SECCIONES
ARMENIA
LOCALES
DIÁSPORA
UGAB
INSTITUCIONES
EMPRENDIMIENTOS Y PYMES
OPINION
AGENDA
SOCIALES
Temp.: -
Hum.: -
Viernes 29 de Marzo - Buenos Aires - Argentina
PREMIO MEJOR MEDIO DE PRENSA PUBLICADO EN LENGUA EXTRANJERA - MINISTERIO DE LA DIASPORA DE ARMENIA 2015
Opinion - Արտահերթ Ընտրութիւններ
Փաշինեանը Չյաղթեց. «Նախկինները» Պարտուեցան
22 de Junio de 2021

Աւարտեցան Հայաստանի Ազգային Ժողովի Արտահերթ Ընտրութիւնները: Կեդրոնական Ընտրական Յանձնախումբը յայտարարեց ընտրութեան նախնական արդիւնքները, ըստ որուն իշխող կուսակցութիւնը՝ Քաղաքացիական Պայմանագիրը ստացած է ձայներուն 53.92 % Քոչարեանի «Հայաստան» դաշինքը՝ 21.04 %, Սերժ Սարգսեանի հովանաւորած «Պատիւ ունեմ»-ը՝ 5.23 %: Այս երեքն են, որ կը հաւակնին մուտք գործել խորհրդարան: Մինչ աւելի փոքր տոկոսներ ստացած մնացեալ մասնակիցները դուրս կը մնան նորընտիր խորհրդարանէն:

Ես կը հաւատամ, որ արդիւնքները անակնկալ էին, նոյնիսկ ընտրութիւնները կազմակերպող իշխանութեան համար եւ իրենց  իսկ ձեռք բերած արդիւնքը՝ իրենց լաւատեսութեան սահմաններէն շատ բարձր: Մինչ նոյն արդիւնքները ուսանելի պէտք է ըլլան բոլորիս, նամանաւանդ ընդդիմութեան համար:

Նախ եկէք համաձայնինք, որ Փաշինեանը չէ, որ անպայմանօրէն յաղթեց: Այլ՝ «նախկիններուն» կազմած անմիակամ դաշինքներն են, որ պարտուեցան պարզ այն պատճառով, որ չէին կրցած շօշափել ընտրող մասսային բազկերակը եւ քայլ մը ետեւ մնալով յառաջ մղել աւելի չէզոք եւ անեղծ անցեալով  ուժեր: Իշխանութեան ի նպաստ քուէարկողները, անպայմանօրէն չքուէարկեցին յօգուտ անոր, այլ՝ անոնք ինչպէս 2018-ին, այս անգամ եւս քուէարկեցին, ոչ անպայմանօրէն ի սէր Փաշինեանին, այլ՝ պարտութեան մատնելու իրենց կողմէ մերժուած «նախկինները»:

Հայաստանի նման երկիրներու ընտրական գործընթացը առնչուած է եւ սերտօրէն կապակցուած է ամբոխներու հետ, որոնք զգացումներով է, որ կ՛առաջնորդուին  եւ ոչ անպայման տրամաբանութեամբ: Հետեւաբար ակնկալելի էր, որ ամբոխը առաջնորդուի իր անմիջական վախերով եւ դառն կենսափորձով քան ազգային կամ հայրենասիրական ոչ անպայմանօրէն շօշափելի սկզբունքներով:

Իշխանութեան ի նպաստ քուէարկողներուն կարեւոր մէկ մասը Հայաստանի տարբեր մարզերէն էին: Ինչո՞ւ. որովհետեւ «նախկիններուն« հանդէպ կեղեքումի եւ ընչազուրկ մնալու իրական թէ արհեստականօրէն հրահրուած անոնց վախը եկաւ գերակշռելու  դաւաճանը կամ ապիկարը մերժելու կամ հայրենասիրութիւնը ու ազգայինը անձնական վախին վրայ գերակշռելու անհրաժեշտութեան: Հետեւաբար զարմանալի չէ, որ Սիւնիքի մէջ, որուն տարածքները կորսնցնելու վտանգին առջեւ կը գտնուինք ի պատիւ ապիկար իշխանութեան, իշխանութիւնը կարեւոր թիւով ձայներ ստանայ: Սիւնեցին առաջնորդուեցաւ «նախկինններէն» զգացած իր անմիջական վախերով, որ եկաւ շրջանցելու հայրենիք հասկացողութեան հանդէպ իր վերացական շահախնդրութիւնը:

