SECCIONES
ARMENIA
LOCALES
DIÁSPORA
UGAB
INSTITUCIONES
EMPRENDIMIENTOS Y PYMES
OPINION
AGENDA
SOCIALES
Temp.: -
Hum.: -
Domingo 05 de Mayo - Buenos Aires - Argentina
PREMIO MEJOR MEDIO DE PRENSA PUBLICADO EN LENGUA EXTRANJERA - MINISTERIO DE LA DIASPORA DE ARMENIA 2015
Opinion - Հակոբ Ավետիքյան
Խիստ մտահոգիչ արտագաղթի նոր ալիք… Հայաստանէն
22 de Agosto de 2023

Ամերիկեան վիզայի դիմումներ ու յարակից փաստաթուղթեր պատրաս- տող երեւանեան գործակալութիւններէն մէկուն տնօրէնը, նախկին լրագրող, օրերս մտերմաμար ինծի կը յայտնէր, թէ անձնակազմի սակաւութեան եւ դիմումներու առատութեան պատճառով Ամերիկեան դեսպանատան հիւ- պատոսական μաժինը մինչեւ յառաջիկայ Փետրուար յետաձգած է նոր դիմումներու ընդունումը սովորական վիզայի համար:

Առանց բարեկամիս վկայութեան ալ կարելի է պարզ աչքով նկատել, թէ Միացեալ   Նահանգներ   մեկնողներուն   եւ   մեկնիլ   փափաքողներուն   թիւը զգալիօրէն շատցած է, ինչ որ կը յուշէ կամ ենթադրել կու տայ արտագաղթի նոր ալիքի մը մասին, ոչ միայն դէպի Մ. Նահանգներ, այլ նաեւ այլեւայլ եւրոպականերկիրներ, բացառութեամբ Ռուսաստանի, որ 90-ական թուա- կաններուն, ինչպէս յայտնի է, գաղթականութեան գլխաւոր թիրախն էր հայաստանցիներուն` 800 հազարէն մինչեւ 1 միլիոն ներգաղթեալներով: Հիմա Ռուսաստանը, յատկապէս պատերազմական այս օրերուն գրաւիչ տեղ մը չէ հայերուն համար: Ընդհակառակը, պատմութեան մէջ առաջին անգամ Երեւանն է շատ գրաւիչ դարձեր յատկապէս երիտասարդ ռուսերուն համար, որոնք օգտուելով ամերիկեան ու եւրոպական  հակառուսական պատժամիջոցներէ զերծ ըլալու Հայաստանի դիւրութիւններէն,   

համացանցային ազատ կապ, դրամատնային աշխոյժ սպասարկութիւններ եւայլն, հոս` Երեւան փոխադրած են իրենց արտասահմանեան գործառոյթները, միաժամանակ երկինք բարձրացնելով վարձու μնակարաններու, սննդեղէնի, փոխադրամիջոցներու, հաճոյքի վայրերու եւ մանաւանդ խմելարաններու գիները: Անոնց ներկայութեամբ  զգալիօրէն մեծցած են կարգ մը դրամատուներու դրամագլուխները, մտահոգութիւն պատճառելով մասնագէտ ֆինանսիստներու, քանի որ ռուսական ներկայութիւնը, ուշ կամ կանուխ, ժա մանակաւոր բնոյթ կը կրէ եւ, հետեւաμար հետագայ defolt-ի պատճառ կրնայ դառնալ:

Առայժմ մէկ կողմ ձգելով այս վերջին` շատ կարեւոր խնդիրին քննութիւնը, մանաւանդ որ անիկա կը պահանջէ մասնագիտական հմտութիւններ, վերադառնանք մեր բուն նիւթին:

Որո՞նք են պատճառները արտագաղթելու ցանկութեան այս նոր մագըլցումին:

Պաշտօնական կամ ստուգուած տուեալներու եւ մասնագիտական վերլուծութիւններու բացակայութիւնը մեզի թոյլ չի տար հաւաստի եւ սպառիչ եզրակացութիւններու յանգիլ: Փոխարէնը, անձնական դիտարկումներու, ծանօթներու հետ զանազան զրոյցներու եւ վիճակագրական սուղ  տուեալ- ներու համադրումով կարելի է մի քանի պատճառ թուարկել.

