SECCIONES
ARMENIA
LOCALES
DIÁSPORA
UGAB
INSTITUCIONES
EMPRENDIMIENTOS Y PYMES
OPINION
AGENDA
SOCIALES
Temp.: -
Hum.: -
Miércoles 04 de Diciembre - Buenos Aires - Argentina
PREMIO MEJOR MEDIO DE PRENSA PUBLICADO EN LENGUA EXTRANJERA - MINISTERIO DE LA DIASPORA DE ARMENIA 2015
Opinion - ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ-ԶԱՐԹՕՆՔ
Երբ Մեր Երկրին Գերագոյն Պատասխանատուն Անպատասխանատու Է Եւ Ո՛Չ Միայն
06 de Abril de 2024

 

Մինչ մեր հայրենիքին դէմ շղթայազերծուելիք  հաւանական պատերազմի մը մասին շշուկները հասած են վտանգաւոր մակարդակի, մեր «թաւշեայ» իշխանութիւնները փոխանակ համապատասխան ռազմական դրութեան  միջոցառումներու դիմելու, պատրաստ են երթալու ամէն տեսակ զիջումի իրենց իշխանութիւնը պահելու ի խնդիր, թէկուզ իշխելու համար միայն աւերակներու վրայ:

Ռազմական դրութեան մասին ՀՀ Սահմանադրութեան 4-րդ գլուխին 119-րդ յօդուածին առաջին կէտը աւելի քան պարզ է այս ուղղութեամբ.  «Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ զինուած յարձակման, դրա անմիջական վտանգի առկայութեան կամ պատերազմ յայտարարուելու դէպքերում Կառավարութիւնը յայտարարում է ռազմական դրութիւն, ուղերձով դիմում է ժողովրդին և կարող է յայտարարել ընդհանուր կամ մասնակի զօրահաւաք»: Նոյն այս սահմանադրութիւնը պահպանելու կոչուած մեր երկրին ղեկավարը փոխանակ անյապաղ կիրառելու սահմանադրական նշեալ կարեւոր եւ պարտադիր կէտին մէջի նշուածները, վերջերս փութաց հերթական անգամ յանձնել մտադրած Տաւուշի սահմանամերձ գիւղերը, տեղւոյն ժողովուրդին համոզելու, որ շրջանի չորս գիւղերը յանձնելը անհրաժեշտ է, հակառակ պարագային թշնամական յարձակումը «շաբաթավերջին» կրնայ տեղի ունենալ:

Բնականաբար եւ բարեբախտաբար իր ըրած այսպէս կոչուած յեղափոխութեան ամբողջ «դրամագլուխը» շատոնց սպառած ձեռնածու լարախաղացը ո՛չ մէկ կերպով կրցաւ զինք ընտրող գիւղացիները համոզել:

Նման իրավիճակի մը մասին արաբական ասացուածքը կ՛ըսէ «երկիրը կը գտնուի կապիկի մը ափին մէջ», որ իր վազվռտելով կամ ճիւղէ ճիւղ ցատկռտելու ընթացքին  կրնայ ափին մէջի թանկարժէք բանը գլխիվայր անդունդը գլորել:

Անկախ մտադրուած դաւաճանութիւն գործելու կամ ապիկար ղեկավար մը ըլլալու վարկածներէն, մեր Հայրենիքին գերագոյն պատասխանատուն  իր քայլերով, ոչ միայն մեր երկիրն ու ժողովուրդը կը պահէ անհասկնալի իրավիճակի մը մէջ, այլ կրնայ պատճառ հանդիսանալ մեր պետականութեան ամբողջական կորուստին, միշտ Օտեանի  ընկ. Փանջունիին նման, քանդելը՝ կառուցելու հետ շփոթելով:

Más leídas