SECCIONES
ARMENIA
LOCALES
DIÁSPORA
UGAB
INSTITUCIONES
EMPRENDIMIENTOS Y PYMES
OPINION
AGENDA
SOCIALES
Temp.: -
Hum.: -
Domingo 05 de Mayo - Buenos Aires - Argentina
PREMIO MEJOR MEDIO DE PRENSA PUBLICADO EN LENGUA EXTRANJERA - MINISTERIO DE LA DIASPORA DE ARMENIA 2015
Armenia - ՊԱՐՏԻՆ ՀԱՅՑԵԼ ՆԵՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
Խստիւ Կը Դատապարտենք ՀՀ Իշխանութիւններու Անարգական եւ Անպատկառ Վերաբերմունքը
01 de Enero de 2024

RAK-h.-mamul                                  

ՌԱԿ-ի Համադրուած Մամուլ

Հայ ժողովուրդի պատմութեան ամէնատժգոյն այս օրերուն, մինչ հայրենաբնակ թէ աշխարհասփիւռ ամբողջ հայութեան մէջ կոչեր կը հնչեն որպէսզի համազգային ներդաշնակութիւն եւ միասնականութիւն ստեղծող նախաձեռնութիւններ կատարուին, ծանր սրտով եւ խորազգաց ցասումով ստացանք անհաւատալի թուացող սակայն իրաւ լուրը, թէ ՀՀ հանրային պաշտօնական Հ1 հեռատեսիլի ընկերութեան տնօրէնութիւնը, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցուոյ Մայր Աթոռին ուղղուած իր գրութեամբ կը մերժէ սփռել աւանդութիւն դարձած Ամանորեան ուղերձը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս՝ Գարեգին Բ. Վեհափառին:

Բնականաբար անպատասխանատու եւ անպատկառ վերաբերմունք մըն է սա, որ ո՛չ միայն անարգանք է Հայ ժողովուրդի դարաւոր հաւատքի կեդրոն՝ Մայր Աթոռին եւ անոր գահակալին, այլ նաեւ անարգանք մըն է շպրտուած Հայ եկեղեցուոյ միլիոնաւոր զաւակներուն դէմքին:

Առ այժմ, առանց յաւելեալ մեկնաբանութեանց, կը պահանջենք ՀՀ Հանրային Հեռուստաընկերութիւնը հովանաւորող ՀՀ իշխանութիւններէն անյապաղ եւ հրապարակային ներողութիւն հայցէ Մայր Աթոռէն, ինչպէս նաեւ Հայ ժողովուրդէն իրենց անընդունելի եւ անարգական պահուածքին համար:

01.01.2024

Más leídas