SECCIONES
ARMENIA
LOCALES
DIÁSPORA
UGAB
INSTITUCIONES
EMPRENDIMIENTOS Y PYMES
OPINION
AGENDA
SOCIALES
EDICIONES
Temp.: -
Hum.: -
Miércoles 26 de Noviembre - Buenos Aires - Argentina
PREMIO MEJOR MEDIO DE PRENSA PUBLICADO EN LENGUA EXTRANJERA - MINISTERIO DE LA DIASPORA DE ARMENIA 2015
Opinion - Յայտարարութիւն
Զգուշանալ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Անունը Չարաշահող Կեղծ Յայտարարութիւններէ
11 de Noviembre de 2025

Մենք որպէս Աւանդապահ Ռամկավարներ Կը Մնանք Ազգային Գերագոյն Շահերու Պաշտպանը

Կը Մնանք Մայր Աթոռին եւ Հայոց Ազգային Պետականութեան Անսակարկ եւ Անժամանցելի Դրօշակակիրները

Խստօրէն Կը Դատապարտենք Մեր Հայրենիքին Մէջ Ներկայ Պժգալի Փողոցային Վիճակը Ստեղծողները:

Մեր կուսակցութեան անունը չարաշահող, ինքնահռչակ խմբակ մը, տարիներէ ի վեր, ժամանակ առ ժամանակ յանկարծ կ՛արթննայ եւ կեղծիքով կը չարաշահէ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան պանծալի անունը:

Վերջին օրերուն, սոյն խմբակը իր խաչագողութիւնը թագադրած էր 11 Նոյեմբեր 2025 թուակիր՝ «Զգաստութեան Սրտագին Կոչ» վերնագրեալ բազմալեզու խեղկատակութեամբ մը, որուն մէջ յականէ անուանէ կը փորձէ թիրախաւորել Մայր Աթոռն ու անոր գահակալը, ՀԱԵ-ի նուիրեալ կարգ մը միաբաններով հանդերձ:

Աւանդապահ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Համադրուած Մամուլի ներկայացուցիչներս, մեր գաղափարախօսութեան բազմահազար հետեւորդներուն, համակիրներուն եւ ընթերցողներուն անունով խստիւ կը դատապարտենք, անձնական մանր խնդիրներով, թէ քաղաքական քինախնդիր ու ճղճիմ հաշուարկներով առաջնորդուող պատեհապաշտներու այդ արհամարհելի խմբակին անընդունելի եւ այպանելի վարքը:

Նշեալ խմբակին արկածախնդրութիւններուն եւ մեքենայութիւններուն ծանօթ եւ անծանօթ հանրութեան անգամ մը եւս կու գանք հաստատելու, որ մեր պանծալի կուսակցութեան շարքերուն բացարձակ մեծամասնութիւնը չի ճանչնար ինքզինք «Կեդրոնական Վարչութիւն» կոչած այդ հերձուածը, որ ոչ իսկ հիւլէի մը չափ գոյութիւն ունի մեր օրերու ազգային տագնապալի վիճակին նպաստելու անհրաժեշտ համազգային աշխատանքին մէջ: Մինչ անոր իրական թէ երեւակայածին անդամները հազիւ իրենք իրենց անձերը կը ներկայացնեն: Հետեւաբար ամէն ինչ, որ լոյս կը տեսնէ այդ խմբակին կողմէ պարզապէս առ ոչինչ է:

Հիմնուելով վերոյիշեալին վրայ, կ՛ուզենք շեշտենք, որ մե՛նք՝ աւանդապահ Ռամկավար Ազատականներս, հաւատարիմ մեր աւելի քան հարիւրամեայ անխախտ ուղեգիծին, կը շարունակենք անսակարկ դրօշակակիրները մնալ Մայր Աթոռին ու մեր պետականութեան եւ այս ազգային երկու անսակարկելի արժէքներուն գործնապէս մեր մամուլով եւ առարկայական գործունէութեամբ կը հանդիսանանք ամուր պատնէշն ու պաշտպանը ամէն տեսակի ոտնձգութիւններու դէմ:

Պէտք է անմիջապէս դադարեցնել ներկայ պժգալի փողոցային ու անօրէն վիճակը ու վերադառնալ ազգային միասնականութեան գաղափարախօսութեամբ առլցուն աշխատանքի:

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան

Համադրուած Մամուլ

Más leídas