
Ի ՅԻՇԱՏԱԱԿ ՆՈՐՈԳ ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ ՕՀԱՆ ՊՈՏՐՈՒՄԵԱՆԻ
Մեծ ցաւով տեղեկացայ որ Լիբանանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Ուրուկուայի մեր համայնքի նախկին անդամ, ՀԲԸ Միութեան կրթական բազմավաստակ մշակ, իմ լաւ ու հաւատարիմ բարեկամ` պրն. Օհան Պոտրումեանը:
Շատ դրական բան կայ ըսելու եւ գրելու Օհանի մասին, բայց հինականը կ’ուզեմ այս հակիրճ տողերուն մէջ արտայայտել, աւելի մանրամասն կը փորձեմ ապագային գրել: Ան մարդկային իր տեսակին մէջ բարի, հայրենասէր եւ բարեսիրտ անձնաւորութիւն մըն էր, նաեւ ընտանիքի մարդ, հոգատար ամուսին ու գորովագութ հայր: Երկար տարիներ միասին աշխատեցանք թէ´ ՀԲԸՄ-ի վարժարաններուն համար եւ թէ´ “Հայաստան” Համահայկական Հիմնադրամէն ներս:
Օհանը նաեւ մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ խոնարհ ու հաւատաւոր անդամներէն մէկն էր: Ան յաճախ սիրայօժար կերպով կ’ընկերանար ինծի իմ հովուական այցելութիւններուս ու հանդիպումներուս ընթացքին: Երբեք պիտի չմոռնամ այն տարին, երբ մինակ մնացած էի Աւագ Շաբթուան ծանր արարողութիւնները կատարելու ժամանակ, ան առաջարկեց ինծի իր օգնութիւնը, դպրութեան շապիկ հագուեցաւ եւ իր գեղեցիկ ձայնով մասնակցեցաւ արարողութիւններուն: “Ու՞ր ես մայր իմ”-ը ինքը երգեց այնքան գեղեցիկ եւ ինքնատիպ որ յուզեց բոլորս: Ներկաներս յուզմունքի եւ հոգեթով մեղեդիի ազդեցութեամբ գրաւիչ ու անմոռանալի պահեր ապրեցանք:
Երբեմն պրն. Օհանը ստիպուած կ’ըլլար կամ ես ալ հետը` երբեմն ստիպուած կ’ըլլայինք մխրճուելու համայնքային հատուածական անիմաստ ու տխուր վէճերու մէջ, որոնք շատ անգամ կու գային ջլատելու մեր ուժերն ու ջանքերը ազգային ոգի եւ հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու հարցով: Օհանն այս պարագային շատ սկզբունքային էր եւ աննահանջ պայքարող:: Ան իր կողքին միշտ ունէր իր առաքինազարդ կողակիցը` տիկին Սիլվան: Այնուհետեւ երբ ունեցաւ իր սիրասուն դուստրը` Նայիրին, անոր սիրտը լեցուեցաւ բացառիկ ուրախութեամբ, հայրական հպարտութեամբ ու երջանկութեամբ:
Այժմ Դիմացս սեղանիս դրուած`է ԶԱՐԹՕՆՔ օրաթերթի 10 Մարտ 2026-ի թիւը, ուր 3-րդ էջին վրայ կը տեսնեմ Յովիկ էօրտէքեանի գողտրիկ գրութիւնը սիրելի Օհանի մասին ուր զետեղուած նաեւ անոր լուսանկարը, մէկէն աչքս կը սեւեռի նաեւ քովի նկարին վրայ եւ սիրտս յուզմունքէս կ’ալեկոծուի: Ատիկա պատկերն էր սիրասուն եւ հարազատ բարեկամի մը` Հայր ԱՆՏՈՆ ՍԱՐՈՅԵԱՆԻ որ իմ հոգատար ու պահապան հրեշտակս եղած էր Գերմանիա իմ ուսանողութեան շրջանին, պարկեշտ ու ամբասիր վարքով ազնուական հոգի մը, որուն մասին պիտի ջանամ անդրադառնալ…
Թող Տիրոջ լոյսը իջնէ մեր սիրելի Օհանի եւ հոգեշնորհ վարդապետի վաստակաշատ հոգիներուն վրայ եւ Ս. Հոգւոյ մխիթարութիւն անոնց հարազատներուն հետ ըլլայ:
Յակոբ Արք.
Գլնճեան
Առաջնորդ Ուրուկուայի Հայոց Թեմի