SECCIONES
ARMENIA
LOCALES
DIÁSPORA
UGAB
INSTITUCIONES
EMPRENDIMIENTOS Y PYMES
OPINION
AGENDA
SOCIALES
Temp.: -
Hum.: -
Martes 16 de Abril - Buenos Aires - Argentina
PREMIO MEJOR MEDIO DE PRENSA PUBLICADO EN LENGUA EXTRANJERA - MINISTERIO DE LA DIASPORA DE ARMENIA 2015
Կը վերաբացուի «Հայերն այսօր» լրատուական հարթակը

Սփիւռքի մասին՝ հայրենիքէն

06 de Septiembre de 2020

«Հանրային կապերու եւ տեղեկատուութեան կեդրոն» ՊՈԱԿ-ի Սփիւռքի բաժինը կը
վերագործարկէ «Հայերն այսօր» լրատուական հարթակը։ Իր երկարամեայ
գործունէութեան ընթացքին «Հայերն այսօրը» դարձաւ համահայկական լրատուական
հարթակ։ Եւ հիմա, հաշուի առնելով կուտակած մեծ փորձը, սփիւռքի մէջ ձեռք բերած մեծ
ճանաչելիութիւնն ու վստահութիւնը, կը կարեւորուի սփիւռքահայերու հետ
երկխօսութիւնը շարունակել նոր մօտեցմամբ։
«Հայերն այսօրը» պիտի տրամադրէ ծաւալուն, համապարփակ եւ առարկայական
քառալեզու տեղեկատուութիւն հայաստանեան կարեւոր իրադարձութիւններու,
հայրենիք-սփիւռք կապերու եւ նախաձեռնութիւններու, հայրենադարձութեան եւ
սփիւռքին առնչուող նիւթերու վերաբերեալ։
Մենք աշխոյժ պիտի ըլլանք ընկերային ցանցերու տիրոյթէն ներս։ Մեզի կրնաք հետեւիլ
Ֆէյսպուքի եւ Ինսթակրամի վրայ։ Մենք պատրաստ ենք համագործակցիլ Հայաստանի և
Սփիւռքի լրատուամիջոցներուն հետ, իրականացնել համատեղ ծրագրեր։

Más leídas