SECCIONES
ARMENIA
LOCALES
DIÁSPORA
UGAB
INSTITUCIONES
EMPRENDIMIENTOS Y PYMES
OPINION
AGENDA
SOCIALES
EDICIONES
Temp.: -
Hum.: -
Jueves 09 de Abril - Buenos Aires - Argentina
PREMIO MEJOR MEDIO DE PRENSA PUBLICADO EN LENGUA EXTRANJERA - MINISTERIO DE LA DIASPORA DE ARMENIA 2015
UGAB - Քալիֆորնիա
ՀԲԸՄ-ի Նախագահ Սէմ Սիմոնեան
07 de Abril de 2026

ՀԲԸՄ-ի Նախագահ Սէմ Սիմոնեանի Այցը Քալիֆորնիոյ Հայ Համայնքին՝ Շրջանակներուն հետՀաղորդակցական Կապերու Սերտացման Ուղղուած Իր Շրջայցերու Ծիրէն Ներս Լոս Անճէլըսի եւ շրջակայքի, ինչպէս նաեւ Ֆրէզնոյի հայ համայնքներուն համար նախատեսուած այցելութեան յատուկ ծրագիրը, Նախագահ Սէմ Սիմոնեանի կողմէ նախաձեռնուած ծանօթացման եւ հաղորդակցական կապերու սերտացման ուղղուած համընդհանուր իր շրջայցերուն կարեւոր մէկ բաժինը կը կազմէր:

13-15 Մարտ 2026-ին, Նախագահ Սէմ Սիմոնեան եւ իր տիկինը Սիլվան, իրենց ընկերացող պատուիրակութեան հետ միասին, առիթը ունեցան հանդիպումներու եւ ձեռնարկներու շարքով մը մօտէն ծանօթանալու սփիւռքահայ համայնքներու մեծագոյններէն մին հանդիսացող Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Ափի շրջանակին: Նախագահին եւ իր տիկնոջ ընկերացող պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ՀԲԸՄ-ի Պատուոյ Նախագահ Պերճ Սեդրակեան, նաեւ Կեդրոնական Վարչութեան, Հոգաբարձական Խորհուրդի, Ռազմավարական Խորհրդատու Խորհուրդի եւ Կեդրոնական Գրասենեակի կառավարչական կազմի անդամներ:

california sam y sra 2026

Այց Լոս Անճէլըս եւ Շրջակայք
13 Մարտին, ՀԲԸՄ-ի պատուիրակութեան կազմը ջերմ ընդունելութեան արժանացաւ ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան Տէմիրճեան Վարժարանէն ներս, որ նոյն շաբաթավերջին մեծ շուքով կը պատրաստուէր նշելու իր հիմնադրութեան 50-ամեակը:

california chicos en el teatro 2026

Ներկայ էին նաեւ Ս. Պետրոս Հայաստանեայյց Առաքելական Եկեղեցւոյ հովիւ Տէր Շնորհք Աւագ Քահանայ Տէմիրճեան, նախկին տնօրէն Յակոբ Յակոբեան եւ նախկին փոխ-տնօրէն Դոկտ. Էլի Անդրէասեան:

Դպրոցի Նազարեան Մարզահամալիրէն ներս կազմակերպուած հանդիսութեան ընթացքին ելոյթներ ունեցան Նախագահ Սէմ Սիմոնեան, դպրոցի կառավարչական կազմի անդամներ, Աշակերտական Խորհուրդի անդամներ եւ այլ հիւրեր, որոնց շարքին՝ Լոս Անճէլըսի Հայաստանի Հիւպատոս Աննա Աւետիսյան, նաեւ Լոս Անճէլըսի Քաղաքապետարանի Խորհուրդի անդամ Ատրին Նազարեան: Յայտագրին մաս մը կազմէր նաեւ պարային համոյթ մը աշակերութեան կատարումով: Ապա դպրոցի տնօրէնութեան առաջնորդութեամբ հիւրերը այցելեցին դպրոցի տարբեր բաժինները, որոնց շարքին նաեւ դպրոցի հանդիպակաց կողմը գտնուող նոր գնուած հողատարածքը, որ յատկանշական ձեռքբերում մըն էր վարժարանի ընդարձակուող համալիրին եւ անոր շարունակուող վերելքին ի նպաստ: Արտեմիս Նազարեան նախամանկապարտէզի բաժնին մէջ հիւրերը հաճելի հանդիպում մը ունեցան դպրոցի ամէնակրտսեր մանուկներուն հետ, վայելելով անոնց ելոյթը:

california grupal 2026

Այցելուներուն համար տպաւորիչ էր նորակառոյց Գործակցական Ուսման Կեդրոնը զորս ներկայացուցին Աշակերտական Խորհուրդի Անդամները, ցուցաբերելով իրենց առաջնորդական ձիրքերը: Ուսումնական Ծրագրի եւ Ուսուցման եւ Նորարարութեան Տնօրէն Դոկտ. Նաթալի Պէրպէրեան ընդհանուր պատկերացում մը տուաւ դպրոցի գրադարանին մասին, իսկ դպրոցի հոգաբարձութեան եւ ՀԲԸՄ-ի Ամերիկայի Արեւմտեան Ափի Շրջանակային Վարչութեան Ատենապետ Գէորգ Զօրեան, ներկայացուց Նորարար Գիտաշխատանոցը, որուն կրկնօրինակը կը գործէր նաեւ ՀԲԸՄ-ի Փասատինայի Կեդրոնէն ներս: Ի վերջոյ հիւրերը հիւրասիրուեցան դպրոցի ծնողական խորհուրդի կամաւոր մայրերու աշխոյժ յանձնախումբին կողմէ, Նազարեան Մարզահամալիրի գաւիթին մէջ:


Նոյն օրը երեկոյեան, մասնաճիւղի, յանձնախումբերու եւ Երիտասարդ Արհեստավարժներու ղեկավարներ, Լոս Անճէլըսի եւ շրջակայ շրջաններէն, համախմբուած էին ՀԲԸՄ-ի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան Մշակութային Կեդրոնէն ներս, մտերմիկ հանդիպումի մը եւ կլոր սեղանի շուրջ զրոյցի մը համար: Արեւմտեան Ափի Ատենապետ Գէորգ Զօրեանի եւ Վարիչ Տնօրէն Գոհար Սթամպոլյանի կողմէ համադրուած այս զրոյցի ընթացքին, շրջանի ղեկավարութիւնը առիթը ունեցաւ զեկուցելու գլխաւոր նախաձեռնութիւններու մասին, ներկայացնելով նաեւ իրականացուող բազմաթիւ յայտագիրները եւ գործունէութիւնները:

California grupal grande 2026

Այս առիթով, մշակութային կեդրոնը վերածուած էր ընդունելութեան շքեղ տարածքի մը, երաժշտական կատարողութեամբ եւ ՀԲԸՄ-ի 120-ամեակի կարկանդակով, որ խորհրդանշական յաւելեալ իմաստ մը կու տար Մանուկեան Տէմիրճեան Վարժարանի 50-ամեայ հանգրուանին, ընդգծելով թէ անիկա մաս կը կազմէր հայ ժողովուրդին նուիրուած կազմակերպչական աւելի ծաւալուն յանձնառութեան մը:


Շաբաթավերջի գագաթնակէտը անշուշտ Մարտ 14-ի շքահանդէսն էր, նուիրուծ ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան Տէմիրճեան Վարժարանի 50-ամեակին: Իր փայլքով արտակարգ յոբելինական այս հաւաքոյթը, որուն ներկայ էին տեղական համայնքէն եւ աշխարհի տարբեր կողմերէն ժամանած մօտ 900 դպրոցի հաւատաւորներ եւ հիւրեր, ոչ միայն կը նշէր բարձրորակ կրթութեան այս օճախին տասնամեակներու վրայ երկարող յաջողութիւնները եւ դրոշմը, այլեւ առիթ կը հանդիսանար նուիրահաւաքի, գոյացնելով 4 միլիոն ամերիկեան տոլարի գումար մը ի նպաստ դպրոցի ապագայ ծրագիրներւն:


Դպրոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Գէորգ Զօրեան եւ տնօրէն Դաւիթ Ղուկասեան, շնորհակալական խօսքերով ելոյթ ունեցան եւ պարգեւատրեցին տասնամեակներ շարունակ դպրոցի վերելքին ծառայած նուիրեալներ:
Իր խօսքին մէջ Նախագահ Սէմ Սիմոնեան շեշտեց կէս դարու հանգրունային այս նշումին խոր իմաստը: «Յիսուն տարիները կրթական կառոյցի մը կեանքին մէջ պարզ հանգրուան մը չէ որ կը ներկայացնեն: Անոնք հաստատում մը կը հանդիսանան:


Դպրոցներ իրենց յիսնամեակին չեն հասնիր իրենց ֆիզիքական կառոյցներով եւ նիւթական հիմնադրամներով միայն: Անոնք կ'աճին ու կը բարգաւաճին անձերու միջոցաւ: Ուսուցիչներ՝ որոնք նուիրուած են իրենց աշակերտներու կրթութեան, ծնողներ՝ որոնք կը զոհաբերեն ապահովելու համար իրեց զաւակներու յաջողութիւնը կեանքի մէջ, պատասխանատուներ եւ հաւատաւորներ՝ որոնք ժամանակ եւ ճիգ կը ներդնեն հաստատութեան յառաջընթացին համար»:

ՀԲԸՄ-ի Պատուոյ Նախագահ Պերճ Սեդրակեան, մեծարանքի յատուկ ելոյթով մը գնահատեց Սինան Սինանեանը: Սինանեան, ՀԲԸՄ-ի նախկին Փոխ-Նախագահ, ներկայիս Հոգաբարձուներու Խորհուրդի անդամ, կեդրոնական դեր կատարած է դպրոցի աճումին եւ զարգացման մէջ: Ան երկար տարիներ շարունակաբար եղած է ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան Տէմիրճեան Վարժարանի հոգատարը, բարերարը, հովանաւորը եւ անոր հոգաբարձական կազմի ատենապետը: Պատուոյ Նախագահը Սինան Սինանեանը պարգեւատրեց Միութեան Պօղոս Նուպար բարձրագոյն շքանշանով, որ կը շնորհուի այն անձերուն, որոնք գերազանց ներդրում եւ ծառայութիւն մատուցած են ազգին եւ համայնքին:

California Sinan Recibe Boghos Nubar 2026

Առ ի գնահատանք Միութեան նկատմամբ իր անխախտ նուիրումին եւ Մանուկեան Տէմիրճեան Վարժարանին վրայ ձգած իր մնայուն դրոշմին, Արեւմտեան Ափ թէ անկէ անդին, ՀԲԸՄ-ի ղեկավարութիւնը իրենց կողմէ դպրոցին կատարուած առատաձեռն նուիրատուութեամբ պատուեց Սինան Սինանեանը՝ նաեւ որոշում կայացուց իր եւ իր տիկնոջ Անժէլին անունով կոչելու Սինանեան Մատուռի եւ Գործակցական Ուսման Կեդրոնի շրջակայ հրապարակը: Այց Ֆրէզնօ Մարտ 15-ին, պատուիրակութիւնը աւելի սեղմ կազմով մեկնեցաւ Հիւսիս, դէպի Կեդրոնական Յովիտ, ուր անոնք  հանդիպեցան ՀԲԸՄ,ի Ֆրէզնոյի եւ շրջակայքի 1910-էն ի վեր գործող մասնաճիւղի վարչական անդամներուն եւ տեղւոյն համայնքին, ծանօթանալու համար անոնց գործունէութեան, նաեւ միասնաբար ծրագրելու յետագայ կարելիութիւններ եւ համընդհանուր համագործակցական նախաձեռնութիւններ: Ապա անոնք այցելեցին ՀԲԸՄ-ի Ֆրէզնոյի կեդրոնը եւ շրջանի հայկական կառոյցները: Այս այցով իր տրամաբանական լրումին հասաւ Արեւմտեան Ափի աշխոյժ եւ գործունեայ շրջանակին կատարուած պատուիրակութեան արդիւնաւոր այցելութիւնը: Այս այցելութեան անդրադառնալով, Նախագահ Սէմ Սիմոնեան նշեց՝ «Արեւմտեան Ափի տարածքին մենք ականատես եղանք գործուն, խորապէս յանձնառու եւ ապագային հարող հաւաքականութեան մը իրականութեան: ՀԲԸՄ-ի 120-ամեայ ոգիով եւ միասնականութեամբ, մենք ինքնավստահութեամբ կը դիմագրաւենք ապագան, նոր իրագործումներու ակնկալութեամբ»:

Californa directivos 7

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (ՀԲԸՄ) աշխարհի մեծագոյն ոչ-շահամէտ հայկական կազմակերպութիւնն է, նուիրուած հայ կեանքերու բարելաւումին՝ կրթական, մշակութային, հասարակական-տնտեսական եւ մարդասիրական ծրագիրներով: Միութեան գործունէութիւնները իրենց բարերար ազդեցութիւնը կը բերեն տարեկան 500,000-է աւելի անձերու կեանքերէն ներս,  Հայաստանի մէջ եւ Սփիւռքի տարածքին: Իր հիմնադրութենէն ի վեր, ՀԲԸՄ-ը հաւատարիմ մնացած է համայն հայութեան բարօրութեան ապահովումին ուղղուած իր գլխաւոր առաքելութեան:  

 Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ այցելեցէք  www.agbu.org կայքէջը:

 

Más leídas