SECCIONES
ARMENIA
LOCALES
DIÁSPORA
UGAB
INSTITUCIONES
EMPRENDIMIENTOS Y PYMES
OPINION
AGENDA
SOCIALES
Temp.: -
Hum.: -
Viernes 19 de Abril - Buenos Aires - Argentina
PREMIO MEJOR MEDIO DE PRENSA PUBLICADO EN LENGUA EXTRANJERA - MINISTERIO DE LA DIASPORA DE ARMENIA 2015
Diáspora - ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանակի 70-րդ Պատգամաւորական Ժողովը
Ընկ. Սեւակ Յակոբեան Վերընտրուեցաւ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Ատենապետ
10 de Enero de 2022

Կիրակի 9 Յունուար 2022-ին, տեղի ունեցաւ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանակի Պատգամաւորական ժողովը:

Լիբանանի մէջ ՌԱԿ-ի բոլոր ակումբները ներկայացնող պատգամաւորներ եւ փոխ-պատգամաւորներ ամբողջ օրուայ վրայ երկարող ժողովինխիտ օրակարգերուն ընդմէջէն քննարկեցին ու արժեւորեցին Լիբանանի մէջ ՌԱԿ-ի գործունէութիւնը ընդհանրապէս, հիմնուելով ակումբներու ներկայացուցած զեկոյցներուն վրայ:

Գնահատուեցաւ ՌԱԿ Լիբանանի շրջանաւարտ Շրջանային Վարչութեան եռամեայ գործունէութիւնը:

Ժողովականները, Լիբանանի ներկայ քաղաքական եւ տնտեսական իրավիճակին լոյսին տակ, ծրագրեցին կուսակցութեանս կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ ռազմավարութիւնը: Հայաստանի եւ Արցախի ներկայ մտահոգիչ իրավիճակը լոյսի տակ առնուեցաւ: Քննարկուեցան կուսակցութիւնս յուզող այլ հարցեր:

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանակի Պատգամաւորական Ժողովը յատուկ
անդրադարձով կեդրոնացաւ Ռ.Ա.Կ.-ի Միասնականութեան Նախաձեռնող Ղեկավարներու Համախմբումին կոչին վրայ, իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնելով Դեկտեմբեր 19, 2021 թուակիր «ՌԱԿ-ին Միասնականութեան Պահը Հնչած Է Արդէն» վերնագրեալ նախաձեռնութեան, յոյս յայտնելով, որ ՌԱԿ 100-ամեակը յաջորդող սոյն տարուան ընթացքին վերջապէս կ՛իրագործուի մեր սիրելի կուսակցութեան միաւորումը:

Երկար ու յագեցած աշխատանքներով լի օրուան աւարտին ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանակի 70-րդ Պատգամաւորական Ժողովը յառաջիկայ ժամանակաշրջանին համար, միաձայնութեամբ՝ Ընկ. Սեւակ Յակոբեանին վերընտրեց որպէս ատենապետ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան, իրեն վստահելով գործակից վարչական ընկերներ ընտրելու պարտականութիւնը:

Ընկ. Յակոբեան շուտով յայտարարեց ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային նորընտիր Վարչութեան անդամացանկը հետեւեալ կարգով՝
Սեւակ Յակոբեան Ատենապետ
Ճէքի Տէրվիշեան Ատենադպիր
Տոքթ. Յակոբ Փափազեան Փոխ-ատենապետ
Արա Գոյունեան Փոխ-ատենապետ
Սեդրակ Քիւրէճեան Գանձապահ
Արա Թերզեան Հաշուապահ
Խորհրդականներ՝
Մեթր Սամ Պասմաճեան
Մայք Վայէճեան
Գրիգոր Մկըրեան
Վահէ Արթինեան
Կարին Աւետիքեան
Կապի Մելքի

Աւարտին, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային նորակազմ Վարչութիւնը ընդունեց ՌԱԿ Լիբանանի ակումբներու պատգամաւորներուն եւ փոխ-պատգամաւորներուն շնորհաւորանքները:

Más leídas