SECCIONES
ARMENIA
LOCALES
DIÁSPORA
UGAB
INSTITUCIONES
EMPRENDIMIENTOS Y PYMES
OPINION
AGENDA
SOCIALES
Temp.: -
Hum.: -
Martes 12 de Noviembre - Buenos Aires - Argentina
PREMIO MEJOR MEDIO DE PRENSA PUBLICADO EN LENGUA EXTRANJERA - MINISTERIO DE LA DIASPORA DE ARMENIA 2015
Iglesia - Սուրբ Ղազար, Վենետիկ
ՀՈՅԱԿԱՊ ՀԱՄԵՐԳ Ի ՊԱՏԻՒ ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ԵՒ ՇԱՌԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ
26 de Octubre de 2024
Վենետիկ, Հոկտեմբեր, 2024 – Անձրեւոտ աշնանային օր մը, Հայաստանի Պետական Կամերային Նուագախումբը անմոռանալի համերգ մը կատարեց Մխիթարեան Միաբանութեան մայրավանքին մէջ՝ Սուրբ Ղազար կղզիին վրայ։
 
Համերգը մաս կը կազմէր Միաբանութեան հիմնադիր՝ Մխիթար Աբբահօր մահուան 275-ամեակի տօնակատարութիւններուն եւ նուիրուած էր Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 155 ամեակին ու ֆրանսահայ երգիչ՝ Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան հարիւրամեակին։ Հայ եւ օտար ունկընդիրներու հոծ բազմութիւն մը ժամանած էր այս առիթով Սուրբ Ղազար։
 
Հայր Համազասպ Քէշիշեան, Մխիթարեան Վարդապետ, բարեգալուստի երկխօսքով բացաւ երեկոն, ոգեշնչուած մթնոլորտ մը ստեղծելով՝ որու մէջ հայ ժողովուրդի սրբազան երաժշտութիւնը եւ ֆրանսական շանսոնները ներդաշնակ կերպով միաձուլուեցան։
Orchestra 7
 
Յայտագիրը բացուեցաւ Կոմիտաս Վարդապետի ստեղծագործութիւններով, որոնք կը մարմնաւորեն հայկական ժողովրդական ու եկեղեցական երաժշտութեան էութիւնը։ «Գարուն ա», «Շուշիկի» եւ «Կռունկ» խոր յուզումով ընդունուեցան ներկաներու կողմէն, որ եռանդուն ծափահարութեամբ վարձատրեց վսեմ եւ նուրբ մեկնաբանութիւնը։ Յատկապէս, ջութակահար Աստղիկ Վարդանեանի մենանուագը՝ «Կռունկ»ը դիմաւորուեցաւ քար լռութեամբ զմայլացած ժողովուրդին կողմէ։ Կոմիտասի պատարագէն՝ «Հայրապետական Մաղթանք»ը հանդիսաւոր ու խոնարհ երկիւղածութիւն ստեղծեց դահլիճին մէջ։
 
Համերգի երկրորդ մասը բացուեցաւ Եւրոպայի մէջ Առաջին անգամ հնչող «Ազնաւուր Մետլի»ով մը։ Մեկնաբանութեամբ Հայարփի Եղիկեանի (Զիլ ) եւ Սիփան Օլահի՝ (վերերգակ) «Pour toi Arménie» երգը արժանացաւ երկարատեւ ծափողջոյններու եւ նշեց համերգի աւարտը, փակելով այսպէս մեծանուն հայերուն նուիրուած երեկոն, Սփիւռքի մշակութային եւ հոգեկան հայրենիք հանդիսացող Սուրբ Ղազար Մայրավանքին մէջ։
orchestra 11
Más leídas