Արժանթինի հայ համայնքը պիտի չմասնակցի Հայկական Սփիւռքի Գագաթնաժողովին
Արժանթինի Հանրապետութեան Հայկական Հաստատութիւնները (IARA) կը յայտնեն հանրային կարծիքին, թէ մեր երկրին հայ համայնքը պաշտօնապէս պիտի չմասնակցի Հայկական Սփիւռքի Գագաթնաժողովին (Global Armenian Summit), որ տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ, յառաջիկայ Նոյեմբեր 5-էն 8։
Այս որոշումը առնուեցաւ այն բանէն ետք, երբ IARA երկու նամակ յղեց Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Գործերու Բարձր Յանձնակատար Զարեհ Սինանեանին՝ դիմելով հանդիպում մը ունենալ ձեռնարկէն առաջ, որպէսզի կարելի ըլլայ աւելի մանրամասնօրէն ծանօթանալ անոր նպատակներուն, քննարկուելիք նիւթերուն եւ աշխարհի հայ համայնքներուն մասնակցութեան համար նախատեսուած միջոցներուն։
Առաջին նամակը ուղղակիօրէն յղուեցաւ Բարձր Յանձնակատարին։ Պատասխան չստանալուն պատճառով՝ երկրորդ նամակ մը եւս ուղարկուեցաւ, այս անգամ Արժանթինի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանին միջոցով։ Երկու նամակներն ալ մնացին անպատասխան։
Կը նկատենք, որ նախնական երկխօսութիւնը, խորհրդակցութիւնը եւ Սփիւռքի հաստատութիւններուն արդիւնաւէտ մասնակցութիւնը հիմնական պայմաններ են Հայաստանի եւ արտերկրի իր համայնքներուն միջեւ ամուր եւ վստահութեան վրայ հիմնուած յարաբերութիւն մը կառուցելու համար։
Սփիւռքը չի կրնար նկատուիլ որոշումներու պարզապէս ընդունող մը, այլ՝ ռազմավարական դաշնակից մը, որուն փորձառութիւնը, անցած ուղին եւ յանձնառութիւնը պէտք է լսուին եւ արժեւորուին։
Այս պատճառով, IARA-ն անհրաժեշտ կը նկատէ յստակացնել, թէ Գագաթնաժողովին անհատական հանգամանքով մասնակցող ոեւէ անձ միայն այդ մասնակցութեամբ չի ներկայացներ Արժանթինի հայ համայնքը։ Մեր համայնքի անդամներուն հաւանական ներկայութիւնը հանդիպումին պիտի ըլլայ բացառապէս անձնական որոշումներու արդիւնք։ Նոյնպէս, Գագաթնաժողովէն բխելիք յայտարարութիւնները, եզրակացութիւնները կամ հաղորդագրութիւնները չեն կրնար նկատուիլ Արժանթինի հայ համայնքի դիրքորոշման կամ հաւաքական կամքին արտայայտութիւնը, քանի որ համայնքը հոն պիտի չունենայ յստակ եւ պաշտօնական լիազօրութեամբ օժտուած ներկայացուցչութիւն։
Կը վերահաստատենք մեր պատրաստակամութիւնը՝ նպաստելու Հայաստանի հզօրացման եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ու Սփիւռքի միջեւ կապերու ամրապնդման, փոխադարձ յարգանքի, հաստատութենական երկխօսութեան եւ համայնքներու իրական մասնակցութեան հիման վրայ։
Հզօր Հայաստան մը հզօր Սփիւռքի մը կարիքն ունի։ Իսկ հզօր Սփիւռքը կը պահանջէ, որ իր հաստատութիւնները լսուին, յարգուին եւ ճանչցուին որպէս օրինական երկխօսակիցներ։
IARA — ԱՐԺԱՆԹԻՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