SECCIONES
ARMENIA
LOCALES
DIÁSPORA
UGAB
INSTITUCIONES
EMPRENDIMIENTOS Y PYMES
OPINION
AGENDA
SOCIALES
Temp.: -
Hum.: -
Viernes 29 de Marzo - Buenos Aires - Argentina
PREMIO MEJOR MEDIO DE PRENSA PUBLICADO EN LENGUA EXTRANJERA - MINISTERIO DE LA DIASPORA DE ARMENIA 2015
Opinion - Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան
ԱՐՑԱԽԸ ՊԱՐՏԻ ԴԻՄԵԼ ԻՐ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՄԱՆ
13 de Febrero de 2023

Ժամանակն է որ Արցախը եւ աշխարհասփիւռ հայութիւնը ուշքի գան եւ անդրադառնան թէ Լաչինի շրջափակման մղձաւանջը մոռցնել տուած է իրենց Արցախի իսկական մեծագոյն խնդիրը:

Արցախի 44-օրեայ պատերազմին կործանիչ զարգացումները փաստօրէն երկրորդական գետնի վրայ թողուցին 1988 թուի Արցախեան շարժումին կեդրոնական խնդիրըª Արցախի անկախութեան հռչակումը եւ տագնապի կիզակէտը վերածելով դէպի Հայաստանի Հանրապետութիւն Լաչինի ազատ անցքի ապահովումը:

Մանաւանդ կը թուի թէ մոռցուած են 1991-ի Դեկտեմբերի 10-ին հետեւելով օրուան միջազգային օրէնքներու բոլոր պահանջներուն կատարուած հանրաքուէին դրական արդիւնքները, Արցախ արդէն իսկ օրինաւորապէս հռչակած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը:

Այն պարագան թէ առաջին Արցախի պատերազմին աւարտին` 1994-ին ստորագրուած զինադադարէն ետք տեղի ունեցած Մատրիտեան, Մինսքի եւ այլ բանակցութեանց խաժամոյժին մէջ, հայկական կողմը արտօնած է որ այս կարեւոր իրադարձութիւնը մոռացութեան ենթարկուի, տակաւին պարտի վերլուծուիլ պատմաբաններու կողմէ եւ իբրեւ հետեւանքª վստահաբար հայ բանակցողները խստօրէն մեղադրուին:

Այս հանգրուանին սակայն, փոխանակ վերարծարծելու 1991 Դեկտեմբեր 10-ի հանրաքուէի վաւերականութեան խնդիրը, հայութիւնը պէտք է անդրադառնայ թէ այսօր յանկարծ, ակամայ, Արցախի համար նոր ուղի մը կը բացուի իր անկախութեան ճանաչումը պահանջելու` յենելով միջազգային օրէնքներու եւ նախընթացներու ընծայած նոյնքան ոյժեղ օգնութեան:

Հետեւաբար հայկական կողմը պարտի հիմա գործի անցնիլ ոյժգնօրէն եւ առանց որեւէ վարանումի կամ ուշացումի:

Անսպասելի փարատոքսային դարձուածքով մը, պէտք է նոյնիսկ ՙշնորհակալութիւն՚ յայտնենք Ալիեւին` ճամբան հարթած ըլլալուն համար, ստեղծած ըլլալով օրինական եւ մարդասիրական բոլոր անժխտելի պատճառները որոնք Հայաստանին եւ Արցախին թոյլ կու տան ամբողջական անկախութեան ճանաչման իրենց պահանջը ներկայացնելու Միջազգային Արդարադատութեան դատարանին:

Ինչպէս յայտնի է, Հայաստանը այս օրերուն արդէն իսկ Միջազգային դատարան դիմած է, սակայն միայն Լաչինի անցքը բանալու հարցով: Իմ տեսակէտս է որ թէեւ Լաչինի անցքի բացումը կարեւոր է որպէս անմիջական լուծում 120. 000 Արցախահայերու դէպի սով տանող տագնապին գոնէ ժամանակաւոր լուծման համար, սակայն տակաւին առկայ կը մնայ շատ աւելի հիմնական եւ երկարաժամկէտ Արցախի անկախութեան կեդրոնական խնդիրը, որ յանկարծ այսօր կը գտնուի լուծման առաջնորդող իրատես կարելիութեան մը առջեւ:

Քոսովօ-ի անկախութեան պարագան պաշտպանուած է Միջազգային դատարանին Յուլիս 2010-ի որոշումով, որ բազմաթիւ անգամներ որպէս նախադէպ առաջարկուած է Արցախին համար, այսօր եւս կը ներկայանայ որպէս իսկական անվիճելի նախադէպ:

Արցախի հայցին գլխաւոր արգելքը մինչեւ այսօր` Ատրպէյճանի արծարծած տարածքային ամբողջականութեան իր միջազգայնօրէն պաշտպանուած իրաւունքն է, եւ նոյն ժամանակ անոր կեղծ յաւակնութիւնը թէ հայերը շատ հանգիստ կրնան ապրիլ Ատրպէյճանի մէջ որպէս անոր քաղաքացիները: Եթէ նոյնիսկ մէկ կողմ դնենք 1980-ական թուականներու Սումկայիթեան ջարդերու վաւերական տուեալները, բաւական է արծարծել, աւելի քան 50 օրերէ ի վեր, ի տես ամբողջ աշխարհին, Ալիեւի կողմէ գործադրուող ատրպէյճանական անմարդկային գործառնութիւնները, առաւել եւս տարիներէ ի վեր Ատրպէյճանի մէջ գործադրուող հակահայ բացայայտ քաղաքականութիւնը, որպէս հաստատուն այժմէական տուեալներ, ի պաշտպանութիւն Միջազգային Դատարանին ներկայացուելիք Արցախի դատին:

Անժխտելի իրականութիւն է այլեւս թէ անկարելի է Արցախահայութեան համար մարդկային իրաւունքները վայելող որպէս քաղաքացի ապրիլ Ատրպէյճանի սահմաններէն ներս:

Այս պարագան կատարեալ զուգահեռ մը կը հաստատէ Քոսովօ-ի հետ որ միակողմանի քայլով մը իր անկախութիւնը հռչակեց Սերպիայէն 2008 տարուան Փետըրւարին:

Հետեւաբար, մինչ Արցախը կը շարունակէ իր բոլոր աշխատանքները, ապահովելու համար Լաչինի միջանցքի վերաբացումը, իրեն համար շտապ առաջնահերթութիւն պէտք է նկատէ կազմել բարձրագոյն մակարդակի աշխատանքային մարմին մը, նպատակ ունենալով կազմակերպել պաշտօնական իր դիմումը Միացեալ Ազգերու
Միջազգային Դատարանին, պահանջելու համար անկէ իր վճիռը արձակել ի նպաստ Արցախի ամբողջական անկախութեան իրաւունքին:

Արցախի Կառավարութիւնը գլխաւորող նախարար Ռուբէն Վարդանեանի ներկայութիւնը անկասկած մեծ առաւելութիւն մըն է այս աշխատանքին յաջողութեան համար:

Դիւանագիտական այս համարձակ քայլը պէտք էր արդէն իսկ առնուած ըլլար Արցախի զինադադարէն ետք, անցնող 30 տարիներուն ընթացքին: Ընդհակառակը, վարանումի վիճակը եւ լաւ խորհուած եւ նոյնիսկ որոշ խորամանկութեամբ պատրաստուած դիւանագիտական ծրագրի մը բացակայութիւնը այդ տարիներու ընթացքին, Արցախը եւ Հայաստանը հասցուցին այսօրուան թակարդային դրութեան: Համարձակ սակայն լաւ ծրագրուած յանդուգն քայլ մըն է միայն որ կրնայ մեզ ազատել այդ թակարդէն:

Կ´ակնկալենք որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պաշտօնապէս զօրակցի Արցախին` այս կենսական պահանջին եւ դիւրացնէ անոր դիմումը Միջազգային Դատարան: Նոյնպէս տրամաբանականօրէն կ'ակնկալուի որ այն պետութիւնները որ 2010 թուին կանգնեցան Քոսովօ-ի կողքին` այսօր զօրակցին Արցախին:

Վերջապէս, անկասկած կ'ակնկալուի որ սփիւռքահայ մասնագէտները եւս իրենց ամբողջական օժանդակութիւնը տրամադրեն որպէսզի Արցախը վերջապէս տիրանայ պատուաբեր անկախութեան եւ Արցախի բնակչութիւնը որպէս ազատ մարդեր ապրին, 195 անկախ միւսերկիրներու շարքին:

Իմ կարծիքս է որ այստեղ առաջարկուած Արցախ-ի անկախութեան իրաւունքի պաշտպանութիւնը ազգային շտապ առաջնահերթութիւնը վայելող մեր այսօրուան հարցն է:

 

Մոնթրէալ

Más leídas