SECCIONES
ARMENIA
LOCALES
DIÁSPORA
UGAB
INSTITUCIONES
EMPRENDIMIENTOS Y PYMES
OPINION
AGENDA
SOCIALES
Temp.: -
Hum.: -
Miércoles 04 de Diciembre - Buenos Aires - Argentina
PREMIO MEJOR MEDIO DE PRENSA PUBLICADO EN LENGUA EXTRANJERA - MINISTERIO DE LA DIASPORA DE ARMENIA 2015
Opinion - Դոկտ. ԱՐՇԱՒԻՐ ԿԷՕՆՃԵԱՆ, Մոնրէալ
Համազգային Գործակցութեամբ՝ Ազգային Փրկութեան Ռազմավարութիւն ՍտեղծելուՀամազգային Գործակցութեամբ՝ Փոխարէն, Տխրահռչակ Ալեքսանդրապոլի Պայմանագի՞ր Մըն Է Որ կը Հետապնդեն
18 de Febrero de 2024

Հայաստանի ներքաղաքական կեանքը իր ամէնօրեայ նոր զարգացումներով, վերջին շրջանին ստացած է բոլորովին մտահոգիչ հանգամանք մը:

          Վերջին մօտ մէկ տարուան ընթացքին տեղի ունեցած աղէտալի իրարյաջորդ մեծ տագնապներուն ազդեցութեան տակ է որ մի քանի ամիս առաջ, արտայայտուեցայ հայերէն եւ անգլիատառ մամուլին մէջ լայն արձագանգ ստացած ՝ «Հայաստան-Արցախ- Սփիւռք, Յաջորդ Դարաշրջանը դիմագրաւելու Մեծ Մարտահրաւէրին Առջեւ» վերնագրով երկար եւ սպառիչ յօդուածով մը: Այդ երկար յօդուածին մէջ արծարծուած միտքերը այսօր, աւելի քան երբեք, կը մնան այժմէական: Անոնցմէ կարեւորագոյնը եւ անյետաձգելին այն է թէ աւելի մեծ եւ անսրբագրելի նոր կորուստներու առաջքը առնելու համար, ընդգծուած կարեւորութեամբ եւ համազգային ջանքերու մէկտեղումով, անհրաժեշտ է շտապ ստեղծել Ազգային Փրկութեան Ռազմավարութեան մարմին մը, որ մեր ազգի մէկտեղուած լաւագոյն տարրերով, այս օրերու միջազգային քաղաքական անբարոյական կրկէսին մէջ, այսուհետեւ ինք առաջնորդէ Հայաստանի ռազմավարական գործունէութիւնը: Այնտեղ շեշտուած է նաեւ, թէ այդ նախաձեռնութիւնը բնականաբար պարտի ստանձնել օրուան իշխանութիւնը, իսկ իրենց անկեղծ եւ ամբողջական գործակցութիւնը պարտին ցուցաբերել բոլորը, ընդդիմադիրները, հայրենի մտաւորականութիւնը եւ սփիւռքեան կարեւոր բոլոր կառոյցները:

          Այսօր սակայն, աւելի քան ամիս մը ետք խոր ցաւով եւ յուսախաբութեամբ պէտք է արձանագրել թէ, բացի մամլոյ մէջ գտած իր լայն արձագանգէն, եւ բացի Կիլիկիոյ Ս. Աթոռի Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառին թէեւ դրական ու շինիչ սակայն սահմանափակ մէկ նախաձեռնութենէն, ցարդ ոչ մէկ հակազդեցութիւն ցուցաբերուած է, ազգային գոյութենական կեդրոնական խնդիր մը արծարծող այդ մտահոգութեան մասին: Մանաւանդ նոյն ինքը Հայաստանի իշխանութիւնը կը մնայ անշարժ: Հայ աշխարհը արդեօք մեծամասնութեամբ կը գտնուի խոր թմբիր՞ի մը մէջ եւ կամ թէ հասած է անկարողութեան (impotency) ցած եւ վտանգաւոր մակարդակ՞ի մը:

          Գալով մանաւանդ այսօրուան իշխանութեանց, եւ յատկապէս վարչապետ Փաշինեանին, ան ընդհակառակը կը շարունակէ գործել, իրեն յատուկ անփոփոխելի՝ միահեծան գործելակերպով: Բացայայտ է թէ ան տակաւին կը հաւատայ թէ «ինք գուցէ պատասխանատու է, սակայն մեղաւոր չէ… » Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին այն բոլոր ծանր կորուստներուն համար որոնց ակնյայտօրէն առաջնորդած է ինք՝ իր վարած դժբախտաբար անհետեւողական, հակասութիւններով լեցուն եւ շփոթեցուցիչ քաղաքականութիւնով»:

          Այս անգամ, այսօր եւս, դժբախտաբար այս յօդուածը կը գրեմ հնչեցնելու համար նոր ահազանգ մը: Ամենայն դէպս պէտք է յստակ ըլլայ, թէ ինչպէս միշտ, մեկնակէտս ոչ փաշինեանական է եւ ոչ ալ հակափաշինեանական:

          Ինչպէս միշտ մեկնելով մեր ժողովուրդի գերագոյն շահերը գերադաս համարելու սկզբունքէն, եզրակացութեանց կը յանգիմ հիմնաւորուելով տրամաբանող որեւէ դիտորդին առջեւ ամէն օր պարզուող առարկայական եւ բացայայտ տուեալներու վրայ:

          Արդարեւ վերջին շաբաթներուն ընթացքին, Ազգային Ժողովին մէջ յատուկ ելոյթներով, եւ նաեւ անկէ դուրս յատուկ հարցազրոյցներով, վարչապետը անակնկալօրէն, բացայայտօրէն մեծ ջանասիրութեամբ, յանկարծ առաջ կը քշէ ցայսօր չարծարծուած, խորքին մէջ հարցական՝անհեռատես եւ վտանգաւոր նոր առաջարկներու շարք մը:

          Այսօրուան ազգային գոյութենական լրջագոյն եւ մտահոգիչ մթնոլորտին մէջ, բոլորիս ակնկալութիւնն է որ Հայաստանի ղեկավարութիւնը պարտի ամէն օր եւ ամէն ժամ, գիշեր եւ ցերեկ գործել, եւ իր ոյժերը կեդրոնացնել, մեզ շրջապատող ոխերիմ դրացիներուն դէմ պաշտպանուելու եւ պայքարելու, ինչպէս նաեւ, միջազգային փաստօրէն անհոգ եւ անբարոյական պետութիւնները ցնցելու եւ զանոնք համոզիչ տեղեկատուութիւններով ողողելու՝ եւ անոնց գործակցութիւնը ապահովելու՝ դժուարին աշխատանքը կազմակերպելու համար:

          Բայց ահա թէ, այս բոլորին փոխարէն, այսօրուան իշխանութիւնը նոյն ինքը վարչապետ Փաշինեանին գլխաւորութեամբ քանի մը շաբաթներէ ի վեր յանկարծ ձեռնարկած են կէս մը թաքուն սակայն ուշադիր վերլուծողներուն համար բացայայտօրէն պարտուողական եւ թշնամիին հաճոյանալու սահմանուած նուաստացուցիչ առաջարկութիւններու շարք մը ներկայացնելու աշխատանքին:

          Այս առաջարկներու շարքին մէջ առաջինը եղաւ երբ վարչապետը յանկարծ ժամեր տեւող ելոյթներով ստեղծեց բոլորովին անտեղի եթէ ոչ ծիծաղելի փոթորիկ մը, «Հայոց պատմութիւնը», «Հայաստանի պատմութիւն»ով փոխարինելու արուեստական՝ եւ օրուան լրջագոյն մթնոլորտին մէջ յետին կարեւորութեամբ հարց մը ստեղծելով:

          Նոյն օրերուն, մինչ այս որակի անհեթեթ հարցերով զբաղուած էր ժողովուրդը, վարչապետը եւ Ազգային Ժողովին մէջ իր գործակիցներու փոքր խումբը, յանկարծ եւ կրկին անակնկալօրէն, սկսան արծարծել շատ աւելի լուրջ հետեւանքներու առաջնորդող հոյլ մը խնդիրներ: Յանկարծ շփոթեցնող արագութեամբ հարցականի տակ դրուեցան, Հայաստանի Անկախութեան Հռչակագիրը, Սահմանադրութիւնը, Զինանշանը, Օրհներգը:  Չմնաց ոչ մէկ սրբութիւն: Անհաւատալիօրէն, համարձակեցան նոյնիսկ հարցականի տակ դնել հայ ժողովուրդի մեծագոյն եւ անվիճելի սրբութիւններէն խրոխտ Արարատ լեռան կարեւորութիւնը խղճալի արդարացում տալով թէ ի վերջոյ այսօր Արարատը Հայաստանի մէջ չի գտնուիր…:

          Երբ Հայաստանէն եւ սփիւռքէն լուրջ աղբիւրներ կը մատնանշեն վարչապետին եւ իր անմիջական գործակիցներուն թէ հայոց պետականութեան եւ ինքնութեան կարեւոր, այս բոլոր խորհրդանիշներուն դէմ սանձազերծուած այս գրոհը ի վերջոյ պարզապէս անօգուտ եւ անհետեւանք բարոյալքիչ քայլեր են, պարզապէս հաճոյանալու եւ տեղի տալու համար Թուրք-Ազերի նուաստացուցիչ պահանջներուն, անոնք անյաջող հակաճառութիւններով կը ջանան բոլորովին ժխտել այլապէս թափանցիկ այս պարագան:

          Սակայն ինքնախօս խոստովանութիւնը եկաւ նոյն ինքը վարչապետէն երբ ան ժողովուրդին համոզելու միտքով, տուաւ պատկերալից՝ բացատրողական նպատակով, սակայն պարզապէս ծիծաղ յառաջացնող իր ցուլերու պատմութիւնը իբրեւ օրինակ: Խոհուն կեցուածք մը որդեգրած, վարչապետը իր ունկնդիրներուն «բացատրեց» հետեւեալ ձեւով՝-Ներկայիս՝ ըսաւ, Հայաստանը կը ջանայ անվտանգ յառաջանալ ճանապարհի մը վրայ որուն երկու կողմերուն վրայ շարուած են յարձակելու պատրաստ ցուլեր: Յետոյ խորհրդաւոր կերպով աւելցուց, թէ Հայաստանը շրջահայեաց եւ զգուշաւոր պէտք է ըլլայ եւ թօթափէ իր վրայի բոլոր «կարմիր շորերը» որպէսզի հանգիստ շարունակէ իր ճամբան…: Այսքան թափանցիկ է իր քարոզած ռազմավարութիւնը… : Կերեւի թէ վարչապետէն վրիպած է թէ Սպանիոյ ծանօթ շրջապատներուն մէջ երբ մարդիկ կը դիմակալեն ցուլերը, անոնք անպայմանօրէն իրենց ձեռին կունենան անոնց զգետնելու համար շինուած մահացու սուրեր: Երբ ցուլը աւելորդ ուժգնութեամբ յարձակի ցուլամարտիկին վրայ, ան գիտնալով թէ կը գտնուի մահու եւ կենաց ընտրութեան առջեւ, անխնայ կը մխրճէ իր սուրը անոր սրտին մէջ: Անհրաժեշտ է որ վարչապետ Փաշինեան անպայման անդրադառնայ ցուլերու իր պատմութեան այս վերջին պատկերին…:

          Ազգային արժանապատուութեան, պատասխանատուութեան եւ ապահովութեան նկատմամբ որչա՞փ գիտակցութիւն կը պահանջուի որ անդրադառնան թէ Հայաստան առաջին հերթին իր ձեռքին պէտք է ունենայ ցուլամարտիկին սուրին համապատասխան ինքնապաշտպանութեան ամէնաազդու եւ արդիական զէնքերը: Տակաւին պէ՞տք է իրեն վերյիշեցնել յայտնի ժողովրդական ասացուածքը թէ խաղաղութիւն ապահովելու համար ամէնաազդու միջոցը առաւելագոյն չափով պատրաստ ըլլալն է հաւանական պատերազմի:

          Թուրք-Ազերի մեր անյագ ոխերիմ թշնամիները ողոքելով, Մաֆիայի ծանօթ ոճով անոնց իրարայաջորդ եւ անվերջանալի պահանջները ջանալ բաւարարելու վարչապետ Փաշինեանին եւ իր գործակիցներուն ներկայ պարտուողական քաղաքականութիւնը մեզ կամովին կառաջնորդէ դէպի հարիւր տարի առաջ՝ պարտուած Հայաստանի Հանրապետութեան՝ այն ժամանակ պարտադրաբար ստորագրած՝ Ալեքսանդրապոլի տխրահռչակ պայմանագրով ստեղծուած ամօթալի վիճակին, այս պարագային, առանց որ նոյնիսկ փորձած ըլլանք խուսափիլ անկէ, օգտուելով հարիւր տարի ետք, հայոց տրամադրելի բոլոր այլընտրանքներէն:

          Ահա ուրեմն, այսօր ստիպողաբար կը վերյիշեցնենք պրն. Վարչապետին թէ փրկելու համար Հայաստանը իր ներկայ անել կացութենէն սխալ են իր առաջարկները:

 «Լեկիդիմ Սահմանադրութիւն» ստեղծելը, կամ «Հայոց պատմութիւնը», «Հայաստանի պատմութիւնով» փոխարինելը, եւ կամ մանաւանդ ուրանալը թէ հայ ժողովուրդի հպարտութեան դարաւոր խորհրդանշան Արարատ լեռը հայկական է և ոչ ալ որեւէ ուրիշ զիչումներ, ոչ մէկ փրկութեան կ’առաջնորդեն…

Այդ բոլոր նուաստացուցիչ եւ անհետեւանք քայլերուն փոխարէն, եւ յուսալով թէ արդէն իսկ ուշացած չենք, այսօրուան անյետաձգելի պահանջն է Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռք մեր ժողովուրդին ամէնակարող ոյժերը համախմբել եւ զանոնք խելացի եւ ճկուն միջոցներով գործի լծել,որպէսզի անոնք կազմակերպեն՝, առայժմ աստիճանական՝ սակայն ի վերջոյ ամբողջական կերպով հայրենիքը կորսնցնելու ստոյգ վտանգէն փրկելու՝ դժուարին աշխատանքները:

          Այս անյետաձգելի գոյութենական հիմնախնդրին լուծումը մինչ մէկ կողմէ կը պահանջէ որ Հայաստան առաջնահերթութեան կարգով ինքզինքին ապահովէ ինքնապաշտպանութեան արդիական ամէնաազդու համակարգը, միւս կողմէ նոյն կարեւորութեամբ ան պէտք է ինքզինք օժտէ Ազգային Փրկութեան բարձր ռազմավարութիւն ստեղծող՝ եւ տակաւին անգոյ՝ բարձրագոյն կարողութիւն ունեցող մարմինով մը որ կազմուած ըլլայ քաղաքական հարցերու մէջ լաւագոյն փորձառութիւն ունեցող, խորամանկութիւն, գիտութիւն եւ մանաւանդ շախմախտային հնարամտութեամբ ապագան կանխատեսելու կարողութիւն ունեցող անհատներով:

          Բացայայտ է ամէնայնդէպս, թէ այսօրուան իշխանութիւնները կամայ թէ ակամայ, 44-օրեայ պատերազմի պարտութենէն ի վեր, եւ անկէ ետք իրարայաջորդ գրեթէ ամէնօրեայ իրենց ձախորդութիւններով՝ որոնց վերջինը եւ ամէնացնցիչը եղաւ 24 ժամուայ մէջ բազմադարեան Հայ Արցախին անհաւատալի ամբողջական կորուստը, այլեւս չեն կրնար յաւակնիլ թէ իրենք կարող են առանձին այս մեծ պատասխանատուութիւնը վերցնել իրենց ուսերուն վրայ : Բարոյապէս ստիպուած են իրենք պատրաստ ըլլալ, խոնարհաբար հայցելու մեր ժողովուրդին կարող բոլոր մասնիկներուն օժանդակութիւնը եւ գործակցութիւնը:

Այլապէս իրենք արտօնուած չեն Հայաստանը ակամայ առաջնորդելու դէպի նոր եւ ամօթալի Ալեքսանդրապոլի պայմանագիր մը ստորագրելու համազօր՝ վիճակին

Más leídas