SECCIONES
ARMENIA
LOCALES
DIÁSPORA
UGAB
INSTITUCIONES
EMPRENDIMIENTOS Y PYMES
OPINION
AGENDA
SOCIALES
Temp.: -
Hum.: -
Jueves 25 de Abril - Buenos Aires - Argentina
PREMIO MEJOR MEDIO DE PRENSA PUBLICADO EN LENGUA EXTRANJERA - MINISTERIO DE LA DIASPORA DE ARMENIA 2015
Diáspora - ՍՐԲՈՑ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ
ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԱՏԳԱՄԸ ԳԵՐՇ. ՏԷՐ ՆԱՐԵԿ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ, ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՊՐԱԶԻԼԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
26 de Abril de 2021

ՍՐԲՈՑ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԱՏԳԱՄԸ ԳԵՐՇ. ՏԷՐ ՆԱՐԵԿ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՊՐԱԶԻԼԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ

 

Այսօր մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ ամենատխուր էջերէն մէկն է: 1Օ6 տարի առաջ, Օսմանեան կայսրութիւնը փորձեց արմատախիլ ընել հայ ազզը եւ աշխարհի քարտէզի վրայէն ջնջել հայ անունն ու հայրենի աշխարհը:

Հազար փառք Աստուծոյ, որ այդ նպատակը չիրականացաւ եւ աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդը աճեցաւ եւ բազմացաւ: Մեր հերոս նահատակներն ալ սբրացան, որպէս զի գալիք սերունդները երբէք չի մոռնան, որ անոնք իրենց կեանքը զոհեցին յանուն հայրենիքի, հաւատքի եւ ընտանեկան սրբութեան:

Մեր նահատակները երբէք չուրացան իրենց հաւատքը, իրենց ինքնութիւնը, եւ ոչ ալ իրենց վստահութիւնը Աստուծոյ հանդէպ: Շատ լաւ հասկցան խաչին իմաստը: Ջարդուեցան գիտակցաբար վասն հաւատի եւ հայրենեաց: Այսօր, երկինքէն մեզ կը նային: Անոնք կուզեն տեսնել սէր եւ միութիւն մեր ազգի զաւակներուն միջեւ:

Մեր վերապրողները եղան սփիւռքի մեր հայ համայքներ կերտողներն ու պահպանողները: Թէեւ կորսնցուցին իրենց հայրենիքն ու տուները, սակայն նոր հայրենիք ստեղծեցին սփիւռքի մէջ: Այսօր մեր տունը Պրազիլի մէջ մեր եկեղեցին եւ դպրոցն է, որտեղ հոգեւոր սնունդ կ՝ստանաք եւ հայ կը դաստիարակուիք: Ունինք զանազան միութիւններ, որոնք մեր եկեղեցւոյ զաւակներն են: Ունինք հայկական տարբեր յարանուանութեանց պատկանող եկեղեցիներ, որոնց հետ միասին կը համագործակցինք:

Այսօր, Սուրբ Միւռոնով օծեցի Նահատակաց Սրբապատկերը: Այս օծումը միայն եպիսկոպոսաց ու Կաթողիկոսի ձեռամբ կը կատարուի ըստ մեր եկեղեցւոյ կանոներուն:

Ինձ համար պատմական օր էր կատարել այս օծումը: Փափաքս է որ յիշէք այս օրը եւ ամէն անգամ որ աղօթէք մեր Սրբոց Նահատակներու պատկերին առաջ, ուխտէք որ հաւատարիմ մնաք ձեր հաւատքին եւ ինքնութեան մէջ:

Իմ խորին երախտագիտութիւններս կը փոխանցեմ Վազգէն Սրկ. Եկիներեանին եւ Ներսէս Եկիներեանին եւ Եկիներեան ընտանիքին որ նուիրեցին այս գեղեցիկ պատկերը ի յիշատակ իրենց հօր Բիւզանդ Եկիներեանին: Սրբոց Նահատակաց սրբապատկերը պիտի զետեղուի մեր Մայր Տաճարին մէջ որպէս յիշեցում մեր գալիք սերունդներուն:

Սիրելի Հաւատացեալներ, 1Օ6 ամեակի ոգեկոչման այս սուրբ պատարագին, հայ ժողովուրդը միացած է ի Հայաստան եւ ի սփիւռս, մէկ հոգի եւ սիրտ դարձած՝ Ծիծեռնակաբերդի բլուրէն մինչեւ Տէր Զօր:

Մեր Սուրբ եկեղեցին կը պատգամէ այսօր իր հարազատ ժողովուրդին միացած մնալ իր Սուրբ Նահատակներուն հետ, քանի որ անոնք են մեր փառքն ու ներշնչման աղբիւրը:

Այս օրերուն, երբ ողջ հայութիւնը կը յիշատակէ Սրբոց Նահատակաց Տօնը, Հայաստանի մէջ կը տիրէ քաոսային եւ անմիաբան մի իրավիճակ, որ առաւել կը տկարացնէ մեր երկիրը: Կը ցաւինք երբ պարակտում կը տիրէ ողջ հայութեան մէջ: Այս օրերուն, թշնամին կ'ուրախանայ մեր անմիաբանութեան վրայ: Ինչ խորը ցաւ է տեսնել այդ ուրախութեան տեսարանները:

Մեր կողքին կանգնած է մի վիթխարի թշնամի պետութիւն մը, որ արդէն տեղաւորած է հազարաւոր զինուորներ եւ կ'սպասէ մեր անհամագործակցութեան ու տկարացման օրհասական պահը, որպէս զի վերջնականօրէն մեզ կուլ տայ եւ ջնջէ աշխարհի քարտէզի վրայէն «Հայաստան» անունը:

Սիրելի հայ ժողովուրդ,

Մեր հայրենիքը պէտք ունի այսօր նոր տեսիլք ունեցող՝ ժամանակակից բարձրագոյն կրթութեամբ պատրաստուած, հայրենասէր եւ հայրենանուէր եւ ինչու չէ երիտասարդ դիւանագետներու եւ փորձառու քաղաքական գործիչներու, որոնք անձնական շահերը մի կողմ դրած, ամենայն նուիրուածութեամբ պիտի համագործակցին արտաքին աշխարհին հետ, միջազգային դիւանագիտական բարձր մակարդակով, ազդու գործունէութեամբ, բարելաւելու եւ հզօրացնելու Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութիւնը: Հայրենասիրութիւնը լոկ խօսքով չէ, այլ լիարժէք գործով: Սա է գաղտնիքը մեր յաջողութեան: Սա է բանալին մեր յառաջդիմութեան: Սա է տեսլիականը մեր փրկութեան:

Թող Աստուած պահէ մեր ազգն ու եկեղեցին: Ամէն:

Más leídas