SECCIONES
ARMENIA
LOCALES
DIÁSPORA
UGAB
INSTITUCIONES
EMPRENDIMIENTOS Y PYMES
OPINION
AGENDA
SOCIALES
Temp.: -
Hum.: -
Jueves 28 de Marzo - Buenos Aires - Argentina
PREMIO MEJOR MEDIO DE PRENSA PUBLICADO EN LENGUA EXTRANJERA - MINISTERIO DE LA DIASPORA DE ARMENIA 2015
Diáspora - Խմբագիրներու Տարածաշրջանային 3-րդ Ժողովը
Հայկական Տեղեկատուական Ոլորտը Վերաիմաստաւորելու Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեց
11 de Diciembre de 2020
Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի եւ Հարաւային Ամերիկայի մէջ գործող խմբագիրներու տարածաշրջանային երրորդ առցանց ժողովը տեղի ունեցաւ երէկ երեկոյեան, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 18:00-ին։
 
Համակարգող խորհուրդի անդամներուն առընթեր ժողովին մասնակցեցան Միացեալ Նահանգներէն «Ասպարէզ»-ի, «Նոր Օր»-ի, «Պայքար»-ի, «Արմինիըն Միրըր Սփեքթէյթըր»-ի եւ
«Հայրենիք»- ի , Քանատայէն «Հորիզոն»-ի, իսկ Արժանթինէն «Արմենիա»-ի եւ «Սարդարապատ»-ի գլխաւոր խմբագիրներն ու տնօրէնները։
 
Իւրաքանչիւր մամլոյ ներկայացուցիչ զեկուցեց իր ղեկավարած թերթի վերջին շրջանին տարած աշխատանքներուն, համավարակի պատճառով ստեղծուած զանազան դժուարութիւններուն եւ արցախեան պատերազմի օրերուն լրատուութիւնը կազմակերպելու պայմաններուն մասին։
 
Յատուկ ընդգծուեցաւ պատերազմի օրերուն պաշտօնական լրահոսի գետնի վրայ  արձանագրուած իրադարձութիւններուն անհամապատասխանելիութիւնը, ինչ որ բաւական
դժուարացուցած է մամուլի գործը։
 
Նշուեցաւ, որ տարածաշրջանային ժողովներու աւարտէն ետք կը մտածուի միացեալ հարթակով քննարկել ընդհանրապէս հայկական տեղեկատուական քաղաքականութիւնը եւ վերջին իրադարձութիւնները՝ նկատի ունենալով այս ոլորտը վերակազմակերպելու հրամայականին ընդառաջ կազմակերպել համահայկական քննարկումներ։
 
Առցանց ժողովին հնչեցին ինչպէս միացեալ հարթակի ձեւաւորման, այնպէս նաեւ համահայկական նշանակութիւն ունեցող թղթածրարներու մասին միացեալ
հրատարակութիւններ իրականացնելու մասին առաջարկներ
Más leídas