SECCIONES
ARMENIA
LOCALES
DIÁSPORA
UGAB
INSTITUCIONES
EMPRENDIMIENTOS Y PYMES
OPINION
AGENDA
SOCIALES
Temp.: -
Hum.: -
Jueves 02 de Mayo - Buenos Aires - Argentina
PREMIO MEJOR MEDIO DE PRENSA PUBLICADO EN LENGUA EXTRANJERA - MINISTERIO DE LA DIASPORA DE ARMENIA 2015
Instituciones - Թէքէեան Մշակութային Միութեան Կեդրոն´ Պուէնոս Այրէս
Լոս Անճելըի´ Հ․Բ․Ը․Մ․ Մանուկեան-Տէմիրճեան Վարժարանի սաներ
08 de Agosto de 2023

Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիոյ նահանգի Լոս Անճելըի Հ․Բ․Ը․Մ․ի Մանուկեան-Տէմիրճեան Վարժարանի սաները, որոնք Յուլիս 24-էն ի վեր կը գտնուէին Արժանթինի Հանրապետութիւն, որպէս աւելի քան 20 տարի շարունակուող դպրոցական փոխանակման ծրագրի հերթական մասնակիցներ, անցեալ Ուրբաթ, Օգոստոս 4-ին, այցելեցին Պուէնոս Այրէսի Թէքէեան Մշակութային Միութեան Կեդրոն։

grupo frente al monumento

Երիտասարդները, որոնք եկած էին վարժարանի համակարգողներ Վերոնիքա Գարատանեանի եւ ուսուցչուհի Թալին Հաշլեանի, ինչպէս նաեւ տեղւոյն համակարգող Միրիամ Պօղոսեանի ուղեկցութեամբ, ընդունուեցան հաստատութեան նախագահ Սերխիօ Նահապետեանի, Սանթիակօ Տագէսեանի, Խօսէ Թապագեանի, ուսուցչուհի Ելենա Աշճեանի եւ միւս անդամներու կողմէ, որոնք մեծ ուրախութեամբ ցոյց տուին հաստատութեան յարմարութիւնները, մանաւանդ արուեստի գործերը, որոնց շարքին վարպետ Մանուել Ղըրիտեանի հայոց պատմութիւնը պատկերող որմնանկարը։ Ան հեղինակն է նաեւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան կեդրոնի մուտքին գտնուող Սարդարապատի յուշարձանին։

antonio con sergio y santy Sergio con José

Խումբին կ՛ուղեկցէին Հ․Բ․Ը․ Միութեան Պուէնոս Այրէսի Մասնաճիւղի Ատենապետ Անթոնիօ Սարաֆեանը տիկնոջ հետ, որոնք ուսանողներուն հետ միասին մասնակցեցան սփիւռքահայերու դերին, հայ մշակոյթի պահպանման եւ տարածման կարեւորութեան, մանաւանդ աշխարհի որեւէ կողմ հայկականութեան արմատներու սերմանումին առնչուող հարցերու շուրջ հաճելի քննարկումին, ինչպէս կ՛ապացուցանէ Հարաւային թէ Հիւսիսային Ամերիկաներու գաղութներու պատմութիւնը, ուր կառուցուած եւ ստեղծուած են փոքր եւ մեծ հայկական գաղութներ՝ հեռու նախնիներու հայրենիքէն։

foto mural 2 chicos foto mural

Ուսանողներուն ներկայացուեցան Հայաստանի եւ Արցախի վերաբերեալ թարմացուած նիւթեր, որոնք, որպէս ընթերցանութեան հետաքրքրական նիւթ, համակարգողներու կողմէ պիտի օգտագործուին Լոս Անճելըսի իրենց ուսումնական հաստատութեան մէջ։

Շատ հետաքրքրական այցելութիւն մըն էր եւ, միեւնոյն ատեն, հաճելի, քանի որ անգամ մը եւս իրականացուցինք հայկականութիւնը աշխարհի բոլոր ծայրերը տարածելու, պահպանելու եւ վառ պահելու մեր նպատակը։ Քարտէզի հակառակ կողմերը գտնուող երկու հայկական դպրոցներու փոխանակման այս ծրագիրը վառ օրինակն է ատոր:

Կը շնորհաւորենք Հ․Բ․Ը․ Միութիւնը եւ փոխանակման ծրագրի քաջալերողները եւ ղեկավարները:

gabrink

 

 

Más leídas