SECCIONES
ARMENIA
LOCALES
DIÁSPORA
UGAB
INSTITUCIONES
EMPRENDIMIENTOS Y PYMES
OPINION
AGENDA
SOCIALES
Temp.: -
Hum.: -
Lunes 29 de Abril - Buenos Aires - Argentina
PREMIO MEJOR MEDIO DE PRENSA PUBLICADO EN LENGUA EXTRANJERA - MINISTERIO DE LA DIASPORA DE ARMENIA 2015
Armenia - Վասն Հայրենեաց
Համահայկական Համախմբման Շարժում ՀԿ
28 de Marzo de 2023

Սիրելի Հայրենակից,

Ուրախ ենք Ձեզի յայտնելու, որ Վասն Հայրենեաց Համահայկական Համախմբման Շարժում –
Հասարակական Կազմակերպութիւնը տեսլապաշտ գործելաձեւով ընթացք առած է մեր Հայրենիքին մէջ ու յաջողութեամբ յառաջ կը տանի իր ազգօգուտ գործունէութիւնները:
Կազմակերպութեան նպատակներն են.
1. Համախմբել Հայ ժողովուրդը պետական եւ ազգային շահերու շուրջ,
2. Աջակցիլ ազգային արժէքներու պաշտպանութեան,
3. Նպաստել Հայոց բանակի զարգացման,
4. Ազգային դաստիարակութեան եւ առնչակից կրթական թէ այլ զանազան նախաձեռնութիւններու միջոցով Հայրենասիրութեան ոգին ջամբել հայ նորահաս սերունդներուն:
Շարժման առաջին գործունէութիւնը արդէն իսկ մեկնարկած է «Սահմանք Քաջաց Դրօշն
Իւրեանց» անուան ներքոյ գործողութեամբ, որն է.
Հայաստանի Հանրապետութեան 9 մարզերու սահմանամերձ համայնքներու/գիւղերուն
տեսանելի մէկ բարձունքին/վայրին մէջ տնկել Հայաստանի Հանրապետութեան եռագոյն դրօշը
աւելի քան 10 մեթր բարձրութեամբ:
Իւրաքանչիւր մարզի մէջ ըստ յարմարութեան ու համայնքային թոյլտուութեան կ՛ընտրենք ըստ
կցուած ցուցակին կ՛ընտրենք համայնք/գիւղ մը, ուր բարերարի մը հովանաւորութեամբ կը
տեղադրենք Հայոց եռագոյնը:
Գործողութեան նպատակը.
1. Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան անձեռնմխելի սահմանները խորհրդանշականօրէն
ուրուագծել իր պետական դրօշով:
2. Ազգային-պետական դրօշին պահպանումն ու անոր հանդէպ տածելիք յարգանքը աւելի եւս ամրապնդել հայորդիներու մօտ:
3. Հրապարակային միջոցառումներու ու անկէ բխելիք մետիա հաղորդումներու միջոցաւ ՀՀ
սահմանամերձ գիւղերը աւելի եւս ծանօթացնել լայն հանրութեան:
4. Նպաստել տուեալ գիւղին զարգացման:
5. Հայաստանի բնակիչ թէ սփիւռքահայ իւրաքանչիւր հայորդի կամ համայնք մասնակից դարձնել սոյն գործողութեան, հայ ժողովուրդի զաւակները ազգօգուտ նպատակներու եւ իրար շուրջ համախմբելու մտաւորութեամբ:

*****
• 5 Մարտ 2023ին մենք տեղադրեցինք առաջին դրօշը մեր պատմական Անի քաղաքին
սահմանամերձ՝ Շիրակի մարզի Անիպեմզա գիւղին մէջ:
Անիպեմզայի մէջ ՀՀ դրօշակը տեղադրուեցաւ Արժանթինէն Սուսաննա եւ Սերխիօ Նահապետեաններուն շնորհակալ հովանաւորութեամբ։

Captura de pantalla 2023-03-28 a la(s) 09.03.55
• 25 Մարտ 2023ին ՀՀ սահմանամերձ գիւղերուն մէջ Եռագոյնը տեղադրելու մեր ժամադրավայրն էր՝ ՀՀ Գեղարքունիքի մարզի Արտանիշ գիւղը:
Արտանիշ գիւղին մէջ ՀՀ դրօշը գիւղին բնակչութեան մեծ խանդավառութեան ներքոյ բարձրացաւ:
Արտանիշի մէջ Եռագոյնը տեղադրուեցաւ Ֆլորիտա, ԱՄՆ-էն Ռոտրիկօ և Սիլվինա Նահապետեաններուն հովանաւորութեամբ։
Captura de pantalla 2023-03-28 a la(s) 09.05.35
• 15 Ապրիլ 2023ին մեր երրորդ ժամադրավայրը պիտի հանդիսանայ ՀՀ Լոռու Մարզի Արծնի
գիւղը, ուր Հայոց եռագոյնը պիտի տեղադրենք դարձեալ Ֆլորիտայէն՝ Ալեքս եւ Տորալիսիա
Նահապետեաններուն հովանաւորութեամբ:

Այսու կու գանք դիմելու Ձեր ազնիւ անձին, հովանաւորելու մեր նախաձեռնութիւնը՝ հովանաւորելով Հայաստանի սահմանմերձ գիւղի մը մէջ Եռագոյնը տեղադրումը: Հայաստանի 9
մարզերուն մէջ (Արագածոտն, Արարատ, Արմաւիր, Գեղարքունիք, Լոռի, Շիրակ, Սիւնիք, Վայոց
Ձոր եւ Տաւուշ) կան 187 սահմանամերձ գիւղեր, որոնք մեզ կը սպասեն:
Տեղադրման գործընթացին եւ իրագործման համար, որպէս ծախս նկատի ունինք $1200 ամ.
տոլար, որ կ՛ապահովուի ձեր նման հայրենասէր բարերարներու կողմէ:
Յոյսով ենք, որ ընդառաջելով մեր դիմումին, կը հանդիսանաք սոյն ազգօգուտ նախաձեռնութեան
հովանաւորողներէն մին:
Նախաձեռնութեան պատասխանատուներ.

Սերխիօ Նահապետեան
Վահագն Չախալեան
Քրիստինէ Աղալարեան
Նարէ Նաւասարդեան
Սեւակ Յակոբեան

ՀՀ պետական գրանցման համար՝ 211.171.1306073 / 2023-03-23
ՀՎՀՀ՝ 02887126 - Երեւան, Հայաստան – Հեռ. +374 41 937 281
Ել. նամակի հասցէ՝ vasn.hayrenyats@gmail.com
www.facebook.com/vasn.hayrenyats

Más leídas