ա) Անվստահութիւնը ապագայի նկատմաբμ: Այո՛, այո՛, այլեւս շատ քիչեր կը հաւատան վարչապետին  նախընտրական կարգախօսին: «Կա՞յ ա- պագայ», հարց կու տար եւ ինք ալ վստահ կը պատասխանէր իր հարցումին` «Կա՛յ ապագայ»: Շատ-շատեր այժմ ծիծաղելի կը գտնեն այդ խօսքը: Յաջորդ հինգ տարիներուն պատահած աղէտները` պատերազմ,   

պարտութիւն, Արցախի մեծ մասի կորուստ, բուն Հայաստանի տարածքներու դէմ սողացող ոտնձգութիւններ, աջէն ու ձախէն սպառնալիքներ, μարեկամ համարուած երկիրներէ անտեսում` հետեւանք ձախաւեր դիւանագիտութեան, անտեղի կամ անօրինական ձերբակալութիւններ, բանտարկութիւն, ատելութեան խօսք, ազգային արժէքներու նկատմամբ արհամարհանք, ազգային մէկութեան գաղափարի նկատմամբ քամահրանք, իսկ վերջին 8 ամիսներուն արցախահայութիւնը սովամահութեամբ ոչնչացնելու թուրք-ազերիական ճնշումներուն դէմ պաշտօնական Երեւանի անզօրութիւն, այս բոլորը մեր երկրին մէջ ստեղծած են անվստահութեան, անպաշտպանուածութեան մթնոլորտ մը, որ ամբողջական ժխտումն է աւելի լաւ ապագայ մը ունենալու յոյսերուն:

բ) Հայաստանը դարձած է ոչ փրոֆեսիոնալ կառավարման model: Մէկ օրինակ կը բաւէ կառավարութեան ապիկարութիւնը նաեւ գետնի վրայ ներկայացնելու համար: Այս օրերուն այգեկութքը սկսած է: Հազարաւոր այգեպաններ չեն գիտեր ի՞նչ ընել իրենց մեծ դժուարութեամբ եւ ծախսերով աճեցուցած խաղողը իրացնելու համար: Անոնց հիմնական սպառողները կամ յաճախորդները խմիչք` օղի, քոնեաք արտադրող բազմաթիւ ընկերութիւններն են, որոնք կը նախընտրեն փոխանակ տեղական խաղողի` Պուլկարիայէն կամ այլ երկիրներէ խաղողի spirit ներմուծել, քիչ մը աւելի աժան: Խելացի կառավարութիւն մը օրէնքի ուժով պիտի սահմանափակէր կամ կրկնակի անգամ բարձրացնէր ներմուծուող այդ ապրանքին գինը եւ ստիպէր գործարաններուն` տեղական ապրանքը գնել:

Եւ այս օրինակը կը տարածուի տնտեսական շատ-շատ մարզերու վրայ: Հայաստանի տնտեսութիւնը այսօր գերազանցապէս հիմնուած է ներածում- ներու վրայ, փոխանակ արտադրական միաւորներ ստեղծելու եւ  գործազրկու- թեան նիշը նուազեցնելու:

Ներկայ իշխանութիւնը առիթը չի փախցներ կրկնելու, թէ պետական պիւտճէն լեցուն է, նոյնիսկ յաճախ օգտագործելով «աննախադէպ» արտայայտութիւնը: Եթէ այդպէս է, ու ես կը հաւատամ որ այդպէս է, հապա ինչո՞ւ անցնող մի քանի տարիներուն արտադրական կամ արդիւնաμերական որեւէ մեծ կամ միջին տարողութեան գործարան չստեղծուեցաւ պետական վարկով կամ օժանդակութեամբ:

Միայն մէկ պաշտօնական տուեալ` խօսուն եւ աղէտալի, եթէ նկատի ունենանք այն իրականութիւնը, որ Հայաստանի բնակչութեան շուրջ 60 տոկոսը գիւղատնտեսութեամμ եւ անոր յարակից գործերով կը զբաղի. Երեւանի գիւղատնտեսական (Աքրարային) համալսարանը այս տարի 600-ի փոխարէն 40 նոր ուսանող պիտի ունենայ: (Հոս աւելորդ չեմ համարեր յիշեցնելու, որ հնագոյն այդ համալսարանին շէնքը 30-ական թուականներուն կառուց ւած է մեր «Պայքար» թերթին հանգանակած գումարներով):

Թերեւս աւելորդ է ըսել, որ պետական պիւտճէին կարեւոր մասը կը ծախսուի «աննախադէպ» ուռճացուած ոստիկանական ուժերու, պետական պաշտօնեաներու, դատաւորներու եւ դատախազներու «աննախադէպ» բարձր ամսականներուն, պարգեւավճարներուն, ինքնաշարժներուն, այցելութիւններուն եւ զուարճանքներուն վրայ: Այլ խօսքով` գումարները կը ծախսուին միայն այն կառոյցներուն, շրջանակներուն եւ անհատներուն վրայ, որոնք կ’ապահովեն իշխանութեան յարատեւումը:

Ինչպէս կը տեսնուի, երիտասարդ սերունդի ապագայի անհեռանկարութիւնն է, որ պատճառ կը դառնայ արտագաղթելու տրամադրութեան ձեւա ւորումին, մանաւանդ ա՛յն երիտասարդութեան, որ տակաւին ամուսնացած չէ, ընտանիք չէ կազմած, չունի կաշկանդող որեւէ պատասխանատուութիւն եւ պատրաստ է, ինչպէս ժամանակին, μախտ որոնելու արկածախնդրութեան ընդառաջ երթալ:

գ) Այս իմաստով ամենամտահոգիչը, դարձեալ երիտասարդ սերունդին առնչուող, μանակային տարիքի հասած կամ հասնող տղոց խնդիրն է:

Հայաստանէն արտագաղթող կամ արտագաղթելու տրամադրութիւն ունեցող ընտանիքներու մեծ մասը, անձնական դիտարկումով, 12-16 տարե- կան տղայ զաւակ ունեցողներուն կը վերաμերի: Յատկապէս 44-օրեայ պատերազմէն ետք, ուր ամμողջ սերունդի մը, շուրջ 5000 հոգի, զոհուիլը տեսանք: Անոնց մայրերու եւ միւս հարազատներու խոշտանքին ու նուաստացումին, ինչպէս նաեւ շուրջ 10 հազար հաշմանդամ դարձած տղոց նկատ- մամμ, մեղմ խօսքով, ոչ պատշաճ վերաμերմունքին, բնական է մեր նորա- հաս այդ սերունդի` հայրենիքը լքելու տրամադրութեան բորբոքումին: Եւս առաւել, երբ փնթիութեան, անկազմակերպ ըլլալու եւ անպատասխանատուութեան պատճառներով վկայ կ’ըլլանք ոչ պատերազմական իրավիճակներու մէջ մեր զինուորներու սպանութեան, առեւանգումին, գերեվարութեան եւ, ամենացնցիչը` Ազատ գիւղին մօտ 15 զինուորներու հրդեհի զոհ դառնալու դէպքը, որմէ ետք μազմաթիւ ծնողներ μնական հարց տուին` «ո՞ւր կ’ուղարկենք մեր տղաքը, ինչո՞ւ համար, որպէսզի անոնց դիա՞կը ստանանք»: Ու մտայնութիւն, աւելի ճիշդ` համոզումը, թէ աւելի ճիշդ է անոնց հեռացումը այս երկրէն: Համոզում` որ տեւական ազդեցութիւն, հետեւանք պիտի ունենայ մեր ազգի ու պետութեան հետագայ կեանքի, նոյնիսկ գոյութեան վրայ թէ՛ սերնդագործութեան, թէ՛ աշխատոյժի, թէ՛ պաշտպանունակութեան իմաստով:

Այո՛, ազգովին կանգնած ենք արտագաղթի նոր ալիքի մը դիմաց, աղէտաբեր` ըստ ամենայնի, նահանջակիր` ամենեքեան:

Ցնցուելու եւ ցնցելու ժամանակն է:

Հակոբ Ավետիքյան

«Պայքար»

Más leídas