Սեպտեմբեր 7, 2025-ին, «Սարդարապատ» օրաթերթը կը նշէ իր հիսունամեայ անդադար գործունէութիւնը։ Կէս դար մը, որուն ընթացքին այս համահայկական մամուլի օրկանը ստանձնեց անշրջելի ուխտ մը․ տեղեկացնել ճշմարտացիօրէն, անդրադարձ կատարել Արգենտինայի եւ Հարաւային Ամերիկայի հայկական հաստատութիւններու կեանքին, եւ կենդանի պահել կապերը մեր Մայր Հայրենիքին հետ։
«Սարդարապատ» ծնաւ մեծահոգի ու տեսիլքաւոր անձերու ջանքերով։ Ազգային բարերար Ալեք Մանուկեան, Միսաք Հայկունց, Նահապետ Նահապետեան, Տանիել Յուսէփեան, Բարէք Տէր Կարապետեան, Հայկ Շահինեան, Արմանդօ Պալասանեան, Աւետիս Պարսամեան, Աւետիս Նալպանտեան եւ ուրիշներ եղան անոր հիմնողներն ու շարունակողները։
Հինգ տասնամեակներու ընթացքին, օրաթերթին ղեկավարը եղած են՝ Նահապետ Նահապետեան, Միհրան Սարաֆեան, Տիանա Տէր Կարապետեան եւ Սերխիօ Նահապետեան։
Անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր ոճը, իր նշանը եւ իր նուիրումը բերաւ՝ երաշխաւորելով որ «Սարդարապատ» միշտ պահպանէր նոյն առաքելութիւնը․ ծառայելու կամքը եւ հայութեան հանդէպ հաւատարմութիւնը։
Մեր էջերուն մէջ արտացոլեցաւ ժամանակներու զարկը։ Մեր սերունդը վկան եղաւ համաշխարհային իրադարձութիւններուն, գիտութեան ու տեխնոլոգիայի յառաջդիմութիւններուն, համացանցի ծնունդին եւ թուային հաղորդակցութեան յեղափոխութեան։
Բայց նաեւ ձայն տուինք մեր ազգային պատմութեան նշանաւոր պահերուն․ Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տարիներուն, Գարեգին Ա. եւ Գարեգին Բ. կաթողիկոսներու հոգեւոր առաջնորդութեան եւ անոնց այցելութիւններուն Արգենտինա եւ Հարաւային Ամերիկա, Հայկական պետութեան վերածնունդին, եւ ազատ ու անկախ Երեւանի կեանքին, ուր ծածանած է եռագոյնը եւ հնչած է մեր սուրբ օրհներգը։
Անոր առաջին համարէն սկսեալ, «Սարդարապատ» իր ներգրաւումը ունեցաւ մեծ հայկական հարցերուն մէջ՝
Հայ Դատի պաշտպանութիւնը,
Սփիւռքի հաստատութիւններու կեանքի լուսաբանութիւնը,
Արցախին տեսանելիութիւնը,
Բարերարներու, ղեկավարներու եւ մասնագէտներու աջակցութիւնը,
Նոր սերունդներուն ազգային ինքնութեան փոխանցումը։
Ահա թէ ինչո՛ւ, աւելի քան օրաթերթ, «Սարդարապատ» վերածուեցաւ համայնքային կեանքի գործուն դերակատարի։
Հինգ տասնամեակներու ընթացքին, «Տարուայ Մարդ» տիտղոսով պատուեցին բարերարներ, ղեկավարներ, արուեստագէտներ, մասնագէտներ, հոգեւորականներ ու հաստատութիւններ։
Անոնց շարքին՝ Միսաք Գույումճեան, Բաբքէն Արք. Ապատեան, Հայկ Էմիրեան, Անանուն Բարերար, Արսէն Կիւլէսէրեան, Փառէն Պազարեան, Տոքթ. Ռոպերթօ Մալխասեան, Մասնագէտ Լէանտրօ Տեսփիու, Վահէ Չըննոզեան, Գրիգոր Դերձակեան, Ալեքս Պրահամեան, Գարլոս Սաֆարեան, Թագւոր Շիրինեան եւ Մարիանա Մոստիչեան Շիրինեան, Երանուհի Իպիշեան Սահակեան, Հայկ Էմիրեան, Արմէն եւ Սիրանուշ Մեծատուրեան, Խորխէ Վարդպարոնեան, Անդրանիկ Արսլանեան, Վարուժան Պուրմայեան, Պօղոս Արզումանեան Հիմնարկութիւն, Գարլոս Փոթիկեան, Գէորգ Սարաֆեան, Հարաւ Ամերիկայի Հայկական Հաստատութիւններու այրեր եւ կիներ, Էտուարտօ Էուրնէքեան, Գիսակ Արք. Մուրատեան, Արժանթինի Հայկական Հաստատութիւններ, Դեսպան Արա Այվազյան, Գէորգ Գարակէոզեան, Տոքթ. Տանիէլ Սթամպուլեան, Արգենտինայի Հանրապետության խորհրդարան, Արմէն Մեծատուրեան, Պերճուհի Էմիրեան, Պետրօս Հաճեան, Ռուբեն Քեշիշեան, Գոհար, Խօսէ Ագեան, Մադիաս Լամենս, Ալպերդօ Ճերեճեան, Արդօ Գալճեան, Էտուարտօ Էրնեքեան, Նատիա Գասբար, Կոմիտաս Երգչախումբ, Հայ զինուոր, Գիսակ Արք Մուրատեան, Արցախի Ժողովուրդը, Արցախի ժողովուրդը, Անդօնիօ Սարաֆեան
Անոնցմէ իւրաքանչիւրը թողեց անհերքելի հետք համայնքային կեանքին եւ մեր էջերուն մէջ։
Այս բոլորը անկարելի պիտի ըլլային առանց մեր ընթերցողներուն եւ գովազդատուներուն։
Դուք էք որ իմաստ տուիք մեզի, որ ուղեկցեցիք իւրաքանչիւր փուլին, որ «Սարդարապատ» ձեր տուները բերեցիք եւ դարձուցիք ձեր առօրեային մաս մը։
Յատուկ շնորհակալութիւն մեր բարեկամներուն, գործակիցներուն եւ գովազդատուներուն։
Հիմնադրումէն հիսուն տարի ետք, «Սարդարապատ» կը շարունակէ իր առաքելութիւնը․ հայ ժողովուրդի պատմութեան վկան ըլլալ, Սփիւռքը եւ Հայաստանը միացնել եւ արտացոլել համայնքային կեանքի զարկը։
Ճամբան կը շարունակուի․ նոյն ուժով, նոյն կրքով եւ նոյն համոզումով որ իւրաքանչիւր տողին մէջ կը բաբախէ մեր ինքնութեան հանդէպ նուիրումը։
Շնորհաւոր հիսունամեակ, «Սարդարապատ»։
Շնորհակալութիւն, սիրելի ընթերցողներ, որ զայն հնարաւոր դարձուցիք։