SECCIONES
ARMENIA
LOCALES
DIÁSPORA
UGAB
INSTITUCIONES
EMPRENDIMIENTOS Y PYMES
OPINION
AGENDA
SOCIALES
Temp.: -
Hum.: -
Jueves 28 de Marzo - Buenos Aires - Argentina
PREMIO MEJOR MEDIO DE PRENSA PUBLICADO EN LENGUA EXTRANJERA - MINISTERIO DE LA DIASPORA DE ARMENIA 2015
Opinion - Մեր Խօսքը, Պատմութեան Ընդառաջ
Նոյեմբերի 26-ին Կայանալիք Եռակողմանի Գագաթաժողովին Լոյսին Տակ
25 de Noviembre de 2021

escudo rag

26 Նոյեմբեր 2021-ին կը կայանայ Ազրպէյճան-Հայաստան-Ռուսիա Եռակողմանի գագաթաժողով մը, որպէս շարունակութիւն եւ ի հաստատում նախորդ տարուայ Նոյեմբեր 9-ի այլապէս ալ վիճելի յայտարարութեան:

Մինչ գագաթաժողովի օրակարգերուն մանրամասնութիւնները եւ այնտեղ ստորագրուելիք փաստաթուղթին բովանդակութիւնը կը մնան խորհրդաւոր ու անյայտ, եւ մինչ նշեալ գագաթաժողովէն բխելիքին հետեւանքներուն վերաբերեալ կան հակասական տեղեկութիւններ ու ենթադրութիւններ, ՌԱԿ-ի Համադրուած Մամուլի Խորհուրդս չափազանց մտահոգ է անոր արդիւնքներով ու հետեւանքներով, որոնք աւելի քան ճակատագրական եւ անյետաշրջելի կրնան ըլլալ Հայ ժողովուրդին եւ հայոց Հայրենիքին համար:

Մեզի համար վաղուց մտահոգիչ է, որ Հայաստանի գործող իշխանութիւնը ի վիճակի չէ մեր երկրին շահերը պաշտպանելու հանդէպ թշնամական մոլուցքով լի Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանին,երբ միջազգային դիւանագիտութեան աշխարհի մէջ ամօթալի եւ անզօր վիճակի մէջ յայտնուած է մեր Հայրենիքը:

Մեզի համար ոչ բարենպաստ այս իրավիճակին մէջ, կը քննարկուին բարի դրացնութեան, հաղորդակցութեան միջոցներու ապաշրջափակման, սահամանազատման եւ սահմանագծման թեմաներուն նման նիւթեր մեր եւ մեր թշնամիին միջեւ:

Դարձեալ կը լսուին թուրքիոյ հետ «առանց նախապայմանի բանակցութիւններ»-ու իբր թէ անաչառ թելադրանքներ:

Ի տես այս բոլորին, մենք ուժգին կը բարձրաձայնենք, որ կարելի չեն նման քննարկումներ, ոչ ալ մնաց
համաձայնութիւններ, մինչեւ այն ատեն, որ.
1. Լուծուած չեն մեր գերիներուն եւ պատանդներուն հայրենադարձման հարցը, ինչպէս նաեւ մեր զոհուած հերոսներուն մարմիններուն ու աճիւններուն Հայրենիք վերադարձը.
2. Պաշտօնապէս կարգաւորուած չէ Արցախի Հանրապետութեան կարգավիճակը եւ անոր ժողովուրդին
ինքնորոշման իրաւունքին կենսահարցը.
3. Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը շարունակեն հայատեաց եւ մեր Հայրենիքին հանդէպ
զաւթողական ու յարձակողական իրենց քարոզչութիւնը:
4. Թշնամին տակաւին կ՛ուրանայ Հայոց Ցեղասպանութիւնն ու Հայ ժողովուրդին իրաւունքները:

Աւելին, մենք կը հաւատանք, որ ըստ մեր երկրին սահմանադրութեան, Հայաստանի գերիշխանութեան վերաբերող կամ սահմանային ոեւէ զիջում կամ փոփոխութիւն անձերու կամ նոյնիսկ պետական հաստատութիւններու իրաւասութենէն վեր պատասխանատուութիւն մըն է, որ կը կարօտի հանրաքուէի, բայց այդ մասին կը լսենք ո՛չ մէկ խօսք:

Հայաստանի հանրապետութեան, այսօրուան իշխանութիւնը Նոյեմբեր 9-ի ծանօթ զիջումներու յայտարարութենէն ալ անդին անցնելով, մեզի համար անհասկնալի պատճառներով թշնամի Ազրպէյճանին զիջեցաւ Սիւնիքի մարզի արեւելեան կողմի տարածքները, որոնք հայոց բանակին հսկողութեան տակ կը գտնուէին: Տարածքներ, որոնք Սիւնիքի անվտանգութեան գօտին կը կազմէին, այս գործողութեամբ, հարցականի տակ դնելով միջազգային ընտանիքին կողմէ երաշխաւորուած՝ Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնն ու սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը:

