SECCIONES
ARMENIA
LOCALES
DIÁSPORA
UGAB
INSTITUCIONES
EMPRENDIMIENTOS Y PYMES
OPINION
AGENDA
SOCIALES
Temp.: -
Hum.: -
Miércoles 01 de Mayo - Buenos Aires - Argentina
PREMIO MEJOR MEDIO DE PRENSA PUBLICADO EN LENGUA EXTRANJERA - MINISTERIO DE LA DIASPORA DE ARMENIA 2015
Diáspora - ՄԵԹՐ ԳԱՍՊԱՐ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
Անկլօամերիկֆրանքօթուրք Ճակատ Ընդդէմ՝ Ռուսաստանի եւ Հայութեան
10 de Enero de 2021

Անկլօամերիկֆրանքօթուրք Ճակատ Ընդդէմ՝ Ռուսաստանի եւ Հայութեան

ՄԵԹՐ ԳԱՍՊԱՐ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ

Արեւմտաթուրք այս իմփերիալիստներու ոճրագործ քառեակին մաս չէր կազմեր, ու չկազմեց՝ ոչ ցարական, ոչ սովետական եւ ոչ ալ Փութինեան Ռուսաստանը։ Քանի որ, այս ոճրագործ քառեակը՝ պատմականօրէն թշնամին էր, ոչ միայն Հայ Ժողովուրդին, այլեւ՝ Ռուսաստանին…։

Բայց, Արեւմտաթուրք այս իմփերիալիստներու ոճրագործ քառեակին հինգերորդ անդամը՝ Գայզերական Գերմանիոյ նորագոյն, երիտասարդ իմփերիալիզմն էր, որ պատճառը դարձաւ Ա. Աշխարհամարտին, եւ մեղսակիցը Հայոց Մեծ Եղեռնին։ Իսկ Բ. Աշխարհամարտի պատճառը եղող Նացիական Գերմանիոյ բռնատէրը՝ Հիթլէր, որ նոյնպէս որդեգրեց Փանթուրքիզմի Ծրագիրը եւ արշաւեց Սովետական Միութեան վրայ, եւ գործեց ցեղապաշտական ցեղասպանութիւններ, յայտարարելով թէ՝ ոչ ոք այլեւս կը յիշէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։

Սակայն, Գանցլեր Անճելա Մերքելի Գերմանիան հրաժարեցաւ Փանթուրքիզմի Ծրագրէն, խոստովանեցաւ Գերմանիոյ մեղսակցութիւնը Հայոց Տեղահանութեան ու Ցեղասպանութեան զոյգ ոճիրներուն, եւ սկսաւ մերձենալ Ռուսաստանին (Փութինեան) եւ անոր հետ կնքեց երկու համաձայնագրեր՝ «Հիւսիսային Հոսք Թիւ 1» եւ «Հիւսիսային Հոսք Թիւ 2» կազամուղներու, մերժելով ամերիկեան իմփերիալիզմի արգելքները եւ ազատագրուելով անոր տիրակալութենէն՝ Բ. Աշխարհամարտի աւարտէն ի վեր…։

Գաղութարար Ֆրանսան՝ Նափոլէոն Պոնափարթի միապետութեան օրով (1812 թ.) արշաւեց ռուսական կայսրութեան վրայ ու ջախջախուեցաւ։ Իսկ իմփերիալիստական հանգրուանին հասած Ֆրանսան՝ ոչ միայն Ա. Աշխարհամարտին օգնութեան չհասաւ Հայաստանին, այլեւ՝ իրեն չպատկանող Կիլիկիան ծախեց Թուրքիոյ, շահագործելէ ետք Հայկական Լեգէոնը։ Եւ՝ բրիտանական իմփերիալիզմին հետ գործակցաբար,  Sykes-Picot համաձայնագրով, Միջին Արեւելքի Արաբ Աշխարհը բաժնուեցաւ անոր հետ, օգտագործելով Սեւրի Դաշնագրի այն յօդուածները միայն, որոնք կը վերաբերէին այս երկիրներուն, եւ չգործադրեցին այն յօդուածները, որոնք կը վերաբերէին Հայաստանին եւ քիւրտերուն, անկատար (unperfected) թողելով զայն։

