SECCIONES
ARMENIA
LOCALES
DIÁSPORA
UGAB
INSTITUCIONES
EMPRENDIMIENTOS Y PYMES
OPINION
AGENDA
SOCIALES
Temp.: -
Hum.: -
Viernes 26 de Abril - Buenos Aires - Argentina
PREMIO MEJOR MEDIO DE PRENSA PUBLICADO EN LENGUA EXTRANJERA - MINISTERIO DE LA DIASPORA DE ARMENIA 2015
Iglesia - Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի
Ընդունեց Ընկ. Սեւակ Յակոբեանը
15 de Marzo de 2022

escudo rag disporaՆ.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին մէջ Երեքշաբթի 15 Մարտ 2022ին ընդունեց ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եւ ԶԱՐԹՕՆՔ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր՝ ընկ. Սեւակ Յակոբեանը, որ աշխատանքային այցելութեամբ ատենէ մը ի վեր կը գտնուի Հայաստան:

Հանդիպման կարեւոր մէկ մասին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Վանական խորհուրդի ատենապետ եւ Մայր Տաճարի Լուսարարապետ Գերաշնորհ Տ․Մուշեղ եպիսկոպոս Բաբայեանը:

Հայրենիքին եւ Հայ ժողովուրդին դիմագրաւած ներկայ իրավիճակին լոյսին տակ, ընկ. Յակոբեան Վեհափառ տիրոջ հետ քննարկեց ընդհանրապէս Հայ ժողովուրդը եւ ի մասնաւորի Հայաստանը, Արցախը եւ Լիբանանը յուզող հարցեր:

Ընկ. Յակոբեան դրուատեց վերջերս կայացած նախագահի երդմնառութեան արարողութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետին արտասանած խորիմաստ խօսքի պատմական կարեւորութիւնը, որ կ՛արտացոլացնէր Մայր Աթոռին յոյզերը ինչ կը վերաբերի այս տագնապալի հանգրուանին: Հանդիպման ընթացքին, Ամենայն Հայոց Հայրապետը ինչպէս միշտ մօտէն հետաքրքրուեցաւ լիբանանահայ համայնքի տագնապալի առօրեայով:

Աւարտին ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Վեհափառը ամուր կամք, յարատեւութիւն եւ տոկունութիւն մաղթեց ընկ. Յակոբեանին եւ իր միջոցաւ լիբանանահայ համայնքին ընդհանրապէս՝ իր օրհնութիւնը շնորհելով բոլորին:

Más leídas