SECCIONES
ARMENIA
LOCALES
DIÁSPORA
UGAB
INSTITUCIONES
EMPRENDIMIENTOS Y PYMES
OPINION
AGENDA
SOCIALES
Temp.: -
Hum.: -
Jueves 28 de Marzo - Buenos Aires - Argentina
PREMIO MEJOR MEDIO DE PRENSA PUBLICADO EN LENGUA EXTRANJERA - MINISTERIO DE LA DIASPORA DE ARMENIA 2015
Միասնաբար Վերակառուցենք ԶԱՐԹՕՆՔ- ի Խմբագրատունը

Կոչ Նուիրաբերումի եւ Համատեղ Գործակցութեան

31 de Agosto de 2020
 
Պէյրութի պայթումին գործած աւերէն անմասն չմնաց՝ ինչպէս Թէքէեան Կեդ-րոնը ամբողջութեամբ, նաեւ անոր 2-րդ յարկին վրայ տասնամեակներէ ի վեր երեք գրասենեակ եւ յարակից բաժիններ զբաղեցնող ԶԱՐԹՕՆՔ-ի խմբագրատունը:
Անգործածելի են անոր գրասենեակները, համակարգիչները, զովացնող եւ այլ ելեկտրական սարքերը եւ կահոյքին մեծ մասը: Տակնուվրայ է անոր արխիւի սենեակը: Ապակիներ չունին այսօր խմբագրատան պատուհանները: Այսօր, մեր Խմբագրատունը չունի նաեւ դռներ ու պահարաններ:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը վերապրած ԶԱՐԹՕՆՔ-ը աննախադէպօրէն քանդուեցաւ 4 Օգոստոսի Պէյրութի պայթումին: Ձեր եւ մեր թերթին խմբագրատունը գրեթէ անգործածելի է այսօր: Աշխատակազմը՝ աննախադէպ պայմաններով կ՛աշխատի՝ իւրաքանչիւրը իր բնակարանէն ամէն առաւօտ թերթ հասցնելու իր սիրելի ընթերցողներուն:
Կարելիութեան սահմաններուն մէջ սկսած ենք վերանորոգման աշխատանքներուն: ԶԱՐԹՕՆՔ այսօր կարիքը ունի իր բարեկամներուն իւրաքանչիւր լումային: Նիւթական իւրաքանչիւր կաթիլ դուռ մը կը նորոգէ: Անոր կղպանքը կ՛ապահովէ: Ապա-կիով կը պատէ գրասենեակին պատու-հանները: Վերջապէս, կը թեթեւցնէ առանց այս պայթումին ալ հայ թերթին դէմ ծառացած տագնապին բեռը:
Կը վստահինք մեր բարեկամներուն: Ձեր շնորհիւ է, որ պիտի փրկուի Միհրան Տամատեանէն, Վահան Թէքէեանէն, Մկրտիչ Մսըրլեանէն, Բարունակ Թովմաս-եանէն, Գերսամ Ահարոնեանէն եւ հոյլ մը այլ երախտաւորներէն մեզի հասած ազգային ժառանգութիւնը:
ԶԱՐԹՕՆՔ-ի սիրելի բարեկամուհի եւ բարեկամ,
Կոչ կ՛ուղղենք Ձեզի ազնիւ նուիրաբերումի եւ միասնական մասնակցութեան: Միասնաբար վերակառուցենք մեր սիրելի խմբագրատունը: Նուիրատուութեան գումարին մեծաթիւ կամ փոքրաթիւ ըլլալը ոչ մէկ նշանակութիւն ունի այստեղ: Կարեւորը Հայ թերթը ճգնաժամէ մը դուրս բերելու սատարող համատեղ մտահոգութիւնն ու հայավայել գործակցութիւնն է:
Այրիի լումայով, կարելի է մեր խմբագրատան պատուհաններուն ապակի մը զետեղել՝ փրկելով անոր պարունակութիւնը, տուեալ աշխատասենեակը զերծ պահելով հովէ ու անձրեւէ մինչ աշնան եղանակը մօտ է: Համեմատաբար մեծագումար նուիրատուութեամբ կարելի է ամբողջ գրասենեակի մը վերանորոգումը յանձն առնել մինչ մենք տուեալ գրասենեակը պիտի կոչենք նուիրատուին անունով:
ԶԱՐԹՕՆՔ-ի աշխատակազմը հակառակ իր ֆինանսական նեղ կացութեան, իր լուման մուծած է արդէն յանուն մեր թերթին: Մենք կ՛ապաւինինք Ձեր մասնակցութեան՝ շուտով աւարտելու վերակառուցման աշխատանքները:
Ձեր սրտաբուխ նիւթական նպաստները հաճեցէք փոխանցել հետեւեալ հաշիւին.-
Account holder: STE DE PRESSE CHIRAC SARL
Bank name: BANK AUDI S.A.L.
Branch: DORA
SWIFT code: AUDBLBBX
IBAN: LB06005600000000008648590008
Կարելի է նաեւ փոխանցում կատարել Paypal-ի կամ պանքային քարտի միջոցաւ սեղմելով ներքեւի կապը՝
Այլ կերպով նուիրաբերելու համար հաճեցէք կապուիլ հետեւեալ՝
Ել-նամակին zartonkadl@gmail.com կամ Whatsapp-ի համարին +961 81 306 447
Կանխայայտ շնորհակալութեամբ՝
ԶԱՐԹՕՆՔ-ի Տնօրէնութիւն
ՅԳ.- Հաւատալով թափանցիկութեան եւ հաշուետուութեան ռամկավարական սկզբունքներու անհրաժեշտութեան, մամուլով պիտի յայտարարուին կատարուած բոլոր նուիրատուութիւնները եւ նորոգման մանրամասն հաշուետուութիւնները:
 
Oficina Zartonk BeirutOficina Zartonk Beirut 2Oficina Zartonk Beirut 3Edificio Tekeyan Beirut 2
 
Más leídas