Մենք այս տրամաբանութեամբ կը գրենք միշտ զանց առնելով տակաւին չփաստուած կեղծիքի ազդակը, որ անշուշտ կրնայ նաեւ իր ազդեցութիւնը ունեցած ըլլալ ամբողջ արդիւնքին վրայ:

Պատահածը նաեւ արդիւնքն էր Նոյեմբեր 9-ի ամօթալի անձնատուութեան յաջորդող օրերուն ընդդիմութեան կողմէ սխալ հաշուարկուած եւ մոմենթըմը ափսոս այրելու ապիկարութեան: Այս մասին օրին շատ գրած ենք՝ խրատելով ընդդիմութեան դաշնակ կողմին, որ մէկդի դնէ կուսակցական փրոփականտի իր հին եւ դդումի համ տուող սեւտան կամ աշխատելաոճը, որպէսզի վնաս չհասցնէ համազգային ընդվզումի շարժումի մը, որ կրնար ծնիլ այդ օրերուն եւ տապալել իշխող ապիկար եւ պարտուած իշխանութիւնը: Ափսոս սակայն:

Այսօր վերոնշեալ կուսակցութիւնը զարմանալու շատ պատճառներ չունի: Որովհետեւ ինքը Փաշինեանէն վար չի մնար հաւաքականութիւն մը ամբոխ պահելու իր քաղաքականութեան մէջ: Վկայ՝ Սփիւռքի վերջին հարիւրամեայ պատմութիւնը: Սփիւռքը իր վերահսկողութեան տակ պահելու կարճատես իր գործելաոճով  եթէ ան մեծապէս օգտուած էր մինչեւ օրս, այսօր՝ «կախարդութիւնը» շրջուեցաւ «կախարդին» վրայ եւ այլ տեղ՝ այսինքն Հայաստանի մէջ ամբոխամտութիւնը իրեն հակառակ կողմին օգնեց: Հետեւաբար պարտութեան մատնուեցան այդ հին սակայն կարճատես ու ապագայ չունեցող դպրոցին «ռահվիրայ» դաշնակները եւս...:

Հայաստանի մէջ միշտ կարելի էր ժողովուրդին կողմէ ընկալելի եւ սրտամօտիկ՝ «ոչ հին. ոչ նոր»՝ երրորդ կան առաջին ուժ մը ստեղծել տապալելու Փաշինեանի երեւոյթը: Այս բանին կրնային օգնել պետական փորձառութիւն ունեցող «նախկինները» եթէ անշահախնդիր գործելաոճ ունենային: Ընդհակառակը սակայն, անոնք փոխանակ ասպարէզը նոր ուժերու ձգելու՝ իրագործելու համար համընդհանուր նպատակակէտը, իրենք իրենց ձեռքերը սոթտած անձամբ իջան մէյտան յօդս ցնդեցնելով իշխանափոխութիւն յաջողցնելու յոյսերը: Անոնք այդ փոքր սակայն ազնիւ ուժերը ամբաստանեցին, որպէս ձայներ փոշիացնող եւ ի վերջոյ Փաշինեանին սատարող կուսակցութիւններ: Իրականութեան մէջ սակայն իրենք էին, որ փոշիացուցին եւ նսեմացուցին այդ ուժերը, որոնք ունէին հաւանականութիւնը փոփոխութիւն յառաջացնելու:

Խօսիմ մէկ պարզ օրինակով.

