցական օրէնքի եւ եկեղեցւոյ կողմէ հաստատուած կանոնագրական գործընթացներու:
ՀԲԸՄ-ը կը ճանչնայ եւ կը յարգէ Հայաստանի ժողովրդավարօրէն ընտրուած կառավարութիւնը, անոր հեղինակութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութիւնը եւ օրէնքները: Միաժամանակ, ՀԲԸՄ-ը անխախտ կը մնայ՝ Հայ Եկեղեցւոյ հեղինակութեամբ եւ Եկեղեցական Կանոնագրութեամբ ընտրուած անոր առաջնորդութեան հանդէպ իր յարգանքին մէջ, գիտակից աշխարհի տարածքին հայ ինքնութեան պահպանումին կապակցութամբ Եկեղեցւոյ պատմական շարունակուող դերին: