SECCIONES
ARMENIA
LOCALES
DIÁSPORA
UGAB
INSTITUCIONES
EMPRENDIMIENTOS Y PYMES
OPINION
AGENDA
SOCIALES
Temp.: -
Hum.: -
Viernes 26 de Abril - Buenos Aires - Argentina
PREMIO MEJOR MEDIO DE PRENSA PUBLICADO EN LENGUA EXTRANJERA - MINISTERIO DE LA DIASPORA DE ARMENIA 2015
Diáspora - ՌԱԿ-Լիբանան-Մարդու Իրաւունքներու Միջազգային Օր
Արցախեան Տառապանքներու Թեմայով
14 de Diciembre de 2020

ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հայ Իրաւանց Խորհուրդի կազմակերպութեամբ 10 Դեկտեմբեր 2020-ի առաւօտեան կայացաւ «Արցախի Տառապանքը. Մարդկային Արժանապատուութիւնը Բարբարոսութեան Կառափնարանին Տակ» թեմայով սեմինար մը, Ալ-Լիքաա համագումարներու կեդրոնին մէջ, Ռապուէ:

Սեմինարը կայացաւ Մարդու Իրաւունքներու Միջազգային Օրուան Առիթով, որուն ներկայ եղան Լիբանանի «Ուժեղ Հանրապետութիւն» երեսփոխանական պլոքի անդամ՝ Իմատ Ուաքիմ, Լիբանանի Ընկերային Հարցերու նախկին նախարար՝ Ռիշար Գույումճեան,  Սիրիանիներու Միջազգային Կուսակցութեան նախագահ՝ Իպրահիմ Մրատ, Լիբանանի Հայոց Առաջնորդ` Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի ներկայացուցիչը, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ ընկ. Սեւակ Յակոբեան եւ վարչութեան անդամ ղեկավար ընկերներ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական Բաժնի պատասխանատու միաբան վարդապետներ, Զօր. Նարեկ Աբրահամեան,  քաղաքական, լրատուական եւ իրաւական գործիչներ եւ մարդու իրաւունքի պաշտպանութեան ջատագով անձեր:

Սեմինարը վարեց՝ ծանօթ լրագրող Ժորժ Ալ-Աքուրի:

Օրուայ զեկուցաբերները հանդիսացան՝ Մարդու Իրաւունքներու եւ Մարդկային Իրաւունքի Միութեան նախագահ եւ դասախօս՝ Դոկտ. Ուաէլ Խէյր, Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի տնօրէն՝ Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան, Արցախի Հանրապետութեան Նախագահի խորհրդական եւ Արցախի Պահպանողական Կուսակցութեան նախագահ՝ Դոկտ. Դաւիթ Բաբայեան, «Արմէնփրես» պետական լրատուական գործակալութեան տնօրէն՝ Դոկտ. Արամ Անանեան, ու ծանօթ գրող եւ լրագրող Փիէռ Աթալլահ

Սեմինարի աւարտին ընկ. Սեւակ Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց, բոլոր զեկուցաբերներուն եւ ներկաներուն, շեշտելով, որ Արցախի մէջ մեր կորսնցուցածը ճակատամարտ մըն էր, մինչ հայրենիքի վերատիրացման ռազմական եւ ինքնորոշման իրաւունքի մէջ Հայ ժողովուրդի պատերազմը պիտի շարուանկուի մինչեւ հասնինք արդարութեան յաղթանակին:

Más leídas