SECCIONES
ARMENIA
LOCALES
DIÁSPORA
UGAB
INSTITUCIONES
EMPRENDIMIENTOS Y PYMES
OPINION
AGENDA
SOCIALES
Temp.: -
Hum.: -
Martes 23 de Abril - Buenos Aires - Argentina
PREMIO MEJOR MEDIO DE PRENSA PUBLICADO EN LENGUA EXTRANJERA - MINISTERIO DE LA DIASPORA DE ARMENIA 2015
Diáspora - Ընկ. Յակոբ Գասարճեան
Յատուկ Հարցազրոյց
13 de Abril de 2021
Յատուկ Հարցազրոյց
 
«Մեզի ժառանգուած բարոյական եւ նիւթական արժէքներու պահպանումը իմ համար սրբութիւններ են: Ի Գին Ամէն Զոհողութեան Պիտի Շարունակենք Մեզի Վստահուած Ջահը Վառ Պահել»
 
Հարցազրոյց Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմնի Ատենապետ՝
Ընկ. Յակոբ Գասարճեանին Հետ
 
Մեր հիմնական աշխատանքներէն եղաւ Վահան Թէքէեան վարժարանի արձանագրած կրթական եւ բարոյական մակարդակը պահելն ու ամէն ճիգ ի գործ դնել դպրոցի գոյերթը
ապահովելու:
 
Դիւրին աշխատանք չէր: Տարիներու կուտակումներ կային եւ սրբագրութեան կարօտ աշխատանքներ, որոնք Աստուծոյ օգնութեամբ եւ իմ գործակիցներուն բարի կամեցողութեամբ ու նեցուկին յառաջ տարինք:
 
Արդարեւ, Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմնին կողմէ ատենին ինծի տրուած լիազօրագրին հիման վրայ, անձնական հետապնդումներուս եւ մանաւանդ
երեսփոխանական կապերուս շնորհիւ յաջողեցայ զեղչերով եւ մասնակի վճարումներու դասաւորումով մարել պատերազմի տարիներուն ԶԱՐԹՕՆՔ-ի եւ Թէքէեան Կեդրոնի կուտակուած հարիւրաւոր հազար տոլարներու հասնող պարտքերը:
 
Այս ընթացքին մենք յաջողեցանք նաեւ ԹՄՄ-ի, ԶԱՐԹՕՆՔ-ի եւ Վահան Թէքէեան Վարժարանի սեփականութեան եւ կալուածաթուղթերու օրինականութիւնը ապահովել:
 
Հաւատալով, որ հաստատութիւնը աւելի կայուն է քան անհատը, միութիւնը, թէ որպէս փոխատենապետ եւ ապա ատենապետ ղեկավարած օրերուս ամէն ջանք ըրի, որ իր հիմնադրութեան օրէն տակաւին անհատներու պատկանող ԶԱՐԹՕՆՔ-ի արտօնագիրը փոխանցել միութեան եւ կուսակցութեան հաւաքական սեփականութիւնը հանդիսացող պաշտօնապէս գրանցուած հաստատութեան: Վահան Թէքէեան Վարժարանի
շէնքին պարագան ալ աւելի դժուար կացութիւն էր: 
 
Երբ պատասխանատուութիւն ստանձնեցի, մեծ զարմանքով յայտնաբերեցի, որ այն հողատարածքը, որուն վրայ դպրոցը հիմնուած էր, տակաւին ցանքի յատուկ հողաշերտ էր, որուն վրայ տարիներէ ի վեր կանգնած կառոյցը գոյութիւն չունէր:
 
Բարեբախտաբար նոյն օրերուն ունէի ընտրուած պետական երեսփոխանի հանգամանք եւ օգտուելով առկայ պետական կապերէ, կարելի եղաւ այս բացթողումն ալ մեծ դժուարութիւններով սրբագրել:
 
- Լիբանանի ներկայ իրավիճակը, ի՞նչ տեսակ մարտահրաւէրներու առջեւ դրած է Ձեզի: Պէյրութի Պայթումը, անոր նախորդած եւ յաջորդած Լիբանանի տնտեսական արհաւիրքը եւ քորոնաժահրով պայմանաւորուած առողջապահական խնդիրները, ի՞նչ մարտահրաւէրներու առջեւ դրած են Ձեզի:
 
- Լիբանանի տնտեսական սնանկ իրավիճակն ու քորոնաժահրի գործած աւերը կարծէք չէին բաւեր, որ արդէն իսկ հսկայական դժուարութիւններու առջեւ դրծ էին միութիւնը իր սատարած
կառոյցներով, Պէյրութի պայթումը եկաւ կարծէք մահացու հարուած մը տալու մեզի: Որպէս հայկական կառոյց, Թէքէեան  Կեդրոնը աշխարհագրականօրէն Պէյրութի նաւահանգիստին
ամենամօտը ըլլալով ստացած էր աննկարագրելի վնաս:
 
Պայթումէն ետք երբ փութացի կեդրոն տեսարանը պատկերացուցածես ծանրակշիռ էր:
Մեր աչքին լոյսին պէս պահած մեր կեդրոնը գրեթէ անգործածելի էր: Յուզուած էի եւ
արտայայտուելու կարողութիւնս կորսնցուցած միակ բանը, որ այդ պահուն ըրի Աստուծոյ փառք տալ էր, որ շէնքին մէջ գործողներուն մէջ հրաշքով մը զոհեր չկային:
 
Դպրոցին վիճակը նոյնքան յուսահատական էր: Յաձնուիլը սակայն մեր նկարագրին մաս չկազմող բան մը ըլլալով անմիջապէս ձեռնարկեցի աշխատանքի:
 
Շուտով իմ գլխաւորութեամբ կազմեցինք Լիբանանի Թէքէեանապատկան Կառոյցներու Վերաշինութեան Յանձնախումբ մը: Յանձանխումբին մաս կազմեցին Անի Լաչինեան Մակարեան, Տոքթ. Յովիկ Վարդանեան, Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան, եւ Միքայէլ Վայէճեան (ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի անդամներ), Սեւակ Յակոբեան (ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եւ ԶԱՐԹՕՆՔ-ի գլխաւոր խմբագիր), Տոքթ. Յակոբ Փափազեան (ԹՄՄ Լիբանանի Տեղականն Վարչութեան ատենապետ), Պերճ Արապեան (Վահան Թէքէեան Վարժարանի Հոգաբարձութեան կազմի փոխ ատենապետ), Արա Թէրզեան (Թէքէեան կեդրոնի վարչական տնօրէն), Ճէքի Տէրվիշեան (ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան փոխատենադպիր եւ Թէքէեան Կեդրոնի վարչական քարտուղար):
 
Գետնի վրայ շինարարական աշխատանքները վերահսկելու համար անմիջական պատասխանատուներ նշանակուեցան Պերճ Արապեանն (Վահան Թէքէեան Վարժարանին համար) ու Արա Թէրզեանը (Թէքէեան Կեդրոնին համար):
 
«Զ.»
Más leídas