SECCIONES
ARMENIA
LOCALES
DIÁSPORA
UGAB
INSTITUCIONES
EMPRENDIMIENTOS Y PYMES
OPINION
AGENDA
SOCIALES
Temp.: -
Hum.: -
Domingo 13 de Octubre - Buenos Aires - Argentina
PREMIO MEJOR MEDIO DE PRENSA PUBLICADO EN LENGUA EXTRANJERA - MINISTERIO DE LA DIASPORA DE ARMENIA 2015
Diáspora - ՌԱԿ Խստիւ Կը Դատապարտէ
Պուրճ Համուտի Մէջ Վերջերս Ի Գործ Դրուած Բռնարարքը Կը Վտանգէ Լիբանանահայութեան Բարի Համբաւը
15 de Mayo de 2022

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը խստիւ կը դատապարտէ վերջերս Պուրճ Համուտի մէջ պատահած բռնարարքը, որուն նախաձեռնողները եղած են ՀՅԴ-ի կուսակիցներ, ծեծի ենթարկելով ընտրական իրենց ցանկին մրցակից կողմի մը ներկայացուցիչը:
Սոյն արարքը, ո՛չ միայն պատիւ չի բերէր նախաձեռնող կողմին, այլ նաեւ կը վտանգէ լիբանանահայ համայնքին բարի համբաւը:
Այս ցաւալի երեւոյթը կարեւոր հարցեր կը բարձրացնէ.

  1. Մինչեւ ե՞րբ վերոյիշեալ կուսակցութիւնը Պուրճ Համուտը իր սեփական ագարակը պիտի կարծէ:
  2. Նմանօրինակ ծայրայեղ բռնարարքի մը պատասխանատուն, որ ի վերջոյ ՀՅԴ-ի ներկայ ղեկավարութիւնն է, նման քայլով մը լիբանանահայութեան պատճառած վարկաբեկումին չափով, իր ղեկավարութեան տարիներուն արդեօ՞ք նպաստած է մեր համայնքին վարկին:
  3. Լիբանանի 2022-ի ընտրութիւններուն նախօրէին ՀՅԴ-ի Պուրճ Համուտի (Մեթնի ընտրաշրջանի) թեկնածուն, որ նոյն ժամանակ ղեկավարն է Լիբանանի ՀՅԴ-ին, հրապարակային ձեւով ունեցաւ շատ վայրագ բովանդակութեամբ ամբոխավարական ճառեր: Իր խուճապը արտացոլացնող սոյն ճառերը արդեօ՞ք իրենց ազդեցութիւնը ունեցան տուն տալու Պուրճ Համուտի նշեալ ծայրայեղ բռնարարքին: Հետեւաբար, այս արարքին ուղղակի պատասխանատուն, նոյնինքն նշեալ ղեկավարը չէ՞:
  4. Շրջանառութեան մէջ դրուած բռնարարքին վերաբերող տեսերիզին մէջ յստակօրէն կ՛երեւի Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան ոստիկանի տարազով անձ մը, որ իր գործնական մասնակցութիւնը կը բերէ այս խայտառակութեան: Քաղաքապետութիւնն ու քաղաքապետը այս հարցով ունի՞ն արդարացուցիչ:
  5. Լիբանանի ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու նախարարութիւնը, ի՞նչ ունի ըսելիք այս անընդունելի երեւոյթին մասին:

Աւարտին, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը, լիբանանցի իր համաքաղաքացիներուն ընդհանրապէս եւ ի մասնաւորի տուժող կողմին ներողամտութիւնը կը խնդրէ շեշտելով, որ հակառակ առասպելին, ՀՅԴ-ն լիբանանահայութիւնը չներկայացնէր: Քաղաքակիրթ լիբանանահայը ո՛չ մէկ ձեւով կրնայ համամիտ ըլլալ նման բարբարոսութեան, որ իր ազգին մշակոյթին հետ ո՛չ հեռուէն եւ ո՛չ ալ մօտէն առնչութիւն ունի:

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Más leídas