SECCIONES
ARMENIA
LOCALES
DIÁSPORA
UGAB
INSTITUCIONES
EMPRENDIMIENTOS Y PYMES
OPINION
AGENDA
SOCIALES
Temp.: -
Hum.: -
Domingo 13 de Octubre - Buenos Aires - Argentina
PREMIO MEJOR MEDIO DE PRENSA PUBLICADO EN LENGUA EXTRANJERA - MINISTERIO DE LA DIASPORA DE ARMENIA 2015
Diáspora - Ազատախոհ Լիբանանահայերու Համախմբում
Անցած են Բռնութեամբ ու Զեղծարարութեամբ Ազատախոհ Հայորդիներ Ահաբեկելու ու անոնց Քուէները Կեղծելու Օրերը
25 de Abril de 2022

15 Մայիսի Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութեանց թուականը մօտենալուն զուգահեռ, հայկական ծանօթ կողմի՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Լիբանանի կառոյցին մենատիրական, վարկաբեկուած ներկայ ղեկավարութեան սադրանքներն ու գրգռութիւնները օրէ օր կը բազմապատկուին եւ նորանոր դրսեւորումներ կ’ունենան:
Փտածութեան ռահվիրայ՝ տուեալ ղեկավարութեանը ստրկանալ մերժող հայկական կողմերն ու ազատախոհ հայ
անհատները, նոյնիսկ իրենց իսկ կուսակցականները, վերոյիշեալ մարդուկներուն ծառայելու համար ստեղծուած
ընկերային համացանցի հարթակներու՝ նամանաւանդ ֆէյսպուքի յաճախ շինծու եւ կեղծ էջերու միջոցով թիրախ
կը դառնան ցեխարձակումներու, զրպարտութիւններու, վիրաւորանքներու եւ հայհոյանքներու: Ցեխարձակողները
իրենք զիրենք կարգած են Լիբանանի հայ համայնքին շահերու միակ պաշտպանը եւ ազգին սերուցքը:
Այս արշաւին մէջ, այդ ողորմելի արարածները վերջին օրերուն սկսած են ներհայաստանեան քաղաքական
հակադրութիւնները խառնել լիբանանեան ընտրական գործընթացին՝ միշտ յոյս ունենալով պղտոր ջուրի մէջ ձուկ
որսալու: Անհեթեթութիւնը հասած է հոն, որ Ազատախոհ Լիբանանահայերու Համախմբումին մաս կազմող եւ ՀՀ-ի
այսօրուան իշխանութեանց նկատմամբ խիստ քննադատական դիրքորոշում ունեցող կառոյցներ եւ անձնաւորութիւններ կ’ամբաստանուին Հայաստանի ներկայ իշխանութեանց յանձնարարութիւնները կատարելու
աւելի քան ծիծաղելի մեղադրանքով:
Մենատիրական անբուժելի ախտով վարակուած շարք մը ՀՅԴ-ական ղեկավարներ, որոնք նաեւ անընդունելի են
բազմաթիւ ՀՅԴ-այականներէ, այսքանով չբաւարարուելով, անցած են բացայայտ բռնութեան: Լիբանանի
երեսփոխանական յառաջիկայ ընտրութիւններուն իրենց թեկնածուներուն մրցակից թեկնածուներու համակիրներ
կ’ենթարկուին հոգեբանական ճնշումներու, հալածանքներու եւ այլամերժ խտրականութեան վերաբերմունքի:
Տուեալ կուսակցութեան պնդագլուխ (ան)պատասխանատուներ այնքան յառաջ գացած են իրենց
ամբարտաւանութեան մէջ, որ իրենց քմայքներուն չենթարկուող իւրայիններուն իսկ, օր ցերեկով կը սպառնան
մարմնական հաշուեյարդարի ենթարկել: Մէկ խօսքով, դարձեալ գործի կը դրուին «Ով որ մեզմէ չէ, հայ չէ» եւ «Ով որ մեզմէ չէ, մեզի թշնամի է» գարշահոտ ու պատմութեան աղբանոցին միայն պիտանի այլամերժ յիմարաբանութիւնները:
Իրենց մտածելակերպով ու աշխատանքային ոճով անցեալին մէջ մնացած՝ քարացած ուղեղով ՀՅԴական
շեֆերուն ու անոնց կամակատար «զաիմներուն» կ’ուզենք յիշեցնել, որ շատո՜նց անցած են «զոփփաճիութեամբ»
ազատախոհ հայորդիներ ահաբեկելու օրերը: 2022-ի Լիբանանը տարբեր է 1950-60-ականներու Լիբանանէն, երբ երկրին օրուայ իշխանութեանց բացայայտ կամ թաքուն մեղսակցութեամբ, նշեալ «զաայիմները» զեղծարարութիւններով ու բռնութիւններով իրենց կամքը կը պարտադրէին հայ ընտրողներուն վրայ:
Վերջապէս, ապօրինութիւններու եւ ոճրագործութիւններու անմրցելի ախոյեան մենատիրական նման ղեկավարներու կը թելադրենք միանգամ ընդմիշտ համակերպիլ նախկին բարդոյթներէ ձերբազատուած
լիբանանահայութեան այսօրեայ ազատախոհ ոգիին հետ, որ կը ձգտի արդարութեան ու ազգային զարթօնքի,
յանուն համընդհանուր շահին:

Վայ անոր, որ տակաւին կը յամենայ հասկնալ անխուսափելի «փոփոխութեան քամիին» անզսպելի ուժն ու մօտալուտ յաղթանակը:

Ազատախոհ Լիբանանահայերու Համախմբում
Պէյրութ, 25 Ապրիլ 2022

Más leídas