Գաղթատիրութեան առիւծ-թագաւոր՝ Մեծն Բրիտանիան, 1853 թուի Խրիմի պատերազմին, գործեց Ցարական Ռուսաստանի դէմ։ 1878 թ. Մարտին, յաղթական Կայսերական Ռուսաստանի Օսմանեան Կայսրութեան պարտադրած Սան-Սթեֆանոյի Դաշնագրի հայանպաստ Յօդ. 16-րդը, շուրջ երեք ամիսներ վերջ, Պերլինի Դաշնագրով գլխիվայր շրջեց՝ հայավնաս եւ թրքանպաստ Յօդ. 61-րդի, որ թուագրերով ալ ետդարձ շրջումն է Յօդ. 16-րդին…։ Ասիկա՝ մեղսակցութեամբը Գայզերական Գերմանիոյ, եւ որուն համար (իբր վարձատրութիւն, հատուցում կամ կաշառք…) Մեծն Բրիտանիա (Օսմանեան Կայսրութեան հետ նախօրօք կնքուած համաձայնագրով) անկէ խլած էր Կիպրոս կղզիին կառավարումին մենաշնորհը։

Իսկ Ա. Իմփերիալիստական Աշխարհամարտին, Մեծն Բրիտանիա ոչ միայն չօգնեց Հայաստանին, այլ՝ ինք եւս օգտագործելէ ետք Հայկական Լեգէոնը Արարայի Ճակատամարտին մէջ (ուր Հայկական Լեգէոնը խաղաց վճռորոշ դեր), յաղթական երկու դաշնակիցները (Ցարական Ռուսաստանը տապալած էր Հոկտեմբերեան Յեղափոխութեամբ եւ դուրս եկած երեք դաշնակիցներու ճակատէն), Sykes-Picot Համաձայնագրով Կովկասը յանձնեցին Մեծն Բրիտանիոյ։ Այս վերջինը, 1918 թ. Նոյեմբեր 17-ին, իր բանակով, Ուիլիամ Մոնթկոմըրի Թոմսընի հրամանատարութեամբ, մտաւ Պաքու եւ պաշտպանեց Մուսաւաթական Ազրպէյճանը՝ Պաքուի կոմունային դէմ (որ Ստեփան Շահումեանի ղեկավարութեամբ եւ դաշնակցական Ռոստումի մարտիկներուն գործակցութեամբ, կը պատերազմէր Մուսաւաթի դէմ, պաշտպանելով նաեւ Պաքուի հայութիւնը), եւ՝ սպաննեց Պաքուի 26 կոմիսարներն ու բազմահազար հայութիւնը։ Զօր. Թոմսըն պետութեան հանգամանք տուաւ Ազրպէյճանին, գծելով անոր սահմանագիծը Հայաստանի Հանրապետութեան հետ եւ Ղարաբաղը դրաւ Ազրպէյճանի սահմանէն ներս, հակառակ հոն կազմակերպուած հանրաքուէի արդիւնքին։ Ղարաբաղի բնակչութեան 90%-ը քուէարկած էր ի նպաստ Ղարաբաղի միացումին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան։ Թոմսըն գործադրեց Լոնտոնէն եկած հրահանգը։ (Իսկ Ա. Հանրապետութեան քաղքենի դիւանագէտը՝ Ալեքսանտր Խատիսեան, գոհունակութեամբ գրած է իր յուշերուն մէջ, թէ՝ Զօր. Թոմսըն երեք «վիճելի» տարածքներն Զանգեզուրը դրաւ Հայաստանի սահմանին մէջ, իսկ Ղարաբաղն ալ՝ Ազրպէյճանի…)։

Տակաւին… 1919 թուին, երբ Օսմանեան Զինուորական Ատեանը սկսած էր ձեւականօրէն ձերբակալել ու բանտարկել երիտ. թուրք ղեկավարները, ողոքելու համար Դաշնակիցները՝ պարտեալ Թուրքիոյ հանդէպ, Թոմսըն՝ Լոնտոնէն եկած հրամանին համաձայն, թրքական բանտերէն հանեց երիտթուրք սիոնամէտ բանտարկեալները (102 սպաներ ու զինուորականներ) եւ զանոնք տարաւ Մալթա կղզին, իբր թէ զանոնք դատելու պատրուակով։ Բայց, յետագային, զանոնք կամ ազատ արձակեց եւ կամ՝ արտօնեց անոնց մէկ մասին փախուստը Մալթայի բրիտանական բանտէն…։

Վերջապէս. Մեծն Բրիտանիոյ թշնամանքը՝ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին հանդէպ, որպէս գաղութարար եւ իմփերիալիստ տէրութիւն։ Իբր լրացուցիչ երեք աղբիւրներ կը յիշենք այստեղ.

  • Դոկտ. Ագապի Նասիպեանի երկասիրութիւնը, “Britain and the Armenian Question”, որ պատմական պաշտօնական վաւերագրերով կը մերկացնէ Մեծն Բրիտանիոյ ոչ-բարեկամական ու թրքանպաստ աղուիսագիտական ու Մաքիավելեան դիւանագիտութիւնը։

 

Մեծն Բրիտանիոյ Գաղտնի Սպասարկութեան գաղութներու բաժանմունքի տխրահռչակ Laurance of Arabia մակդիրով ծանօթ հայատեաց սպան, որ 1929 թուին, ամերիկացի լրագրողին (Սթեֆըն) տուած զրոյցին մէջ, բրիտանական պաղարիւնութեամբ առաջարկեց՝ այս հին ժողովուրդը վերջնապէս պէտք է բնաջնջուի ՁԵՐ ձեռքով, լրացնելով 1915 թուի մասնակի Ցեղասպանութիւնը, որովհետեւ՝ երբ ԱՄՆ-ը ըլլայ այս ոճիրին հեղինակը, աշխարհ լուռ կ՚անցնի. չի բողոքեր։ Իսկ թուրքերը՝ կիսատ ձգած են գործը, բաւականանալով՝ ջարդերուն ու տեղահանութեան համապատկերին իրենց տուած գոհացումովը արեան ծարաւին…։

 

  • Իսկ երրորդ աղբիւրը՝ Մեծն Բրիտանիոյ մեծահռչակ վարչապետ Ուինսթոն Չըրչիլի հետեւեալ վկայութիւնն է՝ Մեծ Եղեռնի տեղահանութեան ու կոտորածներուն զոյգ ոճիրներուն մասին. «1915 թուին, թուրք կառավարութիւնը սկսաւ անգթօրէն իրագործել հայոց տխրահռչակ ընդհանուր տեղահանութիւնն ու կոտորածները Փոքր Ասիոյ մէջ… Ցեղին մաքրագործումը Փոքր Ասիոյ մէջ այնքան ամբողջական էր… որքան՝ նման տարողութեամբ լայնածաւալ արարք մը կրնար ըլլալ։ Ամենաջնջին կասկածն անգամ չկայ, որ այս ոճիրը ծրագրուած ու գործադրուած էր քաղաքական պատճառներով։ Պատեհութիւնը ստեղծուած էր թրքական հողը մաքրելու քրիստոնեայ ցեղէ մը» (տես՝ The World Crisis _ vol. 5, “The Aftermath”, New York, Charles Scruoner’s Sons, 1929)։

libros world crisisԽաբուիլ սիրող մեր ժողովուրդը (ՌԱԿ ղեկավարներէն Ստեփան Տեփոյեանի որակումով), Չըրչիլի այս վկայութիւնը համարած է «հայանպաստ»։ Մինչդեռ, այս վկայութիւնը բառացիօրէն հայատեաց, թրքապաշտ եւ Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը՝ Պատմութենէն եւ Աշխարհի քարտէսէն դուրս հանող վկայութիւն մըն է, հարազատօրէն տիպական՝ իմփերիալիստ տէրութեան մը ղեկավարի մտածողութեան ու բրիտանական պաղարիւնութեան…, հետեւեալ վեց պատճառներով.

1 –    Բնաւ Հայաստանի անունը չի տար, այլ կը կրկնէ. «Փոքր Ասիոյ մէջ»։

2 –    Չի յիշեր Փանթուրքիզմի Ծրագիրը, այլ՝ Մեծ Եղեռնի երկու ոճիրները ճշդելով հանդերձ, կը խօսի «քաղաքական պատճառներ»ու մասին։

3 –    Կը խօսի «թրքական հող»ի մասին, փոխանակ յիշելու Հայաստանը։

4 –    Փոխանակ յիշելու Ա. Իմփերիալիստական Աշխարհամարտը, կը խօսի տրուած «պատեհութեան» մասին։

5 –    Կը խօսի «քրիստոնեայ ցեղի մը» մասին, փոխանակ յիշելու հայ հի՜ն ժողովուրդի…։

6 –    Վերջապէս. ամբողջ ժողովուրդի մը տեղահանութիւնն ու կոտորածները կ՚որակէ «մաքրագործում» սահմռկեցուցիչ բառով, չբաւականանալով նախապէս իր գործածած «արարք» բառով…։

King Crane Report First Publication 1922

Իսկ իմփերիալիստական ԱՄՆ-ի նախագահը, թէեւ ընդունեց եւ գործադրեց Սեւրի Դաշնագրէն իրեն տրուած իրաւարարի պաշտօնը, եւ արձակեց իր արդար վճիռը ի նպաստ Հայաստանի, սակայն, ԱՄՆ-ի կառավարութիւնը եւ Քոնկրէսը մերժեցին որ ԱՄՆ ստանձնէ Հայաստանի հոգատարութիւնը, հակառակ King-Crain Յանձնաժողովի դրական թելադրութեան, ենթարկուելով՝ Սիոնական Շարժումի ճնշումներուն։ Որովհետեւ՝ այս Շարժումը, որուն հովանաւորը իմփերիալիստական Մեծն Բրիտանիան էր, ինքն էր հեղինակն ու մշակողը Փանթուրքիզմի դէպի Արեւելք ծաւալելու Ծրագրին (այս Ծրագիրը մշակող հինգ հրեայ-սիոնական պատմագիրներու մասին, որոնք 1873-1923 տարիներուն հրատարակեցին ութ հատորներ, գործածելով նաեւ՝ թրքական ծածկանուններ, մանրամասն տեսնել մեր հատորը՝ «Սիոնիզմի Եւ Փանթուրքիզմի Առնչութիւնները եւ Անոնց Սպառնալիքը Հայաստանի Լինելութեան»), որուն առաջին քայլը պիտի ըլլար Արեւմտահայաստանէն ետք Արեւելահայաստանի ալ գրաւումն ու հայաթափումը, ճամբայ հարթելով Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ ցամաքային կապի ստեղծումին, որպէսզի կարելի ըլլայ արագօրէն եւ հեշտօրէն օգնել Թուրքիոյ փանթուրքական Պասմաչիական բանակին, որ Էնվեր Փաշայի հրամանատարութեամբ կը կռուէր Կեդրոնական Ասիոյ մէջ՝ Կարմիր Բանակին դէմ, որուն հայ հրամանատարներէն Մելքումեանը զգետնեց Էնվեր Փաշան յետագային։

Իսկ Բ. Աշխարհամարտի աւարտին, ԱՄՆ որդեգրեց Փանթուրքիզմի սիոնական Ծրագիրը Սովետ Միութեան դէմ, դառնալով Թուրքիոյ աւելի հզօր հովանաւորը, քան՝ Մեծն Բրիտանիան։ (Այս յետ Բ. Աշխարհամարտի ցուրտ պատերազմի շրջանին ԱՄՆ-Թուրքիա փանթուրքական կապերուն մասին, փաստագրական հարուստ աղբիւր մըն է Charles Hostler-ի “Turkey and the Soviets” հատորը)։ Փանթուրքիզմը որդեգրելը, ipso facto կը նշանակէ՝ պատերազմ հռչակել Ռուսաստանի եւ Հայաստանի դէմ, եւ ուրեմն նաեւ՝ հովանաւորել այն ռուսական ու հայկական վտարանդի կուսակցութիւնները, որոնք դիրքորոշուած են Սովետ Միութեան դէմ։ Սովետ Միութեան ու Սոցիալիստական երկիրներու ճակատին դէմ հռչակուած այս ցուրտ պատերազմը ստեղծեց երկբեւեռ աշխարհակարգ մը, որուն մէջ երկփեղկուեցան նաեւ երկիրներ եւ ժողովուրդներ (ինչպէս՝ Արեւելեան եւ Արեւմտեան Գերմանիա, Հիւսիսային եւ Հարաւային Քորէա, Հիւսիսային եւ Հարաւային Վիեթնամ, Հիւսիսային եւ Հարաւային Եմէն…), ներառեալ՝ Հայ Սփիւռքը, ուր վտարանդի հայկական կուսակցութիւնը՝ իր «Հոգեկան Հայրենիք»ը հակադրեց շօշափելի, շէնշող եւ իրական հայրենիք Սովետ Հայաստանին, եւ Կիլիկեան Աթոռը գրաւելով (Քամիլ Շամունի ժանտարմաներով ու Պէյրութի ամերիկեան դեսպանատան աջակցութեամբ) զայն հակադրեց Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան Աթոռին (Սբ. Էջմիածին), երկփեղկելով ու երկգլխանի դարձնելով նոյնիսկ Հայց. Եկեղեցին։ Հայ Սփիւռքի այս երկփեղկումը, կարգ մը գաղթօճախներու մէջ, հասաւ եղբայրասպանութեան (այսինքն՝ ազգային ինքնասպանութեան) եւ հասաւ հոն, ուր պատմական Առաջին Ներգաղթին՝ Հայրենադարձութեան դէմ անգամ կռուեցան այդ վտարանդի կուսակցութեան շէֆերը… որոնք հականերգաղթ «յեղափոխական» երգեր ալ յօրինեցին, այդ հիներուն մակարդակով ու սնամէջութեամբ, վատաբանելով ճշմարիտ յեղափոխական մտաւորական, երգիծագիր ու «Ժողովուրդի Ձայն»ի հայրենասէր խմբագիր Յովհաննէս Աղպաշեանը, եզրակացնելով. «Մենք չենք երթար Հայաստան, կ՚երթանք Պարսկաստան»։ (Ցուրտ Պատերազմի ստեղծած երկփեղկումը հասած էր հոն, ուր Դրօներ եւ Մովսէսներ, ոչ միայն անայլայլ ու առանց կարմրելու կը խօսէին մեր պատմութեան երջանկագոյն եւ առաջին ու ցարդ միակ ներգաղթին դէմ, եւ տակաւին՝ յիշեալներէն առաջինը կը զառանցէր՝ թէ ինչո՞ւ էս փէզէվէնկ ամերիկացիները, որ եապոններին պատժեցին աթոմական երկու ռումբով, ինչո՞ւ երկու ռումբ ալ չեն ղրկեր Սովետ Միութեան վրայ…։ Մոռնալով, որ այդ Միութեան մէջ է նաեւ Արեւելահայաստանը…)։

Բ. Աշխարհամարտի վաղորդայնին, ամերիկեան իմփերիալիզմը Միջին Արեւելքի մէջ հաստատեց երկու օֆֆշոր ռազմակայաններ. մէկը՝ սիոնական (Իսրայէլի տարատնկեալ պետութիւնը), միւսը՝ փանթուրքական (Թուրքիոյ տարատնկեալ պետութիւնը), իսկ արդէն տարատնկեալ մայր պետութիւնն էր՝ կարմիր հնդիկ բնիկ ժողովուրդներու արեան վրայ։ Այս երեք տարատնկեալ պետութիւններու միջեւ կնքուած է անսուրբ երրորդութեան դաշինք մը, որ անքակտելի է (կաթոլիկեան ամուսնութիւն է)։ Այնքան ժամանակ որ ԱՄՆ կը մնայ իմփերիալիստական, Թուրքիան՝ փանթուրքական եւ Իսրայէլը՝ սիոնական, այս երեքին միջեւ տարակարծութիւնները երկրորդական են եւ ժամանակաւոր, իսկ զինակցութիւնը՝ գոյութենական է եւ մնայուն, որովհետեւ երեքին ալ գոյատեւումը կախեալ է իրարմէ։ Այսինքն՝ երեքին ծաւալողական ծրագրերէն, որոնք չեն կրնար գործադրուիլ առանց երեքին համագործակցութեան։ (Այս զինակցութեան գոյութենական ու մնայուն ըլլալուն, եւ տարակարծութեան երկրորդական ու ժամանակաւոր ըլլալուն փաստերէն մէկն է այն, որ ատեն մը, իսլամական աշխարհին – ներառեալ՝ արաբական – ժողովրդականութիւն վաստկելու նպատակով Էրտողանի կատարած շրթնային դատապարտութիւններէն ետք, այսօր՝ նոյն Էրտողանը հրապարակաւ յայտարարեց, որ եթէ Իսրայէլ մէկ քայլ առնէ դէպի հին յարաբերութիւններու վերականգնում, Թուրքիա պատրաստ է առնելու երկու քայլ, երբ՝ արաբ-իսլամ շարք մը երկիրներ ճանչցան Իսրայէլը եւ անոր հետ կնքեցին համաձայնութիւններ)։ Անշուշտ, այս երեքը ոչ իրարու հաւասար ծաւալներ ունին, եւ ոչ ալ՝ իրարու հաւասար իրաւասութիւններ։ Boss-ը՝ ամերիկեան իմփերիալիզմն է երկուքին վրայ, որոնք եւս իրարմէ կը տարբերին կարգ մը տեսակէտներով. հիմնականին մէջ՝ երեք.

