SECCIONES
ARMENIA
LOCALES
DIÁSPORA
UGAB
INSTITUCIONES
EMPRENDIMIENTOS Y PYMES
OPINION
AGENDA
SOCIALES
Temp.: -
Hum.: -
Viernes 03 de Mayo - Buenos Aires - Argentina
PREMIO MEJOR MEDIO DE PRENSA PUBLICADO EN LENGUA EXTRANJERA - MINISTERIO DE LA DIASPORA DE ARMENIA 2015
Medios Comunitarios - Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ, Վսեմաշուք Պրն. Շահրամանեան,
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Համադրուած Մամուլ
14 de Septiembre de 2023

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱԴՐՈՒԱԾ ՄԱՄՈՒԼԻ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ

755 Mount Auburn Street
Watertown, MA 02472 USA
12 Սեպտեմբեր 2023

Տիար Սամուէլ Շահրամանեան
Վսեմաշուք Նորընտիր Նախագահ
Արցախի Հանրապետութեան
Ստեփանակերտ - ԱՀ


Վսեմաշուք Պրն. Շահրամանեան,
Յանուն Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Համադրուած Մամուլի համախմբումին, սրտանց կը շնորհաւորենք Ձեզ, Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ ընտրուելուն հպարտառիթ պատեհութեան համար: Առ այս Ձեզի կը մաղթենք ուժ, կարողութիւն եւ կամք՝ յաղթահարելու համար հերոսական Արցախին, իր նորագոյն պատմութեան այս շրջանին դիմագրաւած ճգնաժամային մարտահրաւէրները:

Նոյն առիթով կը շնորհաւորենք նաեւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովը եւ բովանդակ արցախահայութիւնը, իմաստութեամբ, պետականամէտ պահուածքով եւ ազգային բարձր գիտակցութեամբ տնօրինելու ինքնաղեկավարման, ինքնիշխանութեան եւ ինքնապահպանման դժուարագոյն սակայն մարդկային արդարացի իրաւունքները հետապնդելը:

Զօրակցութիւն յայտնելով Ձեր գլխաւորութեամբ գործող Արցախի իշխանութեան եւ հերոսական արցախահայութեան, կը վստահեցնենք Ձեզի, Պարոն Նախագահ, որ Ռամկավար Ազատական աշխարհասփիւռ մամուլի մեր օրգանները, իրենց խմբագրակազմերով, աշխատակիցներով եւ բազմահազար ընթերցողներու լայն շրջանակներով շարունակական թափով յառաջ պիտի մղեն իրենց զօրակցական քարոզչական աշխատանքները, ի խնդիր Արցախի պետականութեան ամրապնդումին ու իր քաջարի ժողովուրդին պաշտպանութեան եւ բարեյաջող գոյերթին:

Յաջողութիւն մաղթելով Ձեր ազգանուէր դժուարին առաքելութեան, կը խնդրենք ընդունիլ մեր յարգանաց հաւաստիքն ու ամբողջական նեցուկի երաշխիքը:

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ՀԱՄԱԴՐՈՒԱԾ ՄԱՄՈՒԼԻ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ   

medios rag su  

 

Más leídas