SECCIONES
ARMENIA
LOCALES
DIÁSPORA
UGAB
INSTITUCIONES
EMPRENDIMIENTOS Y PYMES
OPINION
AGENDA
SOCIALES
Temp.: -
Hum.: -
Jueves 25 de Abril - Buenos Aires - Argentina
PREMIO MEJOR MEDIO DE PRENSA PUBLICADO EN LENGUA EXTRANJERA - MINISTERIO DE LA DIASPORA DE ARMENIA 2015
Համագործակցական Հանդիպում Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Հայաստանակեդրոն Կառոյցին Հետ

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

07 de Septiembre de 2020

Հայաստան իր աշխատանքային այցին ծիրէն ներս ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ ընկ. Սեւակ Յակոբեան հանդիպում մը ունեցաւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան ղեկավարութեան հետ:

ՌԱԿ-ի Երեւանի կեդրոնատեղիին մէջ ընկ. Յակոբեանը ընդունեցին ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ ընկ. Հրաչեայ Կարապետեանը, փոխատենապետ՝ կազմակերպչական եւ կառոյցներու պատասախանատու ընկ. Յովիկ Օհանեանը եւ փոխատենապետ՝ Սփիւռքի կառոյցներու եւ արտագին յարաբերութիւններու պատասխանատու՝ ընկ. Կարէն Կակոյեանը:

Ընդհանուր ծանօթացումի հանդիպման ընթացքին, որ քորոնա ժահրի պարտադրած իրավիճակով ուշացումով կայացաւ, ընկ. Յակոբեան ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան իր գործընկերներուն անունով շնորհաւորեց ՌԱԿ-ի հայաստանակեդրոն Կեդրոնական  նորընտիր վարչութիւնը:

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան պատասխանատուները մօտէն հետաքրքրուեցան Լիբանանի ժողովուրդին եւ յատկապէս լիբանանահայութեան եւ ՌԱԿի տեղւոյն շրջանակի իրավիճակով մանաւանդ Պէյրութի պայթումէն ետք:

Հիւրընկալ վարչութեան ներկայացուցիչները ընկ. Յակոբեանին յայտնեցին իրենց պատրաստակամութիւնը գործակցելու Սփիւռքի մէջ գործող ՌԱԿ-ի բոլոր կառոցներուն հետ՝  լաւագոյն կապերը ստեղծելով աշխարհասփիւռ շարքային ընկերներուն հետ:

Հանդիպումը առիթ մըն էր, որուն ընթացքին կողմերը քննարկեցին կառուցային փոխյարաբերութեանց չափորոշիչներ եւ համատեղ գործակցութեան կարելիութիւններ ու հեռանկարներ:

Más leídas