1 -     Boss-ին կողմէ իրենց համար սահմանուած թիւ մէկ թիրախով,

2 -     Boss-ին հանդէպ իրենց ցուցաբերած հաւատարմութեան եւ հնազանդութեան չափով, եւ

3 –    իւրաքանչիւրի գոյութաբանական (ontologique) էութեամբ…։

Իսրայէլին սահմանուած մեծագոյն թիրախը Արաբական Աշխարհն է՝ Նեղոս գետի ակունքէն (Եթովպիա-Եգիպտոսէն) մինչեւ Եփրատ գետը ներառեալ (Սուրիան) երկարող Միջերկրական Ծովի արեւելեան ափերը՝ Մարոքէն սկսեալ։ Իսրայէլ ամբողջովին հնազանդ է եւ հաւատարիմ Boss-ին, քանի որ իր գոյութաբանական էութեամբ ստեղծուած է Մեծն Բրիտանիոյ կողմէ (Պալֆուրի Խոստումով) եւ պահպանուած՝ Boss-ին կողմէ, աջակցութեամբը Մեծն Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի մինչեւ այսօր։

Մինչ Թուրքիոյ սահմանուած մեծագոյն թիրախը Ռուսաստանն է՝ ներառեալ Հայաստանը, Իրանն ու Կեդրոնական Ասիան…։ Թուրքիա ամբողջովին հնազանդ ու հաւատարիմ չէ Boss-ին։ Ան երբեմն կրնայ արգիլել Boss-ին գործածել իր Ինճիրլիքի եւ միւս զինուորական օդակայանները։ Եւ աւելին՝ Թուրքիան մրցակիցն է Boss-ին, ոչ միայն Իսրայէլին սահմանուած Արաբական Աշխարհի թիրախին (իր նոր-օսմանականութեամբ), այլեւ՝ Ռուսաստան-Անդրկովկաս-Կեդրոնական Ասիա թիրախին (իր Փանթուրքիզմով)։ Քանի որ, Թուրքիա՝ իր գոյութաբանական էութեամբ, պարտական չէ Boss-ին։ Ան ժառանգորդն է Օսմանեան Կայսրութեան զաւթած տարածքներուն եւ այդ կայսրութեան միջազգային իրաւական անձնաւորութեան։ Այլ խօսքով. Թուրքիա՝ Իսրայէլի նման, ամբողջովին կեանքի չէ կոչուած իր բռնագրաւած հողերուն վրայ։ Եւ ճիշդ այս պատճառով, Boss-ը կը փորձէ միշտ Թուրքիան կախեալ պահել իրմէ՝ քիւրտերը պաշտպանելու սպառնալիքով, որոնք՝ մեզմէ տարբերելով, յաջողեցան Թուրքիոյ մօտ ստեղծել տարանջատուելու վախը։ Մենք չկրցանք այդ վախը պատճառել՝ մեր տխմար եւ ազգաքանդ արեւմտաթրքամէտ արեւելումին պատճառով։ Մինչդեռ մենք կրնայինք այդ վախը պատճառել՝ եթէ ոչ զէնքով, գոնէ մեր ռուսամէտ իմաստուն եւ անկեղծ արեւելումով, ընդելուզումի ճամբով համարկուելով ու սերտաճելով մեր միակ հզօր զինակիցը եղող Ռուսաստանի հետ, որուն նախատիպարն էր, յաջող նախընթացին փաստը՝ ՀԱՅԿԱԿԱՆ Սովետական Սոցիալիստական Բ. Հանրապետութիւնը Արեւելահայաստանի, որ միաժամանակ չէր մոռցած բռնագրաւեալ Արեւմտահայաստանը, իր պետական գերբին կեդրոնը զետեղելով վեհանիստ ԱՐԱՐԱՏը, փոխարէնը՝ «թշուառ-անտէր» Հայաստանի պետնիշի «գազանանոց»ին (Լեւոն Հախվերդեանի որակումով)։

Այսօր, ամերիկեան իմփերիալիզմին եւ փանթուրքական Թուրքիոյ միջեւ իսկական տարակարծութեան պատճառին մակերեսն է միայն ռուսական S400 հակահրթիռային համակարգը, որուն խորքը՝ ԱՄՆ-ի սպառնալիքն է քիւրտերու պաշտպանութիւնը հիւսիս-արեւելեան Սուրիոյ մէջ, որուն միջոցով ԱՄՆ կ՚ուզէ ապահովել միջամտելու իրաւունք մը՝ Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծումին մէջ, երբ քննութեան ենթակայ է Սուրիոյ ապագայի Սահմանադրութիւնը, որ պիտի սահմանէ Սուրիոյ ապագայ համակարգը, որ եթէ հակա-ամերիկեան ըլլայ, ԱՄՆ-ը ձեռնունայն դուրս կը վտարուի Սուրիոյ դէմ իր սարքած համաշխարհային պատերազմէն (2011-էն ի վեր)։ Ինչ որ կը նշանակէ՝ Միջին Արեւելքը յանձնել Ռուսաստան-Իրան-Սուրիա-Հըզպալլա առանցքին, մեծապէս վտանգելով իր երկրորդ օֆֆշոր ռազմախարիսխին գոյութիւնը տարածաշրջանին մէջ։ Մինչդեռ, իր իմփերիալիստական շահերը կը պահանջեն, որ պաշտպանէ կամ պահպանէ իր առաջին օֆֆշոր ռազմախարիսխը եւս՝ իր ՕԹԱՆ-եան զինակիցը եղող Թուրքիան…։ Որովհետեւ՝ այսօր, մեծապէս վտանգուած է իր ներկայութիւնը տարածաշրջանին մէջ, ինչպէս կը վկայէ ամերիկեան լուրջ հանդէս՝ “Foreign Affairs”ի վերջին համարին մէջ, Սթիֆըն Քուքի գրութիւնը, որ կ՚ըսէ թէ՝ վերջին քսանամեակին, ԱՄՆ-ը ձախողած է Միջին Արեւելքի մէջ (տես՝ հանդէսի November, No. 99 համարը, որուն ընդհանուր խորագիրն է “Capitalism After The Pandemic”)։ Անշուշտ, այս վկայութիւնը նորութիւն մը չէ ԱՄՆ-ի մայրամուտին մասին։ Վերջին տասնամեակին լոյս տեսան ամերիկացի եւ բրիտանացի հեղինակներու մօտ երկու տասնեակ հատորներ. ինչպէս՝ Զպիկնիու Պրժըժինսքիի “A Second Chance?” եւ Պերթրանտ Ռասըլի Հիմնարկին պաշտօնաթերթ “The Spokesman”ի հրատարակած “Empire No More”, որոնք կը փաստագրեն ԱՄՆ-ի վերջալոյսը։

king crome commission

Անկլօ-ամերիկեան եւ սիոնա-ֆրանքօ-թուրք թշնամի ճակատին դիմաց՝ ցարական, յեղափոխական, սովետական թէ Փութինեան Ռուսաստանը ի՞նչպէս պաշտպանեց Հայութիւնը՝ վերջին մէկուկէս դարու պատմութեան մէջ։

1 –    1878 թուին, Սան-Սթեֆանոյի Դաշնագրի Յօդ. 16-րդով։

2 –    1918 թուի Յունուարին, «Թուրքահայաստանի Անկախութեան Մասին» դեկրետով։

3 –    29 Նոյեմբեր 1920 թուին, երբ Թուրքիա գրաւեց Ալեքսանդրապոլը եւ սկսան ջարդել բնակչութիւնը, Կարմիր Բանակի 11-րդ զօրաբաժինը Դիլիջանէն մտաւ Արեւելահայաստան եւ դուրս մղեց թրքական զօրքը քաղաքէն, հաստատելով Սովետական Հայաստանը։

4 –    2020 թուին, թուրք-ազերի-սիոնական, կամ՝ ՕԹԱՆ-եան նախայարձակումին դէմ՝ Փութինեան Ռուսաստանը իր կտրուկ ու վճռական միջամտութեամբ, երբ նախայարձակումը հասած էր Փութինի ճշդած կարմիր գիծին, մեզի տուաւ յոյսն ու առիթը վերականգնելու խայտառակ պարտութենէն, եթէ՝ մենք (այս անգամ գէթ) համեստութիւնը ունենանք ականջ տալու պատմութեան ձայնին, եւ ըմբռնենք անոր տուած դառն դասը ու վերադառնանք Բ. Հանրապետութեան ռուսական արեւելումի բարիքներուն՝ Արեւմտաթրքականի չարիքներուն փոխարէն… եւ երբեք չմոռնանք, թէ՝ մեր երեք Հայաստաններէն (Թրքահայաստան, Ռուսահայաստան եւ Պարսկահայաստան) միմիայն Ռուսահայաստանը յաջող անցաւ պատմութեան քննութենէն ու վերապրեցաւ։ Չմոռնանք, որ մեծ հայրենասէր Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի» վէպին հերոսը՝ Աղասին ըսած է. «Օրհնուի էն սըհաթը, որ ռսի ոտքը կոխեց մեր հողին»…։ Նաեւ՝ այն, որ 19-րդ դարուն, վանեցի հողագործ, շինական ու արհեստաւոր փորձառու ծերունիները, դաժանութիւններու առջեւ, կը յուսադրուէին Ռուսաստանի օգնութեամբ, ըսելով. «Քեռին տի գայ»…։

Փութինեան Ռուսաստանի մեզի տուած յոյսին եւ առիթին ազդանշաններէն են հետեւեալները.

ա)     ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի երեք համանախագահ երկիրներէն միայն Ռուսաստանը զինուորապէս միջամտեց պատերազմին եւ կասեցուց զայն։ Պատերազմը նախածրագրած էր ՕԹԱՆ-եան Թուրքիոյ բանակը երեք ամիսներ առաջ՝ Թուրքիոյ զինակից Իսրայէլի “Jerusalem Post”ի վկայութեամբ, արգիլելով օտար զօրքերու միջամտութիւնը, որպիսին պատահած էր Սուրիոյ մէջ… եւ՝ զինադադարի առժամեայ պայմանները պարտադրեց թուրք-թաթար-ՕԹԱՆ ճակատին՝ մինչեւ 2025, եւ այդ պայմաններուն վերահսկողութիւնը առաւ ռուսական բանակի ձեռքին մէջ…։

բ)      Նախապէս ալ, երբ թրքական զօրքը սկսած էր մօտենալ Հայաստանի սահմաններուն, անօդաչու օդանաւերով՝ ռուսական բանակի Krasukha-4 էլեկտրոնային համակարգերը չէզոքացուցին զանոնք։

գ)      Արցախի ամբողջ տարածքին ականազերծումը կատարեց՝ ռուսական բանակը։

դ)      Ստեփանակերտի օդակայանի վերակառուցումը կատարեց եւ գործածելի դարձուց՝ ռուսական բանակը։

ե)      Ռուսական բանակը արդէն աւարտելու վրայ է նախագիծը նոր երկաթուղագիծի մը՝ Հայաստանի եւ Ստեփանակերտի միջեւ։

զ)      Ռուսական բանակը վճռականօրէն կը կազմակերպէ Արցախէն փախստական բնակիչներուն ապահով վերադարձը իրենց տուները։

է)      Երբ Մինսքի Խմբակի երկրորդ համանախագահ երկիրը (Ֆրանսա) բացայայտեց Թուրքիոյ հովանաւորած ահաբեկիչներուն փոխադրումը պատերազմի դաշտ, Էրտողան՝ լկտիաբար, Փութինէն պահանջեց որ Ֆրանսայի համանախագահի աթոռը յետս կոչուի, եւ այդ աթոռը տրուի Թուրքիոյ, քանի որ Ֆրանսա դադրած էր անկողմնակալ մնալէ կողմերուն միջեւ…։ Փութին՝ կտրուկ կերպով մերժեց այդ լկտի պահանջը, եւ Էրտողանին յիշեցուց թէ Թուրքիա թշնամին է կողմերէն մէկուն եւ կը զինէ կողմերէն միւսը, որ թշնամին է իր զինակից Հայաստանին… եւ կ՚ուզէ օգնել Ազրպէյճանին՝ Փանթուրքիզմի Ծրագրով, որ թշնամական է նաեւ Ռուսաստանի դէմ… եւ որուն համար կարիքը ունի ՕԹԱՆ-ի աջակցութեան… եւ՝ այնքան ատեն որ Թուրքիա չէ հրաժարած Փանթուրքիզմի Ծրագրէն (եւ հետեւաբար ալ ՕԹԱՆ-եանէն, նաեւ՝ Մեծն Բրիտանիայէն), ան չի կրնար անկողմնակալ ըլլալ յաւակնիլ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ ալ՝ Ռուսաստանի նկատմամբ…։

Մեր համեստ եւ հաստատ համոզումով, այսքանը բաւարար է, որ մենք անյապաղ վերադառնանք Բ. Հանրապետութեան ռուսական արեւելումին, որպէսզի կարողանանք 2021 թ. ՆՈՐ ՏԱՐԻին, որ Կարսի Պայմանագրի 100-րդ տարեդարձն է, պահանջել Փութինեան Ռուսաստանէն, այդ պայմանագրի վերատեսութիւնը…։

Արեւելահայաստանի վարչապետը, նախագահն ու Ազգային Ժողովը կը լսե՞ն արդեօք այս կոչը։

logo zartonk

 

Más leídas