Սոյն իշխանութիւնը այս յաւելեալ զիջումները կատարեց հակառակ այն փաստին, որ վերոնշեալ չարաբաստիկ յայտարարութեան մէջ յստակօրէն պայմանաւորուածութիւն կար, որ հակամարտութեան մէջ եղող իւրաքանչիւր կողմը պիտի մնար մինչեւ տուեալ թուականը իր ունեցած դիրքերուն վրայ...:

Հակառակ այս յարաբերաբար շահաւէտ փաստին, Հայաստանի իշխանութիւնները պահել չյաջողեցան Հայրենիքը պաշտպանող մեր դիրքերը:

Այս յայտարարութեան որեւէ կէտին մէջ նոյնիսկ ակնարկ մը անգամ չկար, Կուպաթլիի եւ Զանգելանի նախկին շրջաններու ամբողջական յանձնման մասին, ընդ որուն 9 Նոյեմբեր 2020-ի դրութեամբ կը պահպանուէին այդ շրջաններէն որոշակի մասեր եւ կարեւորագոյն դիրքեր, որոնք կ՛երաշխաւորէին Սիւնիքին, ներառեալ Գորիս-Ղափան ճանապարհի եւ Ղափան քաղաքի յարակից գիւղերու ապահովութիւնը:

Մենք շուտով ականատես եղանք, Հայրենի Շուռնուխ գիւղի, եւ Որոտանի ճամբուն անհասկնալի եւ անտրամաբանական պատճառաբանութիւններով զիջումներու գործընթացին, որուն որպէս հետեւանք ազրպէյճանական կողմը այսօր կը վերահսկէ Հայաստանի հիւսիսամասը մեր պապենական Սիւնիքին կապող հիմնական ճանապարհը:

Ընդամէնը շաբաթներ առաջ էր երբ ՀՀ ապահովական բարձր պաշտօնակատար մը մեզի «աւետեց» որ ազրպէյճանական կողմը մաքսային անցարգելներ տեղադրած է Գորիս – Ղափան ճամբուն վրայ:

Հիմնուելով այս բոլորին վրայ, ՌԱԿ-ի Համադրուած Մամուլի Խորհուրդս սոյն խօսքով կու գայ միանգամընդմիշտ հաստատելու, որ անկախ ամէն հանգամանքէ եւ իրաւագիտական, թէ սահմանադրական տուեալներէ, Հայրենիքին ապահովութիւնը, գոյութիւնն ու յաւերժութիւնը, կը վերաբերի ինչպէս ՀՀ բնակիչ, նաեւ աշխարհասփիւռ հայութեան: Հետեւաբար, ո՛չ մէկը իրաւունք ունի, որոշումներ կայացնելու կամ համաձայնութիւններ ստորագրելու բովանդակ Հայ ժողովուրդին անունով, որմէ նման գործողութեան մը համար մանտաթ մը չունի նոյնիսկ տուեալ պահու մը մէջ գործող օրինական իշխանութիւն մը:

Հայաստանի հանրապետութեան ոեւէ ղեկավար կամ իշխանութիւն, պատմութեան առջեւ եւ Աստուծոյ առաջ պատասխանատու է եւ բարոյապէս հաշուետու՝ համայն հայութեան: Վերջապէս, մեր հայրենիքին հզօրութեամբ է, որ գոյատեւած է թուրքին եաթաղանէն մազապուրծ Սփիւռքը: Հայրենիքի բարօրութեան ու գոյերթին համար, ինչպէս նաեւ անոր շունչով ապրող Հայ ժողովուրդի աշխարհասփիւռ իւրաքանչիւր զաւակ խնայած է, ո՛չ մէկ միջոց: Հետեւաբար, այս փաստին դիմաց ան ունի բարոյական իրաւունքը մասնակիցը դառնալու Հայ ժողովուրդին արիւնովը պահուած Հայրենիքին ճակատագիրը որոշող ոեւէ գործողութեան, որովհետեւ այդպէսով է, որ
երաշխաւորուած է բովանդակ Հայ ժողովուրդին ներկան ու ապագան:

24.11.2021 ՌԱԿ-ի ՀԱՄԱԴՐՈՒԱԾ ՄԱՄՈՒԼԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
«Ազգ» (Հայաստան) - «Ապագայ» (Գանատա) - «Արեւ» (Եգիպտոս)
«Զարթօնք» (Լիբանան) - «Նոր Աշխարհ» (Յունաստան) - «Պայքար» (ԱՄՆ)
The Armenian Mirror-Spectator (ԱՄՆ) - «Սարտարապատ» (Արժանթին)

Más leídas