SECCIONES
ARMENIA
LOCALES
DIÁSPORA
UGAB
INSTITUCIONES
EMPRENDIMIENTOS Y PYMES
OPINION
AGENDA
SOCIALES
EDICIONES
Temp.: -
Hum.: -
Viernes 17 de Abril - Buenos Aires - Argentina
PREMIO MEJOR MEDIO DE PRENSA PUBLICADO EN LENGUA EXTRANJERA - MINISTERIO DE LA DIASPORA DE ARMENIA 2015
Sociales - Պարոյր Յ. Աղպաշեան
Սրտագին Արձագանգի Հետքերով
08 de Abril de 2026

ՕՀԱՆԸ ՄԵԿՆԵՑԱՒ, ԲԱՅՑ, ԻՐ ԱՒԱՆԴՆ ՈՒ ՎԱՍՏԱԿԸ ԿԸ ՄՆԱՆ (ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

1964-65 տարեշրջան, Երեւան-Հայաստան։

Մեծ թիւով սփիւռքահայ ուսանողներ, տարբեր գաղութներէն, ժամանած են Երեւան, իւրաքանչիւրը իր նախընտրած կամ նախասիրած մասնագիտութեան գծով, համալսարանական բարձրագոյն ուսում ստանալու։

Երեւանի Պետական Համալսարանը, իմ մեկնակէտս էր, բանասիրական-հայագիտական ճիւղէն վկայուելու, իբրեւ հայոց լեզուի, հայ գրականութեան ու հայոց պատմութեան եւ յարակից այլ նիւթերու մասնագէտ։

Առաջին անգամ հոն հանդիպեցայ ու ծանօթացայ Օհանին, որ Հալէպ-Պէյրութէն ինքն ալ եկած էր հայրենիք, նոյն ճիւղին հետեւելու, մէկ կուրս ինձմէ աւելի բարձր կարգավիճակով։

Ոչ միայն այսքանով կը սկսէր մեր համակուրսական-համալսարանական գոյերթը, այլ՝ աւելի սեղմ ու մտերիմ համակեցութեամբ անիկա ընթացք կ’առնէր մեր ուսումնական ասպարէզին մէջ մեզի դարձնելով անմիջական ընկերներ ու բարեկամներ, մանաւանդ որ՝ նոյն հանրակացարանի «բնակիչ»ներ էինք, մեր արտաուսմնեան կեանքը եւս վայելելով, նախ՝ մնայուն կարօտով յիշելով մեր ծննդավայրերը ու ծնողները, բայց, գործնապէս ու հոգեպէս ապրելով մեր այնքան երազած ու պաշտած մայր-հայրենիքը։

Յետայնու, մեր աշխարհիկ եւ ընկերային յարաբերութիւնները եւ գործակցութիւնները, մեր դասախօսական յաճախումներուն եւ աշխատանքներուն զուգահեռ, դարձան մնայուն հանգրուաններու խօսեցնող, արտայայտող եւ ամրապնդող փայլուն օղակներ։

Օհանը, իր պատանեկան եւ երիտասարդական տարիներուն, իր ձայնային ունակութիւններով ու կարողութիւններով ճանչցուած էր ու փորձառութիւն շահած նաեւ Հայաստանի մէջ, իր համերգային շնորհներն ու կատարողութիւնները աւելի ուռճացնելով ու զարգացնելով, ազգագրական, աշուղական, հայրենասիրական ու ճազային ելոյթներով, շուտով գրաւելով լայն ուշադրութիւն, հայրենի արուեստագէտ եւ արուեստասէր շրջանակներու մէջ դառնալով ծանօթ եւ երեւելի մեներգիչ մը։

Այն ժամանակ, հայրենի խումբ մը երիտասարդներ, որոնք կազմած էին նուագախումբ մը՝ «Սերփանթինա» անունով, լսելով Օհանին երգարուեստի յաջող ելոյթները, անմիջապէս զինք հրաւիրեցին մաս կազմելու իրենց անձնակազմին, որպէս առաջնակարգ մեներգիչ։

Իսկ այս նախաձեռնութիւնը, անոր առջեւ բացաւ նոր ու բեղմնաւոր դաշտ մը հայրենի պատկան գեղարուեստական համակարգին մէջ, ընդ որուն, տուեալ խումբը, երբ հիւրախաղերու կը մեկնէր այլ հանրապետութիւններ (օրինակ՝ Պալթեան), Օհանը եւս մաս կը կազմէր անոնց, իր ուրոյն եւ ուշագրաւ երգեցողութիւններով արժանանալով համապատասխան գնահատականներու։

Յետ շրջանաւարտութեան, երբ Պէյրութ վերադարձանք, Օհանին համակ կեանքը եղաւ նուիրում ու ծառայութիւն, խոնարհում ու կառչածութիւն, ազգային-գաղափարական, միութենական-լրագրական, արուեստային-կրթական բնագաւառներուն, իւրաքանչիւր կառոյցէ ներս (ՌԱԿ, ԹՄՄ, ՀԲԸՄ, մամուլ), իր մասնակցութիւնը բերելով, որպէս հաւատացեալ, նուիրեալ, աշխոյժ ու գործունեայ հայորդի մը, անխառն գիտակցութեամբ, պատրաստակամ յանձնառութեամբ ու բուխ ջանասիրութեամբ, միշտ լիուլի եւ յարատեւօրէն կատարելով իրեն վստահուած պարտականութիւնները, պատասխանտուի հանգամանքով թէ անդամի անձնուէր ժրաջանութեամբ։

Ազգային կեանքը եւ անոր հետ առընչուող գործունէութիւնները, իրեն համար եղան ու մնացին առաջնային օրակարգեր, որոնց նկատմամբ միշտ ցուցաբերեց բծախնդրութիւն, հաւատարմութիւն, ազնուութիւն ու լաւատեսութիւն, իսկ նոր սերունդին նկատմամբ անոր վերաբերմունքը, արժանի էր գնահատանքի, որովհետեւ համոզուած էր, որ անիկա պիտի ըլլար ապագայի ժառանգորդը ու ջահակիրը, հետեւաբար, անոր նկատմամբ պէտք էր տածել յատուկ դաստիարակութիւն, գուրգուրանք ու զօրակցութիւն, միանգամա՛յն։

Լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի պատճառած անկայունութիւնները եւ անապահովութիւնները, ինչպէս այլոց, խորապէս խռոված էր նաեւ զինք եւ պատահական չէր, որ ան ամենուրէք էր (ՀԲԸՄի դարմանատուն, Թէքէեան Կեդրոն, Պայքար Ակումբ, Անդրանիկ Սեւան Ակումբ, Միութեան վարժարաններ) նախ՝ համախումբ տէր կանգնելու մեր հաստատութիւններուն, ապա՝ օժանդակութիւն ընձեռելու կարիքաւորներուն։

Երկարող ու խորացող կացութիւնը, ստիպուած եղաւ, որ Օհանը գործուղղուի արաբական կարգ մը երկիրներ, սակայն, առանց կտրուելու իր շրջանակներուն նեցուկ կանգնելու բարի տրամադրութիւններէն, բարոյապէս ու նիւթապէս, իր աջակցութիւնը բերելով անոնց, ամէն առիթով, երբ իրեն կը դիմուէր։

Վերադարձին, երբ իրմէ խնդրուեցաւ, որ ան Թէքէեան Կեդրոնէն ներս ստանձնէ վարիչ-քարտուղարի պաշտօն, առանց վարանելու համաձայնեցաւ եւ ձեռնհասօրէն վարեց այդ պաշտօնը, ապա, ՌԱԿէն ներս, երբ ատենապետի պաշտօնին նշանակուեցաւ, դարձեալ կամովին ընդունեց զայն, որպէս գաղափարական դպրոցի գաղափարապաշտ թեկնածու, ու հոն եւս տանելով զգալի ներդրում, թէ՛ կուսակցական, թէ՛ միջ-կուսակցական ոլորտներու մէջ, իր անսակարկ եւ անշահախնդիր մասնակցութիւններով։

Վստահաբար, կրթական ցանցը, իր դպրոցներով, աշակերտներով, դաստիարակութեամբ եւ, ընդհանրապէս, իր մթնոլորտով եւ ոգեշինութեամբ, ուրիշ երանգ ու բոյր ունէր, իսկ այդ արժէքները, Օհանին համար հարազատ էին, որովհետեւ, հոն կը տեսնէր,իր ներկայ թէ ապագայ ովասիսներու կերտումը, միշտ կապուած՝ նոր սերունդին լուսաւորումին եւ արժեւորումին հետ, իր օրինակով ու ձեւաւորումով զայն պահելու իր հոգատարութեան ու սրտամօտիկութեան տակ։

Իսկ երբ պատեհութիւնը ներկայացաւ ընդառաջելու այն պաշտօնական հրաւէրին, ստանձնելու Ուրուկուէի ՀԲԸ Միութեան վարժարանի հայկական բաժնի տնօրէնութիւնը, Օհանը անմիջապէս մեկնեցաւ հոն ու շուրջ տասը տարի վարեց այդ պատասխանատու պաշտօնը։

Հոգեպարար ուրախութիւն մը ապրեցաւ Օհանը այդ տարիներուն, հաւատալով որ այդ առիթը, իրեն համար, ոչ միայն ուրախութիւն ու հպարտութիւն էր, այլ՝ աշակերտութեան հետ շաղուելու ու շփուելու միջոց մը, որ այնքան իր սրտին կը խօսէր, մանաւանդ երբ նոր սերունդին հետ, իր հայրական ու ծնողական մերձեցումներով, զայն կը կամրջէր հայրենիքի հետ, հայրենասիրական, ազգասիրական ու հայաստանասիրական անաղարտ ոգիով լիացնելով բոլորը, հայկականութիւնը եւ հոգատարութիւնը նկատելով գերագոյն հրճուանք ու գոհունակութիւն, զանոնք ներարկելով աշակերտնութեան ոգիին ու սրտին մէջ, որպէս թանկարժէք մասունքներ։

Այդ ժամանակամիջոցին, Օհանին համար, միայն կրթական աշխարհը չէր որ զինք կլանած եւ ոգեշնչած էր, այլ՝ նոյնքան ազգային կեանքը, ուր ան գործօն մասնակցութիւն կը բերէր ՌԱԿի ու ՀԲԸՄի, Ուրուկուէյի միջմիութենական եռուն կեանքին մաս կազմելով, նաեւ աշխատակցելով, տեղւոյն «Սարդարապատ» պարբերաթերթին։

Յետ աւարտը իր տասնամեայ տնօրէնական պաշտօնավարութեան, Օհանը դարձեալ վերադարձաւ Պէյրութ եւ իր ազգային-միութենական վերանորոգ աշխատանքներուն մէջ, շարունակեց իր դերն ու մասնակցութիւնը ընծայել, մանաւանդ կրթական շրջագիծէն ներս, ՀԲԸ Միութեան վարժարաններուն մէջ (Յովակիմեան-Մանուկեան եւ Պօղոս Գ. Կարմիրեան), դասաւանդելով հայերէնագիտական նիւթեր, այն հաւատքով, որ ատոնք կը մնան նոր սերունդին ինքնութեան եւ էութեան արժանիքները, իսկ զանոնք ըմբոշխնելն ու ամրացնելը, հաստատուն կռուաններ կը դառնան հայ աշակերտութեան համար։

Այլապէս ալ, Օհանը երբեք չզլացաւ իր ունեցած գիտելիքներն ու փորձառութիւնները ի սպաս դնելու այն շարժումներէն ու ձեռնարկներէն ներս, ուր իր ներկայութիւնը օգտակար կրնար հանդիսանալ, իսկ ինք՝ պատրաստակամ, այդ ուղղութիւններով, իր նպաստը բաշխելու։

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Խօսնակ» պաշտօնաթերթը եւ անոր մշակութային մարմինը, Օհանին վերջին տարիներուն եղան ոչ միայն իր ուշադրութեան կիզակէտերէն, այլեւ՝ բանիւ ու գործով, զօրավիգ կանգնելու անոնց արդիւնաւէտ ու բարեբեր աշխատանքներուն։

Այդ առումով ալ, համեստ գոհունակութիւն մը կ’ապրէր, մանաւանդ երբ ականջալուր կ’ըլլար իր հասցէին կատարուած գովելի վերաբերմունքներուն եւ արժանի գնահատանքներուն։

Օհանը, իր ընկերասիրութեամբ, հաճոյախօսութեամբ ու հաւատարմութեամբ, առանց տեղի տալու որեւէ արգելքի կամ դժուարութեան առջեւ, երբեք չէր ընկրկեր կամ խուսափէր որեւէ պարտաւորութենէ, որովհետեւ կ’ըսէր. «Ես Միհրան եւ Զարուհի Պոտրումեաններուն դաստաիրակած զաւակն եմ, զտարիւն հայ, անբասիր ազգային, հաւատաւոր գաղափարապաշտ ու ջերմ հայրենասէր»։

Այո՛, իրաւունք ունէր, այնքան ատեն որ՝ այդպէս ապրեցաւ եւ գործեց, ծառայեց ու շնչեց։

Օհանին հետ մեր անցուցած եւ ապրած կեանքը, խօսուն էր, իմաստալից, հաղորդական եւ անջնջելի, որ տեւեց, շուրջ 62 տարի, ոչ միայն զուտ ընկերային մերձեցումներով, այլեւ՝ միջընտանեկան ու միջբարեկամական կապերով, որոնց յիշատակագրութիւնը եւ յիշողագրութիւնը, ամբողջ պատմութիւն մըն է, իր կենդանի, պերճախօս, ջերմեռանդ, հարուստ եւ ոգեշունչ դրուագներով եւ անմիջական հարազատութեամբ։

Տխուր ու ցաւալի էր Օհանին մեկնումը, յատկապէս՝ իր խնամատար կնոջ՝ Սիլվային եւ իր հոգեհատոր՝ Նայիրիին համար, որոնց հետ այնքան ուժգնօրէն ու սերտօրէն կապուած էր եւ կ’ապրէր անոնց սիրալիրութեամբ եւ ողջասիրութեամբ։

Յիշատակդ՝ անմոռանալի, սիրելի Օհան, լոյսերու մէջ ննջես, երկնային արքայութեան մէջ։
(Պէյրութ)

Más leídas