SECCIONES
ARMENIA
LOCALES
DIÁSPORA
UGAB
INSTITUCIONES
EMPRENDIMIENTOS Y PYMES
OPINION
AGENDA
SOCIALES
Temp.: -
Hum.: -
Martes 16 de Abril - Buenos Aires - Argentina
PREMIO MEJOR MEDIO DE PRENSA PUBLICADO EN LENGUA EXTRANJERA - MINISTERIO DE LA DIASPORA DE ARMENIA 2015
Diáspora - Լիբանան
Հռչակագիր
07 de Abril de 2021

                                                                                    Հռչակագիր

Լիբանան կ’ապրի բազմաբնոյթ եւ բազմամակարդակ ճգնաժամ մը:

Հակառակ օրըստօրէ ահագնացող տագնապին աննախադէպ տարողութեան, անոր հանգուցալուծման հեռանկարը առայսօր ուրուագծուած չէ: Երկրին իշխող դասին քաղաքական անշրջահայացութիւնը երեւոյթ մըն է այսօր, մինչ անոր կողմէ պետական - հանրային ընդհանրական շահի անտեսումը, բարոյական արժէքներու ոտնահարումը եւ այս բոլորին զուգահեռ՝ կառավարման ապաշնորհ, փտած ու անարդիւնաւէտ գործունէութիւնը անցած է ամէն չափ ու սահման:

Իրերու ներկայ դրութիւնը անգամ մը եւս կը հաստատէ, որ գործող համակարգը ատակ չէ իր իսկ մեղսակցութեամբ յառաջացած այս անտանելի իրավիճակին յաղթահարման համար լուծումներու ողջամիտ բանաձեւեր առաջադրել:  

17 Հոկտեմբեր 2019-ին ընթացք առած ժողովրդային զանգուածներու բողոքի հսկայածաւալ ցոյցերով արտայայտուած արդար ցասումը դժբախտաբար չզգաստացուց իշխանութիւնները: Փոխարէնը, անոնք դիմեցին  ամբողջատիրական վարչակարգերու յատուկ բիրտ ու անհամաչափ ուժի գործածութեան՝ փորձելու համար վիժեցնել ընդվզած քաղաքացիներուն թափը ու շեղելու բողոքի բարձրացող ալիքին նպատակային թիրախը:

Լիբանանի մէջ տասնամեակներէ ի վեր գոյութիւն ունեցող  ընկերատնտեսական եւ քաղաքական խնդիրներու թնճուկին արմատները խրուած են անձնական, խմբակային կամ համայնքային նեղ ու եսակեդրոն շահերը պետական շահերուն վրայ գերադասումին ախտին մէջ: Իշխող դասին մեծամասնութեան մօտ, միջազգային եւ տարածաշրջանային օտար ուժերու շահերուն սպասարկելու յանցաւոր վարքագիծը, գերադաս է պետականութեան նկատմամբ հաւատարմութեան ու յանձնառու կեցուածքէն:

Լիբանանի հայ համայնքը, որպէս անբաժան մասնիկը լիբանանեան հայրենիքի պետական – համայնքային կառուցակարգին, իր վրայ խորապէս կը զգայ երկիրին մէջ յառաջացած ճգնաժամի բազմակողմանի բացասական եւ կործանիչ հետեւանքները:  Հետեւաբար, ի պատիւ իրեն, անոր հայրենասէր զաւակները քաղաքացիական բարձր գիտակցութեան դրսեւորումով մը, իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերին ու կը շարունակեն բերել, իշխող փտած եւ ոճրագործ համակարգին դէմ ծաւալած բողոքի զանգուածային միջոցառումներուն:

Հայկական Սփիւռքի երբեմնի ամենակենսունակ համայնքը, հայապահպանման եւ հայակերտումի անզուգական ջահակիրը՝  լիբանանահայութիւնը, ներկայիս կը դիմագրաւէ լուրջ մարտահրաւէրներ, որոնք եթէ ըստ էութեան ու արժանւոյն  չընկալուին ու չգնահատուին, կրնան ճակատագրական ազդեցութիւն ունենալ անոր հետագայ կենսունակ գոյութեան վրայ: Լիբանանի Հայ համայնքին հաւաքական ներուժի անմնացորդ զօրաշարժը, նորարար մօտեցումներն ու իրավիճակը դիմակալելու համարժէք քայլերը միակ երաշխիքներն են  Լիբանանի մէջ Հայ համայնքին քաղաքական կշիռի պահպանման ու բարձրացման:  Իր կշիռը ունեցող Լիբանանահայութիւնը տակաւին մեծ դեր ունի կատարելիք Հայաստան – Սփիւռք յարաբերութիւններու առաւել եւս սերտացման եւ համահայկական շահերու պաշտպանութեան վեհ գործին մէջ:

Յանուն Լիբանանին, ու անոր մէջ կենսագործող հայութեան յարաճուն հզօրացման, լիբանանահայ համայնքին լճացման եւ ներուժի ջլատման ծնունդ տուող առկայ կացութաձեւը պէտք է դադրի գոյութիւն ունենալէ: Սա էական նշանակութիւն ունի բոլորիս համար:  Կենսական է, որ լիբանանեան քաղաքական բեմին վրայ գործող հայկական կողմի մը  մենիշխանական ու մենաշնորհեալ կարգավիճակը չքանայ:  Հատուածապաշտ քաղաքականութեան եւ համայնքի ներկայացուցչութեան հանգամանքի սեփականացման պատրանքը ստեղծելու գործելաձեւը պէտք է վերատեսութեան ենթարկէ տուեալ կողմը: Կարեւոր է, որ վերոյիշեալ վատառողջ նկրտումներուն փոխարինէ՝ համահաւասարութեան հիմքի վրայ կառուցուած, լայնախոհութեամբ եւ փոխադարձ յարգանքով բնորոշուող ու համագործակցութեան շինիչ, լիիրաւ  ու կառուցողական մթնոլորտով առաջնորդուող միջ համայնքային յարաբերութիւններու նոր դրուածք մը:

Վերոնշեալ իրողութիւնները եւ դիտարկումները հիմք ընդունելով, ներքոյ ստորագրեալներս.

ա – Կը հռչակենք մեր հաւատարմութիւնը՝ ժողովրդավարութեան, ազատութեան եւ մարդկային արժանապատւութեան հիմնարար արժէքներուն,

բ – Կը հաւատանք՝ անկախ, գերիշխան ու միասնական Լիբանանի յաւիտենականութեան,

գ- Կը շեշտենք՝ Լիբանանը  բաղկացնող համայնքներու համերաշխ գոյակցութեամբ յատկանշուող եւ իր բոլոր քաղաքացիներուն համար հաւասար հնարաւորութիւններ ապահովող ու բարեկեցիկ ապագայ երաշխաւորող պետականութեան տեսլականին վրայ,

դ – Կը կարեւորենք՝ Լիբանանի հայ համայնքի դերն ու նշանակութիւնը, թէ՛ ներ լիբանանեան զարգացումներու լիարժէք մասնակցութեան եւ թէ՛ հայ ժողովուրդի համասփիւռքեան ներուժի արդիւնաւէտ ու նպատակային օգտագործման դիտանկիւնէն:

ե. Անհրաժեշտ կը նկատենք բոլոր կարող եւ պատրաստակամ անհատ հայորդիներու, գործող կառոյցներու ու միաւորներու անշահախնդիր մասնակցութեամբ եւ անկեղծ գործակցութեամբ, Լիբանանի հայ համայնքի վերականգման եւ վերազարթօնքի հրամայականի իրականացումը,

զ – Կը հաստատենք՝ մեր անկեղծ ու անշահախնդիր պատրաստակամութիւնը, համագործակցութեան շինիչ ոգիով համատեղելու բոլորիս կարողութիւնները, հնարաւորութիւնները եւ ջանքերը,

է- Կը նպատակադրենք՝ ստեղծել խորհրդակցութեան եւ համագործակցութեան հարթակ մը, ձգտելով՝ պատասխանատու եւ լիակատար   ազատութեան եւ հաւասարութեան պայմաններու մէջ համախմբել լիբանանահայ ազատ եւ անկախ մտածելակերպի տէր անհատներ, միաւորներ եւ կառոյցներ, որպէս այլընտրանքային ներկայացուցչութեան մը  ձեւաւորում:

Առ այս՝ հանդիսաւոր կերպով կը յայտարարենք նախաձեռնութեան մը ստեղծումը, որ պիտի ունենայ՝ ԱԶԱՏԱԽՈՀ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ  անուանումը:

Պէյրութ՝ 7 Ապրիլ 2021

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան

Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն

 

Հայկական Ժողովրդային Շարժում - Լիբանան

 

Փոլա Եագուպեան

 

Զօր. Նարեկ Աբրահամեան

 

Յաւելուած. Ստորագրեալներս, սրտանց կը հրաւիրենք լիբանանահայ բոլոր այն կառոյցները, հաստատութիւնները, միութիւններն ու հայրենաշունչ անհատ  հայորդիները, որոնք կը բաժնեն նոյն միտքերը՝ որդեգրելու սոյն յայտարարութեան բովանդակութիւնն ու ոգին: Կոչ կ՛ուղղենք գաղափարակից բոլոր  նուիրեալներուն իրենցը համարելու այս կոչը՝ որդեգրելով զայն եւ ըստ այնմ եւ իրենց կարգին, միանալու ստորագրութիւններուն ու հրապարակելու զայն:

Más leídas