Ըստ Հայաստանի ընտրական օրէնսդրութեան, քարոզչութեան ֆինանսաւորման նախընտրական հիմնադրամ մը գոյութիւն ունի, որուն մէջ սահմանուած ժամկէտին ընտրութեան մասնակից կողմերը Կեդրոնական դրամատան մօտ պահ կը դնեն ընտրական իրենց քարոզչութեան համար օգտագործելիք գումար մը:

Ըստ Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովին տուեալներուն, իշխանութիւնը՝ Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութիւնը իր քարոզարշաւին համար տրամադրած է շուրջ 880 հազար ամ. տոլարի համազօր հայկական դրամ: Սերժ Սարգսեանի հովանաւորած «Պատիւ ունիմ» դաշինքը՝ շուրջ 535 հազար ամ. տոլար: Քոչարեանի «Հայաստան» դաշինքը իր ընտրական քարոզչութեան համար տրամադրած է շուրջ 473 հազար ամերիկեան տոլար: Այս գումարները անշուշտ տեսանելիներն  բացայայտուածներն են: Ընտրութեան արդիւնքով, Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութիւնը ստացաւ շուրջ 687 հազար ձայն, «Պատիւ ունիմ» դաշինքը՝ շուրջ 67 հազար ձայն, իսկ «Հայաստան» դաշինքը՝ շուրջ 268 հազար ձայն: Անդին փոքր եւ նորաստեղծ սակայն ազգային վեհ գաղափարախօսութեամբ եւ իր անդամներով անեղծ կուսակցութիւն մը ինչպիսին է Զարթօնք ազգային-քրիստոնէական կուսակցութիւնը իր ընտրարշաւին համար կրցած էր տրամադրել միայն շուրջ 5 հազար տոլար եւ ստացած մօտ 5000 ձայն: Թուաբանութիւնը դուն ըրէ սիրելի ընթերցող: Աւելի քիչ գումարի փոխարէն յարաբերաբար աւելի շատ թիւով իր մասին տեղեկացուած հանրութիւն կամ քարոզարշաւի արդիւնք: Ուրեմն տուեալ այդ փոքր կուսակցութիւնը կամ նմանօրինակ կուսակցութիւնները եթէ ֆինանսական՝ հետեւաբար կազմակերպչական աւելի հնարաւորութիւններ ունենային, աւելի լաւ արդիւնքներու չէի՞ն հասներ...:

Եղածը եղած է այսօր եւ ունինք ինչ որ ունինք: Կը մնայ, որ իշխանութիւնը աւելի լաւ հասկնայ, թէ ընտրապայքարը աւարտած է եւ ինք դարձեալ իշխանութեան գլուխն է: Փորձէ սրբագրել իր նախկին սխալները: Հետեւաբար ըլլայ աւելի յաղթողի վեհ հոգեբանութեամբ եւ հանդուրժող ու բոլորը լրջութեամբ եւ անկեղծօրէն ընկալող: Ընդդիմութեան կը մնայ, վերջին 30 տարիներուն ամենաիրական ընդդիմութիւնը ունեցող նոր խորհրդարանին մէջ աշխատի այնպէս մը, որ քաղաքակիրթ եւ լիիրաւ կերպով օգտագործածէ խորհրդարանէն ներս ընդդիմութեան բեմը եւ հասանելիութիւնը:

Ամօթը կը մնայ սկզբունքով 52 տոկոս կազմող ընտրելու իրաւունք ունեցող այն լուռ մասսային ճակտին, որ նախընտրեց ընտրութեան օրը անտարբեր մնալ ու չկատարել իր քաղաքացիական պարտականութիւնը:

Ամօթ նաեւ, սփիւռքի «հեռակայ հայրենասիրութեամբ» տոգորուած կազմակերպութիւններուն եւ կարողութիւնը ունեցող անհատներուն, որոնք իրենց ուժերն ու առաջնահերթութիւնները հայրենիք չտեղափոխեցին ու այնպէս ալ չսատարեցին այլընտրանքային ուժի մը ստեղծման՝ հայրենիքը դուրս բերելու համար իր ներկայ իրավիճակէն: 

Մինչեւ նոր արտահերթ...:

                                                                                                                         ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Más leídas