SECCIONES
ARMENIA
LOCALES
DIÁSPORA
UGAB
INSTITUCIONES
EMPRENDIMIENTOS Y PYMES
OPINION
AGENDA
SOCIALES
Temp.: -
Hum.: -
Viernes 26 de Abril - Buenos Aires - Argentina
PREMIO MEJOR MEDIO DE PRENSA PUBLICADO EN LENGUA EXTRANJERA - MINISTERIO DE LA DIASPORA DE ARMENIA 2015
Diáspora - ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Տեսանկիւն Հայաստանի ԱԱԾ-ին Տեսադաշտին Մէջ Մինասեան – Միրզոյեան Փոխադարձ Ամբաստանութիւնները Անտէր Պետութեան Մը Չափանի՞շ
18 de Enero de 2021

Վատիկանի մէջ Հայաստանի նախկին դեսպան Միքայէլ Մինասեան Շաբաթ 16 Յունուարին  իր «Ռեքվիեմ-8» տեսաշարքի ընթացքին հերթական բացայայտում կատարեց՝ այս անգամ ընդդէմ Հայաստանի Ազգային Ժողովին նախագահ՝ Արարատ Միրզոյեանին նկատմամբ՝ զինք ամբաստանելով, որպէս Հայաստանի շահերու լրտեսութեամբ զբաղուած հայ բարձրաստիճան պաշտօնեայ: 

Ըստ Մինասեանի՝ Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը կանխելու նպատակով թրքական յատուկ ծառայութիւնները 2005 թուականին կապ հաստատած են Արարատ Միրզոյեանին հետ։ Մինասեան շեշտեց, որ Միրզոյեանը համաձայն գտնուած է գաղտնի տեղեկութիւններ փոխանցել, թէ ինչ աշխատանք կը տարուի Ցեղասպանութեան յուշահամալիր-հիմնարկին մէջ: Թէ ինչ գործընթացներ եւ ինչպիսի արխիւային աշխատանքներ կ՛ըլլան այնտեղ եւ այլն։

Դարձեալ ըստ Մինասեանին, այդ թուականէն կարճ ժամանակ անց՝  ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցները (ԱԱԾ) յայտնաբերած են Միրզոյեանին եւ Թուրքիայի կապերը, Միրզոյեանին հրաւիրած են զրոյցի՝ դնելով փաստերն ու ապացոյցները ըսելով, որ իրեն կը սպառնայ կա՛մ  պետական դաւաճանութեան համար ազատազրկում, կա՛մ պէտք է ան դառնայ ԱԱԾ-ի գործակալը Թուրքիոյ մէջ։

Մինասեան՝ Միրզոյեանին բնորոշելով որպէս երկակի լրտես, իր ամբաստանութեան որպէս ապացոյց ներկայացուց Արարատ Միրզոյեանի ձեռագիր նամակը, որ ըստ երեւոյթին՝ գրուած էր 2007 թուականին հաստատելով իր գործակցութիւնը ԱԱԾ-ին հետ:

carta Mirzoian

Ի պատասխան իր դէմ կատարուած ամբաստանութեան, Հայաստանի ԱԺ-ի նախագահ Արարատ Միրզոյեան չուշացաւ ֆէյսպուքի իր էջին միջոցաւ պատասխանել Մինասեանին գրելով. «Մ. Մինասեանի հերթական ցնդաբանութիւնը պէտք է արժանանայ պատշաճ քրէաիրաւական գնահատականի եւ Մինասեանը պէտք է պատասխան տայ նաեւ այս սուտ մատնութեան համար»:

Հայաստանի Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը (ԱԱԾ) իր կարգին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը,  շեշտելով, որ «Արարատ Միրզոյեանի՝ յատուկ ծառայութիւններու գործակալ լինելուն եւ տարածուած այլ փաստաթղթերին վերաբերող տեղեկատուութիւնը ակնյայտ սուտ է ու իրականութեան հետ ոեւէ աղերս չունի»։

Իր հաղորդագրութեան մէջ ԱԱԾ զգուշացուց. «ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը զգուշացնում է, որ յիշեալ հրապարակման հիման վրայ օրէնքով նախատեսուած թոյլատրելի գործիքակազմի կիրառմամբ գործադրուելու են քրէադատաւարական կառուցակարգեր եւ կրկին անգամ յորդորում է ցուցաբերել բացառապէս իրաւահպատակ վարքագիծ»:

Ի տես այս հերքումին Մինասեան դարձեալ հանդէս եկաւ հետեւեալով. «Լրտես վիժուածքն ընտրեց ինքնաարդարացման ամենափրիմիթիւ տարբերակը՝ հերքել փաստերը»:

«Փաստը հրապարակուած է, առաջարկում եմ փորձաքննութեան տանել թուրքի շբիոնի ձեռագիրը եւ ցուցմունք վերցնել, թէ ի՞նչ հանգամանքներում է դարձել Հայաստանի ԱԱԾ գործակալ: Եթէ էլի փորձի տափակաբանութիւններ դուրս տալ, պատասխանը չի ուշանայ: Յ.Գ. ստելը ձեր մենաշնորհն է, հայրենիք ծախածների ու թուրքի գործակալների վոհմակ». աւելցուց Մինասեան:

Որպէս դիտորդ եւ հետեւող ներազգային իրադարձութիւններու ու շարքային ընթերցող, այսօր հետեւեալ հարցադրումները կ՛ուզեմ պարզապէս բարձրաձայնել.

  1. Միքայէլ Մինասեան, այս եւ նման ամբաստանութիւններու տուն տուող թղթածրարներ ուրտեղէ՞ն ունի իր տրամադրութեան տակ:
  2. Հանրութեան տրամադրութեան տակ դրուած՝ սկզբունքով ԱԱԾ-ի գաղտնի արխիւին պատկանող նշեալ ձեռագիրը (վաւերական ըլլալու պարագային) ինչպէ՞ս ԱԱԾ-ի արխիւներէն դուրս կու գայ:
  3. Որպէս Ազգային Ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան ֆէյսպուքի գրառումէն անդին եւ վեր ասկէ առաջ եւ այս առիթով գործնական ի՞նչ քրէաիրաւական միջոցներու ձեռնարկած է: Իսկ եթէ չէ ձեռնարկած, ապա ի՞նչ կը սպասէ:
  4. Երկուստէք գործածուած բառապաշարը վայե՞լ է պետական հանագամանք զբաղեցուցած կամ զբաղեցնող անձնաւորութիւններուն: Այս մակարդակի խօսելաձեւ եւ բառապաշար մեր պետական լեզուի մշակոյթին պատկանա՞ծ է ատենին: Եթէ ոչ, ապա ո՞վ բացաւ այս «դպրոցը»:
  5. Նախընթաց կա՞յ այլ երկիրներու ազգային անվտանգութեան ծառայութիւններու, թէ գաղտնի գործակալութիւններու մօտ, հերքելու կամ հաստատելու անձի մը իր գործակալը ըլլալու կամ չըլլալու հանգամանքը:
  6. Հայաստանի պետական քրէաիրաւական հաստատութիւններու կողմէ հետապնդուած՝ քաղաքական, ապահովական, անօրէն հարստութեան կամ կաշառակերութեան ծիրէն ներս օրինազանցութիւններու մասին նիւթեր շատ կան: Այսօրուայ մեր նիւթին  մէջ տեղ գտածին նման  զգուշացումներուն ու սպառնալիքներուն կամ  անոնց, որպէս հետեւանք ամբաստանութիւններուն ու մեղադրանքներուն դատաիրաւական ընթացակարգի աւարտին արձակուած  վճիռներուն մասին (եթէ կան) ե՞րբ կարելի պիտի ըլլայ վերջապէս տեղեկանալ արդեօք:
  7. Իշխանափոխութեան ընթացքին եւ անոր յաջորդող աւելի քան երկու տարիներուն, հակառակ պետական մակարդակի կատարուած պոռոտախօսութեան, ո՞ր օլիկարխը կամ «նախկիններուն» շարքին պատկանած ամբաստանեալ մը դատուած է ու իր հասցէին համապատասխան վճիռ արձակուած է մինչեւ այսօր...:

Ի վերջոյ, վերոյիշեալ իրավիճակը առո՞ղջ, թէ անտէր պետութեան մը չափանիշ է:

Դուք դատեցէք:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Más leídas