SECCIONES
ARMENIA
LOCALES
DIÁSPORA
UGAB
INSTITUCIONES
EMPRENDIMIENTOS Y PYMES
OPINION
AGENDA
SOCIALES
Temp.: -
Hum.: -
Lunes 06 de Mayo - Buenos Aires - Argentina
PREMIO MEJOR MEDIO DE PRENSA PUBLICADO EN LENGUA EXTRANJERA - MINISTERIO DE LA DIASPORA DE ARMENIA 2015
Instituciones - Հայ եկեղեցիին դերը
ՍԱՐՏԱՐԱՊԱՏ ՇԱԲԱԹԵՐԹԻ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ ՀԱՅ ԿԵԴՐՈՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀ` ՎԱՐԴԻ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆԻՆ ՀԵՏ
09 de Enero de 2021


- Շատ իւրայատուկ տարի մը եղաւ 2020 թուականը , եւ հայկական եկեղեցին զերծ չմնաց աշխարհի եւ և Արժանթինի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններէն: Դուք որպէս Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ վարչութեան նախագահ, ի՞նչ կրնաք ըսել մեզի. ինչպէ՞ս անցաւ համաճարակի այս շրջանը Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ կրթական հաստատութեան և այլ բաժանմունքերու բոլոր գործունէութեանց համար:

- Տարուան սկիզբը շատ դրական տեսք ուներ եւ մենք կը պատրաստէինք նոր ծրագիրներ: Երբ համաճարակը սկսաւ տարածուիլ, ուրիշ առաջնահերթութիւն չկար, քան սկսիլ այն կանխազգուշական միջոցառումներու գործադրութեան, որոնք կը թելադրուէին, «Քովիտ 19» -ի համաճարակէն չվարակուելու համար: Առկայ իրավիճակը սարսափելի էր, քանի որ մենք բառացիօրէն կը պայքարէինք ուրուականի մը դէմ: Դպրոցներու ղեկավար մարմիններու անվերապահ աջակցութեամբ և կառավարական իշխանութիւններու հետ մշտական երկխօսութեամբ առինք պէտք եղած քայլերը, որոնք ունեցան առաւել քան գոհացուցիչ արդիւնքներ՝ համաշխարհային այս աղէտի պարագային: Բոլորին կեանքը ամբողջովին փոփոխութեան ենթարկուեցաւ: Ոչ ոք յստակ կերպով չէր կրնար մտածել ապագայի մասին. վստահ չէր թէ ինք պիտի կարենար շարունակել իր ունեցած գործը, յայտնի չէր, թե ինչպէս պիտի արձագանքէր իւրաքանչիւր ընտանիք այս ստեղծուած կացութեան դիմաց, եւ ինչպէս դիմագրաւէր տնտեսական աղէտը: Մեծ լարուածութեան և անորոշութեան ամիսներ էին: Մենք մօտէն կը հետեւէինք հայկական միւս ուսումնական հաստատութիւններուն, որոնք առնչութիւն ունին մեր դպրոցին հետ և պէտք է գնահատենք , որ Արծրունի, Պախչէճեան և Դերձակեան դպրոցներուն մէջ, ինչպէս նաև Սուրբ Գրիգոր Կրթ. Հաստատութեան ցուցաբերած արհեստավարժութիւնը մեզի նեցուկ հանդիսացաւ դիմակայելու այնպիսի իրավիճակ մը, որ անլուծելի կը թուէր: Բոլոր հայկական դպրոցներու ուսուցչական կազմերը մեծ ճիգ թափեցին աշակերտներու կրթական որակը իր մակարդակին վրայ պահելու համար, եւ արժանացան ծնողներու բարձր գնահատանքին: Իր հերթին, մենք պետք է ընդունինք մեր երկրի կառավարութեան ցուցաբերած հետաքրքրութիւնը եւ օժանդակութիւնը ATP ծրագրի իրականացման հարցին մէջ, որ որոշ չափով օգնեց կրթական հաստատութիւններուն, իրենց տնտեսական այս նեղ կացութեան մէջ: Ինչ կը վերաբերի ծնողներու զոհողութեան, անոնք մեծ ջանքերով կը շարունակէին կատարել իրենց պարտաւորութիւնները, շատ մը պարագաներու, դպրոցները ստիպուած էին յարմարիլ իւրաքանչիւր ընտանիքի տնտեսական ծանր իրավիճակին: Այս ամէնը յանգեցաւ շատ գոհացուցիչ իրավիճակի մը , որ աղետալի կը թուէր մեզի: Իսկ այն ինչ, որ կը վերաբերի մեր ըկերային և մշակութային գործունէութեան, որոնք տեղի կ'ունենային մեր հաստատութիւններուն մէջ, ակնյայտ է, որ անոնք եւս ստիպուած փոփոխութեան ենթարկուեցան, հիմնուելով նոր իրողութեան վրայ., թէեւ անոնք չեն կորսնցուցած իրենց թափը, օգտուեցան թուային մետիայէն և հեռատեսիլի կայաններէն, տարածելու համար մեր մշակոյթը, արուեստը, պատմութիւնը, լեզուն, ինչպէս մեր համայնքի, այնպէս ալ Արժանթինի հասարակութեան և այլ երկիրներու մարդոց համար, որոնք կը հետաքրքրուին մեր ժողովուրդի պատմութեամբ: Մեր ընկերային ցանցերը շատ փնտռուած են, որպէս համայնքի տեղեկութեան աղբիւր, բայց նաեւ, տարբեր երկիրներ բնակող հայեր ամէն օր կը հետևին մեր հրապարակումներուն: Միւս կողմէն, չնայած մեր գերեզմանատան գործունէութեան առկայ սահմանափակումներուն, անձնակազմը կը կատարէր իր գործը առանց որեւէ արգելքի և հնարաւորութեան պարագային, մեր քահանաները կ'ընկերանային մահացողներու պարագաներուն, հոգեւոր մխիթարանքի համար:

- Ինչպէ՞ս ազդեց հայկական եկեղեցիին վրայ համաճարակը և ինչպէ՞ս էր Պուէնոս- Այրէսի հայուն կեցուածքը եկեղեցւոյ հանդէպ:

- Եկեղեցիներուն համար մեծ մարտահրաւէրներ չկային, քանի որ, թէ՛ կառավարութեան եւ թէ՛ Պուէնոս Այրէս քաղաքի կողմէն մատնանշուած ցուցմունքները շատ յստակ էին: Սկիզբը անորոշ էր, բայց յետոյ ձևաւորուեցան այն միջոցները, որոնք անհրաժեշտ էին հոգևոր զօրակցութիւն ցուցաբերելու համար այն մարդոց, որոնք կարիքը կը զգային: Գորտոպա քաղաքի Սուրբ Գէորգ եկեղեցին ՝ իր վարչութեան որոշմամբ և աջակցութեամբ, նոյնպէս Պուէնոս Այրէսի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարը կազմակերպեցին ընկերային ցանցերու միջոցով կրօնական արարողությունները հեռասփռել ամէն Կիրակի: Հայ Առաքելական եկեղեցին կը շարունակէ մնալ այն ոլորտը, որ աշխարհի որեւէ տեղ, հայերը զայն կը նկատեն, որպէս գլխաւոր կառոյցը, որ կը միացևէ եւ կը ներկայացնէ համայնքը `առանց նկատի առնելու ընկերային և քաղաքական կողմնորոշումները: Մեր Եկեղեցւոյ այս պատմական դերը չէ փոխուած: Համաճարակը հաւանաբար շեշտեց մարդոց հոգևոր նեցուկի մը կարիքը և ատիկա կ'արտացոլուի իւրաքանչիւր Սուրբ Պատարագի մատուցման ընթացքին: Կարելիութիւն ունենալով արարողութեան հետեւիլ իրենց տունէն ուղիղ հեռարձակմամբ ՝ շատերը կը դիտեն հաւանաբար առանց ամբողջ արարողութեան ուշադրութեամբ հետևելու, բայց որպէս հոգևոր ընկերակցութիւն այս դժուար ժամերուն համար, որ մենք կ'ապրինք: Ամէնէն աւելի տարեց մարդոց համար շատ անհրաժեշտ է եւ գնահատուած : Առցանց արարողութիւններուն մասնակցողներուն թիւը շատ բարձր է ՝ հազարաւոր դիտողներ կան Արժանթինէն և տարբեր երկիրներէ: Մենք յաճախ շնորհակալագրեր և խնդրանքներ կը ստանանք, որ հեռարձակումը շարունակուի, նոյնիսկ համաճարակէն յետոյ, քանի որ շատերը ի վիճակի չեն հոս գալու եւ որոնք կը սիրեն մեր պատարագին հետեւիլ: Իր կարգին մեր առաջնորդը՝ Գիսակ արք. Մուրատեան և բոլոր կրօնականները միշտ մօտ եղած են մեր համայնքի անդամներուն և հետաքրքուած իրենցմով, պատրաստ օգնելու և աղօթելու, խոնարհօրէն և ծառայելով իրենց կրօնական և հոգևոր առաքելութեան: Հայ եկեղեցին ոչ միայն մեր հաւատքի ապաստանն է եղած դարեր շարունակ, այլ նաև մեր Պետութիւնը, մեր Հայրենիքը շարունակ:

- Ի՞նչ է Հայ եկեղեցիին դերը այս օրերուն :

- ճիշդ է որՀայ եկեղեցին, որ ազգային միասնականութեան և պաշտպանութեան գործօն եղած է : Պատմութեան երկու հազար տարիներու ընթացքին, տեղի ունեցած են վերիվայրումներ և անկասկած, որոշ սխալներ.բայց արդիւնքը տեսանելի է, Եկեղեցին գիտցաւ, թէ ինչպէս պէտք էր գլխաւորել, երբ մենք պետութիւն չունէինք և գիտցաւ ինչպէս ժողովուրդին թեւ ու թիկունք կանգնիլ, իր ամենադժուար պահերուն: Անիկա նաև գիտցաւ այժմէականանալ և ընդարձակուիլ, երբ տեսաւ, որ իր որդիները ապաստան կը փնտռեն ամբողջ աշխարհի մէջ, երբ անոնք ցրուած են հարիւր երկիրներու մէջ: Եկեղեցին ուղեկից դարձաւ իրենց և չլքեց զիրենք: Ասիկա անվիճելի է, եթէ կ'ուզէք, տեսէք կրօնական կառուցուածքի տպաւորիչ ընդլայնումը աշխարհի մէջ Էջմիածնի իր պատմական կեդրոնով `հայ ազգի պատմութեան մէջ, նման այլ կազմակերպութիւն չկայ: Իհարկե, ան պէտք է միշտ վերաթարմացնէ ինքզինք ՝ շարունակելու համար իր հսկայ առաքելութիւնը, ան է մեր ազգին ամենահզօր բազուկը: Պէտք է հոգ տանիլ անոր եւ գուրգուրալ, առանց իր գոյութեան մենք դարեր առաջ անհետացած կ'ըլլայինք:

- Մեր երիտասարդները, ի տարբերութիւն նախորդ սերունդներուն, այնքան մօտ չեն զգար եկեղեցիին, ինչո՞ւ. ի՞նչ պէտք ընել, որպէսզի անոնք զգան, որ եկեղեցին իրենց կը պատկանի, որ անիկա իրենց տեղն է:

- Եկեղեցւոյ մէջ, երիտասարդներու մասնակցութեան հարցը բարդ է, և ես կը կարծեմ, որ ընդհանուր երեւոյթ մըն է: Հայ եկեղեցին աշխարհի ամենահինն է: Ի տարբերութիւն ուրիշներու, ան ունի շարք մը ուժեղ և արմատաւորուած ծէսեր և աւանդույթներ, որոնք այնքան ալ դիւրին չէ փոխել կամ պատշաճեցնել նոր սերունդներուն, նոր ձեւերուն, գործածութիւններուն և ընկերային սովորոյթներուն: Աշխարհը կը փոխուի անընդհատ և արմատապէս, մեր հաղորդակցութեան ձևը, ինչպէս մենք կը յարաբերինք ուրիշներուն հետ, սակայն Եկեղեցին կը պահէ իր պատգամները փոխանցելու նոյն աւանդական ոճը, ինչպէս էր հազարամեակ մը առաջ: Հետեւաբար իւրաքանչիւր նոր սերունդ քիչ մը եւս կը հեռանայ այդ ձևերէն: Թերեւս անհրաժեշտ է գտնել նոր կերպ մը, յարմարելու իւրաքանչիւր պատմական փուլի ՝ առանց ակնյայտօրէն փոխելու հաւատքի հիմնական վարդապետութիւնը: Երիտասարդներուն հասնելու համար պէտք է խօսիլ իրենց լեզուով:

- Որպէս IARA- ի հիմնադիր անդամներէն մէկը և գործօն կերպով մասնակցելով 2020-ին տեղի ունեցածին, ի՞նչ եզրակացութիւն, ի՞նչ մտորումներ կը ձգէք մեզի:

- Համայնքներու ղեկավարներու հետ զրոյցը շարունակելու նիւթ մըն է: IARA- ն. այսպէս թէ այնպէս շարունակութիւնն է , որ քիչ թէ շատ նման է Ապրիլի 24-ի ոգեկոչման համար ստեղծուած աշխատանքային յանձնաժողովին, որ կը գլխաւորէին մեր սրբազանը՝ Գիսակ արք.Մուրատեանը, Գերյարգելի Փաւլօ Հաքիմեանը եպիսկոպոսը, Հովիւ Ենովք Էլմասեանը և կը մասնակցէին մեր համայնքի բոլոր քաղաքական- ընկերային մարմիններու ներկայացուցիչները: Տարիներու ընթացքին, մտածեցին, որ լաւ կ'ըլլար ունենալ մշտական «խորհրդակցական մարմին մը» համայնքի ընդհանուր հետաքրքրութիւնը ներառող որոշ հարցեր քննարկելու համար ՝ առանց որոշելու, թէ որոնք են այդ խնդիրները, և տեսնել, թէ ինչ քայլեր պէտք է առնել, այդ հարցերը լուծելու համար: Կը կարծ եմ, որ մենք պէտք է շարունակենք ընթանալ այս ճամբով:

- Այս տարի հայերուն համար առանձնայատուկ էր Սեպտեմբերի 27-ին սկսած պատերազմին պատճառով: Սփիւռքը և, մասնաւորապէս, մեր գաղութը կրցա՞ն ստեղծուած իրավիճակին բարձրութեան վրայ մնալ:

- Թուրքիայի և Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած յարձակումը մեզ դրաւ անհաւատալի իրավիճակի և իրականութեան առջև, որ մեզ շատ գէշ կերպով հարուածեց: Հայաստան պէտք է նախագծէ բազմամեայ ծրագիր մը, որու նպատակը ըլլայ երկրի զարգացումը, հիմնուած երեք կարևոր խարիսխներու վրայ. մարդկային ներուժ, տնտեսական ներուժ և դիւանագիտական նպատակ: Ատիկա ընելու համար պետք է բարձրացնէ գլուխը, հեռուէն դիտէ ու վերլուծէ իր բոլոր հնարաւորութիւնները: Կան երկիրներ, որոնք ստեղծուած են աշխարհով մէկ սփռուած իրենց ժողովրդի աջակցութեամբ: Մենք ունինք գեղեցիկ ազգ մը՝ զոհաբերուող մարդոցմով: Մենք պէտք է աջակցինք և զարգացնենք մեր երկիրը ՝ հաշուի առնելով մեր բոլոր կարելիութիւնները, ներառեալ Սփիւռքը: Կարևոր է, որ Սփիւռքը հասնի այն հասունութեան, որ ձգէ մանր մունր հաշիւները և յանձն առնէ Հայաստանի զարգացումը, կարծես այդ ըլլար իր կեանքի միակ գործօնը: Սփիւռքը պէտք է հասկնայ, որ առանց Հայաստանի թթուածին չունի և կը մահանայ: Ճիշդ այստեղ է, որ պէտք է միասին կազմել ընդհանուր օրակարգ. Ես միշտ պնդած եմ, որ կարելի չէ, որ աշխարհի մէջ գործող հայկական բոլոր ձեռնարկութիւններով համակարգ մը յառաջ բերել հնարաւոր չըլլայ, որպէս ազգութեամբ մեր ստանձնած պարտաւորութեան «լեյմոթիւ»: Այս զարգացումը մշտական ըլլալու համար անհրաժեշտ են մարտահրաւէրներ, արդար և թափանցիկ պայմաններ, և անոր կարելի է հասնիլ միայն զօրաւոր, պարկեշտ կառավարութեամբ և ժողովուրդի աջակցութեամբ: Հայաստանը պէտք է ընէ հնարաւոր ամէն ինչ այդ պայմանները ապահովելու համար: Մնացած ամէն ինչ անօգուտ է և վտանգի տակկը դնէ նոյնիսկ մեր ազգային գոյութիւնը: Մեր պապենական թշնամիները անպարտելի են ներկայ պայմաններուն մէջ, և մենք ատոնք փոխելու կարելիութիւն չունինք: Մենք դեռ շատ կը ցաւինք կատարուածին համար: Կարծե մ, ընդհանրապէս Սփիւռքէն, և մասնաւորապէս Արժանթինէն , հնարաւոր ամէն ինչ ըրինք Հայաստանին և Արցախին օգնելու համար: Մեծ հետաքրքրութիւն, նուիրուածութիւն և համայնքային մասնակցութիւն տեղի ունեցաւ՝ անընդհատ իրենց տեղեակ պահելով դեպքերէն , կատարուածբոլոր երթերուն և ցոյցերուն ,որոնք կրկնուեցան ինչպես նաև համագործակցելով տնտեսապէս ՝ Հայաստանի Ազգային Հիմնադրամի միջոցով:
Այսուհանդերձ, թերեւս մենք կարող էինք ունենալ առաւել ազդեցիկ դեր, և ատիկա ոչ միայն մեր սեփական թերութիւններուն պատճառով, այլև այն տեղին ւոր Հայաստան տուաւ Սփիւռքին: Թերեւս Հայաստանի պետութիւնը, համագործակցելով սփիւռքին հետ, կարող էր ավելի լաւ եւ կազմակերպուած աշխատիլ ՝ վերաիմաստաւորելով իր դերն ու խնդիրները:

- Ինչպե՞ս էր հաղորդակցութիւնը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Գարեգին Բ-ի հետ համաճարակի և պատերազմի ժամանակ: Ինչպե՞ս հայ եկեղեցին կ'օգնէ, ներկա յ կ'ըլլայ մեր զինուորներու ընտանիքներուն, վիրաւրորներուն և բոլոր անոնց որոնք մարտի ճակատէն վերադարձան ՝ իրենց բոլոր հետևանքներով:

- Մեր կապը Սուրբ Աթոռի հետ այս ամբողջ ընթացքին, գրեթե մշտական էր: Մեր Վեհափառ Գարեգին Բ-ն անձամբ հետևեցաւ ոչ միայն պատերազմին, այլև պարտութեան արդիւնքին, մեր համայնքին և ամբողջ Սփիւռքին մէջ սանձազերծուած իրավիճակին: Շատ կարևոր էր պատերազմի օրերուն, Հայաստանին աջակցելու բոլոր հայկական կառոյցներուն կատարած աշխատանքը: Հայ եկեղեցին շատ գործօն կերպով մասնակցեցաւ այս առթիւ Հայ Ազգային Հիմնադրամի կողմէն ծրագրաւորուած բոլոր աշխատանքներուն, որ կը հանդիսանար համաշխարհային օգնութեան պաշտօնական կառոյցը, որ պատասխանատու էր այդ օգնութիւնը փոխանցելու համար: Երիտասարդներու և հաստատություններու զօրակոչը հիմնական էր, որպէսզի կարողանայինք ֆինանսական ներդրումներ կատարել հայկական հիմնադրամին:

- Ի՞նչպէս անցուց Վարդի Մանուկեանը մեկուսացման այս բոլոր ամիսներու ընթացքին, ապա ՝ պատերազմի օրերուն:

- Համաճարակի հետևանքն էր `յարմարիլ բոլորովին նոր և չնախատեսուած իրավիճակներու: Պէտք էր մեծ ջանքեր ի գործ դնել անելի մէջ չմնալու համար : Իմ վիճակս տարբեր չէր միւսներէն: : Նոյնը պատահեցաւ ՝ պատերազմի միջոցին: Ես կ'ապրէի անսահման մտահոգութեամբ, ցա ւով և միշտ կը կապուէի իմանալ ու համար լուրերը: Մենք փոխեցինք մեր առօրեայի ժամերը. առաւօտեան երեքին, չորսին, Հայաստանի առաջին նորութիւնները լսելու համար:
Այն բոլոր սարսափելի ու ցաւալի դէպքերը , որ 2020 թուականը բերաւ աշխարհին և Հայաստանին, ես անձնապէս ապրեցայ հիանալի եւ շատ գեղեցիկ իրողութիւն մը, որ փոխեց կեանքս. Ես առաջին անգամ ըլլալով եղայ մեծ հայր. ծնաւ իմ թոռնուհիս ՝ Արիանան:

- Վերջապես, ի՞նչ պատգամ կը ձգէք մեզի

Կարծեմ, որ հայկական բոլոր կառոյցները պէտք է զօրացնել, նպատակ ունենալով, որ մեր գաղութին անդամները մասնակցին անոնց և հիմնովին աջակցիլ հայկական դպրոցներուն ՝ փնտրելով բոլոր այն աշակերտները, որոնք հեռու են համայնքային կեանքէն եւ կ'երթան պետական դպրոցներ: Հայ աշակերտները պետք է յաճախեն հայկական վարժարան: Ասիկա մեր մեծ մարտահրաւէրներէն մէկն է, որուն համար մենք անընդհատ կ'աշխատինք: Մեր համայնքի աջակցութեամբ մենք աւելի կը մօտենանք այս նպատակի իրագործման:
Վերջապես, ես կ'ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել «Սարտարապատ» շաբաթաթերթին, բոլոր հայկական լրատուամիջոցներուն և հաստատութիւններուն ՝ իրենց մշտական աշխատանքի համար, և մեր սիրելի համայնքին, որոնք մեծ ընտանիքի մը կը նմանին: Բոլորիդ կը մաղթեմ բարի տարի մը, առողջութիւն, խաղաղութիւն և ուրախութիւն, որպէսզի կարենանք իրականացնել մեր նպատակներն ու երազները ՝ միշտ վառ պահելով մեր հայ կական ոգին և սիրել Հայաստանը, իւրաքանչիւրը կարելւոյն չափ ներդնելով հնարաւոր ամէն ինչ, աջակցելով հաստատութիւններուն, չմոռնալ արդարութեան պահանջը և Հայոց ցեղասպանության հատուցումը, համայնքային գործունէութեան զարկ տալով եւ հայկական հարցը տարածելով :

Շատ շնորհակալ ենք

 

Más leídas