SECCIONES
ARMENIA
LOCALES
DIÁSPORA
UGAB
INSTITUCIONES
EMPRENDIMIENTOS Y PYMES
OPINION
AGENDA
SOCIALES
Temp.: -
Hum.: -
Miércoles 01 de Mayo - Buenos Aires - Argentina
PREMIO MEJOR MEDIO DE PRENSA PUBLICADO EN LENGUA EXTRANJERA - MINISTERIO DE LA DIASPORA DE ARMENIA 2015
Diáspora - ✝ Ընկ. Արա Ահարոնեան
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւն
06 de Mayo de 2021

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը սրտի դառն կսկիծով կը գուժէ  Ռ.Ա.Կ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, ՌԱԿ Հայ Դատի Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար, վաստակաշատ եւ հաւատաւոր Ընկ. Արա Ահարոնեանի (Ծնեալ՝ 1952, Թրիփոլի) անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ Չորեքշաբթի՝ 05 Մայիս, 2021-ին, Լոս Անճելոսի մէջ։

Անոր մահով մենք կորսնցուցինք գաղափարի հաւատաւոր զինուորագրեալ մը, հայ ազգին աննկուն ծառայող մը: Մարդ, որ իր կեանքը իմաստաւորեց նուիրումով եւ Ռ.Ա.Կ.ի միջոցաւ գործեց յանուն մեր ժողովուրդին, յանուն Հայ Դատին եւ յանուն հայրենիքին:

Ան տասնամեակներ շարունակ, գտնուելով ղեկավար դիրքերու վրայ, ունեցաւ գործօն մասնակցութիւն կուսակցական, ազգային եւ համայնքային կեանքէն ներս, իր բազմամեայ աշխատակցութիւնը բերաւ «Նոր Օր»ին,  ինչպէս նաեւ կուսակցական մամուլներուն:

Ընկ. Ահարոնեան այսօր կը հեռանայ մեզմէ, միանալու մեր վեհապանծ կուսակցութեան պատմական անցեալը կերտած նուիրեալներուն, գաղափարապաշտ, երախտաւոր ընկերներու հոյլին:

Այս  տխուր  առիթով  Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան եւ համայն անդամակցութեան անունով, մեր խորազգաց  ցաւակցութիւնները  կը յայտնենք  հանգուցեալի հարազատներուն, բարեկամներուն, կուսակցական ու միութենական ընկերներուն:

Խունկ ու աղօթք իր պայծառ յիշատակին:
Յաւերժ լոյս ու խաղաղութիւն անոր հոգիին:

Ննջես խաղաղութեամբ` սիրելի՛ Ընկեր:   

Ցաւակցութեան ամենաջերմ զգացումներով՝

ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութիւն

Más leídas