SECCIONES
ARMENIA
LOCALES
DIÁSPORA
UGAB
INSTITUCIONES
EMPRENDIMIENTOS Y PYMES
OPINION
AGENDA
SOCIALES
Temp.: -
Hum.: -
Sábado 27 de Abril - Buenos Aires - Argentina
PREMIO MEJOR MEDIO DE PRENSA PUBLICADO EN LENGUA EXTRANJERA - MINISTERIO DE LA DIASPORA DE ARMENIA 2015
Diáspora - Կոչ
Խոհեմ Զսպուածութիւնն է Օրուայ Հրամայականը
01 de Marzo de 2021

 

Իւրաքանչիւր ժողովուրդի յաղթանակ առաջին հերթին

ազգային համախմբուածութեան արդիւնք է,

որ պէտք է կառուցուած ըլլայ  խելամիտ հաշուարկներու վրայ:

Մոնթէ Մելքոնեան

 

Խոր մտահոգութեամբ կը հետեւինք Հայրենիքի վերջին իրադարձութիւններուն:

Մինչ մեր ժողովուրդը տակաւին կ՛ապրի Արցախեան պատերազմին ու անոր  հետեւանքներուն պատճառած ցաւն ու վիրաւորանքը, Հայաստանի մէջ սկիզբ առած եւ իւրաքանչիւր օր աւելի եւս բարդացող ներքաղաքական ծանր իրավիճակը կը սպառնայ ոչ միայն հայրենաբնակ մեր ժողովուրդին ազգային ապահովութեան, այլ՝ բովանդակ Հայ ժողովուրդին միասնականութեան եւ ինչու չէ՝ գոյութեան:

Այսօր՝ Մարտ 1-ին,  թէ՛ իշխանութիւնը եւ թէ՛ ընդդիմութիւնը կոչ ըրած են իրենց համակիրներուն խմբուելու հակադէմ հրապարակներու վրայ:  Հրապարակ՝ հրապարակի դէմ երեւոյթ մը, որ ազգակործան է ամէն իմաստով: Նման հաւաքներու սկիզբ առնելու պահը կազմակերպողները  կրնան ճշդել, սակայն ոչ անոր ընթացքն ու արդիւնքները: Վերջինները՝ անհակակշռելի են:

Իւրաքանչիւր կողմ իր ընտրած հրապարակին վրայ ներկայ եղող ժողովուրդին թիւը ի զուր կը հաշուէ եւ հորիզոնական թէ ուղղահայեաց նկարահանումներով կը փորձէ իրը կամ միւսինը մեծաթիւ կամ փոքրաթիւ ցոյց տալ:  Կարեւորը կը վրիպի այստեղ: Հայ ժողովուրդին բացարձակ մեծամասնութիւնը ֆիզիքապէս մասնակից չէ եղածին, իսկ մտովին՝ ո՛չ մէկ կողմին հետն է:

Հզօրը այսօր այն է միայն, որ ծանրագոյն այս իրավիճակէն դուրս գալու գործնական եւ լուրջ ելքեր կրնայ առաջարկել՝ փոխան փոխադարձ անվերջ ու անսահման սպառնալիքներու:

Այս առիթով, կոչ կ՛ուղղենք երկու հրապարակներու մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն չտարուիլ սադրանքներու՝ զերծ մնալով բախումներէ, որ կրնայ միայն Հայ ժողովուրդի թշնամիին ուրախացնել:

Խոհեմութեան եւ զսպուածութեան կոչ է սա մեր ժողովուրդին: Իսկ կողմերուն ՝ զգաստութեան կոչ, պատասխանատուութեամբ եւ գիտակցութեամբ առաջնորդուելու, յանուն մեր ժողովուրդին միասնականութեան ու յաղթանակին:

 

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

  ԼԻԲԱՆԱՆԻ  ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ                                             

  ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ  ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ                                                            

Más leídas