SECCIONES
ARMENIA
LOCALES
DIÁSPORA
UGAB
INSTITUCIONES
EMPRENDIMIENTOS Y PYMES
OPINION
AGENDA
SOCIALES
Temp.: -
Hum.: -
Viernes 19 de Abril - Buenos Aires - Argentina
PREMIO MEJOR MEDIO DE PRENSA PUBLICADO EN LENGUA EXTRANJERA - MINISTERIO DE LA DIASPORA DE ARMENIA 2015
Diáspora - Քաղաքական
ՌԱԿ-ի Մամուլի Խօսքը Ընդդէմ Շարունակական Ցեղասպանութեան
21 de Abril de 2021

1915 ապրիլ 24-ը ընդամէնը խորհրդանշական թուական է, որ իր մէջ կը խտացնէ հայ ժողովուրդի պատմութեան վերջին երկու դարերը եւ աւելին։ Անիկա սկիզբ չէ եւ ոչ ալ վախճան, այլ՝ շարունակուած ու շարունակուող պատմութիւն, որուն եթէ պետականօրէն կազմակերպուած արիւնալի հանգրուանները եղան Համիտեան ջարդերը, Կիլիկեան կոտորածները, Առաջին համաշխարհայինի տարիներու մեծազանգուած եղեռնագործութիւնները, բո՛ւն Ցեղասպանութիւնը, բռնագաղթերը, 1918-1923-ին՝ արդէն Արեւելեան Հայաստանի վրայ երկակի յարձակումները, մեծ ու փոքր կոտորածները, Երկրորդ Աշխարհամարտի ամբողջ ընթացքին մեր սահմաններուն մօտ զօրքերու սպառնալից կուտակումները, ապա Անկախութեան ամբողջ շրջանին Հայաստանի Հանրապետութեան շրջափակումը, Սումկայիթէն Պաքու, Պաքուէն Կիրովապատ պետական քաջալերանքով տեղի ունեցած փոկրոմները, եւ վերջապէս 2020-ին՝ թուրք-ատրպէյճանա-ահաբեկչական նախայարձակումը Արցախի դէմ եւ մինչեւ օրս շարունակուող ոտնձգութիւնները հայաստանեան բնակավայրերու նկատմամբ եւ միւս ոտնձգութիւնները կը կազմեն թրքական հակահայկականութեան խտանիւթը Ապրիլ 24-ի մէջ ամփոփուած։

Հայութեան եւ անոր հայրենիքի ոչնչացման (extermination) այս ոճրային ու երկարատեւ շղթան ունի իր պատճառահետեւանքային կապը, կապերը, համաթուրանականութեան եւ աշխարհակալական իր բոլոր նկրտումներով, ծրագիրներով ու գործողութիւններով հանդերձ։ Բոլորն ալ փաստացի եւ անժխտելի։ Սակայն այդ բոլորին վրայ կու գայ աւելնալ Ոճիրը Ոճիրներով ծածկելու բնազդական, գայլային հետեւողականութիւն մը՝ որ կրնայ վերջ գտնել միայն ու միայն այն պարագային, երբ Թուրքիան եւ թրքութիւնը (թիւրքճուլուք) ընդունին իրենց Ոճիրները, հրաժարին ժխտողականութենէն եւ հատուցում կատարեն՝ որպէս նշան ու երաշխիք՝ վերջնականապէս հրաժարելու հայատեաց իրենց քաղաքականութենէն։ Մինչդեռ թուրքն ու թրքութիւնը կը մնան ոչ միայն անզիղջ եւ անպատիժ, այլեւ, ընդհակառակն, խրատներ կու տան մեզի, անցեալէն դաս քաղելու սպառնալիքներ, ինչպէս Թուրքիոյ բոլո՛ր ղեկավարները, ներառեալ Էրդողանը, որ Հայաստանի սահմանագլխուն վրայ վերջերս կանգնած՝ Էնվէրը կը փառաբանէր եւ մեր վրայով մինչեւ Թուրան հասնելու անոր ծրագիրը կը թարմացնէր…

Ժխտողականութիւնը թուրքին ու թրքութեան զէնքն է։ Մենք պիտի շարունակենք ժխտել այդ ժխտողականութիւնը, աշխարհին ճանչցնել եւ ընդունիլ տանք Ճշմարտութիւնը։ Սակայն, ինչպէս 44-օրեայ պատերազմը կրկին սորվեցուց մեզի, նոյնիսկ Ճշմարտութիւնը մեզմէ աւելի լաւ գիտցող պետութիւններ ոչինչ ըրին մեր արիւնահոսումը դադրեցնելու համար։ Հետեւաբար պէտք է ոյժ դառնալ, անխոցելի ոյժ, որուն հետ միայն հաշիւի կը նստին մեծ երկիրները

Այո՛, կրկին յիշենք Չարենցը՝ մեր փրկութիւնը մեր հաւաքական ոյժին մէջ է։ Իսկ մեր ոյժը՝ մեր խելքին մէջ է, մեր ստեղծագործ միտքին, աշխատասիրութեան եւ կամքին մէջ։ Վերականգնենք, կարգուկանոն ստեղծենք ու զօրացնենք մեր պետականութիւնը, մեր բանակը, մեր տնտեսութիւնը, մեր ոգեկան արիութիւնը, զօրացնենք հայապահպանութեան, հայրենատիրութեան մեր կռուանները Հայաստանի, Արցախեան մնացորդին եւ Սփիւռքի մէջ։

Ռամկավար Ազատական մամուլը այս առաջադրանքով, այս ոգիով պիտի շարունակէ իր պայքարը Մայր Հայրենիքի մէջ եւ Սփիւռքի տարածքին, ոչ թէ սոսկ գոյատեւման, այլ հզօրացման նպատակադրումով։ Մարտահրաւէրը դժուարին է եւ ծանր, սակայն առաջին անգամ չէ, որ յաղթահարած ենք նման փորձութիւններ մեր երեքհազարամեայ պատմութեան ընթացքին, նոյնը կրնանք ընել այժմ։

Ապրիլ 24-ը օր մըն է միայն, խորհրդանշական օր մը։ Յարգանք ու պատիւ մեր հին եւ նոր միլիոնաւոր նահատակներուն, սէր եւ կարօտ մեր կորսնցուցած հայրենի բոլո՛ր տարածքներուն։ Այլեւս երբե՛ք, այլեւս բնա՛ւ պիտի չընկրկինք։ Այսուհետեւ իւրաքանչիւր օր տքնաջան աշխատանքի, իմաստութեան եւ զգաստութեան օր պէտք է ըլլայ մեզի համար։ Ուրիշ ընտրանք չունինք։

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ ՕՐԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ

Más leídas