SECCIONES
ARMENIA
LOCALES
DIÁSPORA
UGAB
INSTITUCIONES
EMPRENDIMIENTOS Y PYMES
OPINION
AGENDA
SOCIALES
EDICIONES
Temp.: -
Hum.: -
Sábado 10 de Octubre - Buenos Aires - Argentina
PREMIO MEJOR MEDIO DE PRENSA PUBLICADO EN LENGUA EXTRANJERA - MINISTERIO DE LA DIASPORA DE ARMENIA 2015
Armenia - «Սարտարապատ»
Երեւանի քաղաքապետ Հրաչեայ Սարգսեանի հետ
15 de Octubre de 2022

«Սարտարապատ» օրաթերթի խմբագիր Սուսաննա Տէր-Կարապետեան-Նահապետեանի հարցազրոյցը Երեւանի քաղաքապետ Հրաչեայ Սարգսեանի հետkagakabed mejorԻնչպէս գիտեն «Սարտարապատ»ի ընթերցողները, Երեւանը կը պատրաստուէր իր 2804-ամեակը:

Բոլորիս ծանօթ պատճառներով այդ տօնակատարութիւնները յետաձգուած էին:

Օգտուելով Երեւանի մէջ գտնուելու առիթէն, «Սարտարապատ»ի խմբագիր Սուսաննա  Տէր-Կարապետեան-Նահապետեան կարճ հարցազրոյց մը ունեցաւ Երեւանի քաղաքապետ Հրաչեայ Սարգսեանի հետ, արծարծելու Երեւանի քաղաքային կեանքին վերաբերող մի քանի հարցեր:

Պարոն քաղաքապետ «Սարտարապատ»ը շնորհակալություն է հայտնում այս հարցազրույցն անելու հնարավորության համար

«Սարտարապատ»  յարգելի քաղաքապետ Հրաչեայ Սարգսեան, Ինչպէ՞ս կ՚ընթանան Երեւանի երթեւեկութեան բարելաւումի ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքները:

Հ.Ս. Ինչպէս գիտէք, մեր կազմը 2018էն ի վեր ստանձնած է Երեւանի քաղաքապետարանի ղեկավարութիւնը: Քաղաքապետարանը անշուշտ բազմաթիւ ծառայութիւններ կը մատուցանէ երեւանցիներուն, ատոնց շարքին Երեւանի երթեւեկութեան կազմակերպումը, որուն արդիականացման ուղղութեամբ բարեփոխումներ եղած էին, որոնք թէեւ լաւ արդիւնքներու չէին հասած: Վերլուծութիւններ կատարուած են նուիրուած քաղաքի երթեւեկութեան եւ փոխադրամիջոցներու ապագայ ցանցի կառուցման, թէ ինչպէ՞ս պէտք է երթեւեկեն նոր հանրակառքերը եւ ո՞ր ուղղութիւններով պիտի ընթանան երթուղիները: 2020ին մենք ընդունեցինք այդ մասին պատրաստուած հաշուետուութիւն-տեղեկագիրը եւ սկսանք աշխատանքներ տանիլ: 

 Փոքր հանրակառքերը փոխարինեցինք միջին եւ մեծ յարմարաւէտ հանրակառքերով: Վերջին 25 տարիներուն, Երեւանը չէր ունեցած ելեկտրական հանրակառքեր (trolleybus), շուտով դարձեալ կ՛ունենանք նոր ելեկտարական հանրակառքեր:erevan1Մենք հիմա աշխատանքներ կը տանինք ամբողջ քաղաքի երթեւեկութեան եւ փոխադրամիջոցներու կառավարումի կեդրոն մը ստեղծելու ուղղութեամբ: 

Պիտի ունենանք նաեւ հանրակառքերու նոր կառատուներ: Շուտով նաեւ պիտի գործադրենք ամէն տեսակի փոխադրամիջոցներու համար միասնական տոմսերու քարտային համակարգը: 

Քաղաքի ճանապարհներու եւ խաչմերուկներու վրայ պիտի զետեղենք նոր եւ խելացի լուսացոյցներ(smart traffic light)

erevan2«Սարտարապատ».- Ուրախացուցիչ եւ հաճելի էր տեսնել քաղաքի գետնուղիի (metro), միջ-քաղաքային երկաթուղիի աշխոյժ երթեւեկը, ինչպէս նաեւ քաղաքի շատրուաններուն դարձեալ բանիլը: Մենք երէկ նկատեցինք թէ հրապարալի շատրուանը դարձեալ սկսած էր գործել:

Հ.Ս. Շատրուանները մինչ այդ այդ ալ կ՛աշխատէին, սակայ զանոնք դադրեցուցած էինք Սեպտեմբեր 13ին սահմաններու վրայ տեղի ունեցած պատերազմական գործողութիւններու պատճառով: Մենք յաջորդ տարի ձեռք պիտի ձգենք նոր շատրուաններ եւ փոխենք հիները, որոնք կը գործեն 1995էն ի վեր:erevan3Միեւնոյն պատճառով էր նաեւ որ տեղի չունեցան «Երեւան-Էրեբունի» 2804- ամեակի տօնակատարութիւնները: 

Փոխարէնը անցեալ Օգոստոսին Գիւմրիի մէջ ունեցանք Երեւանին նուիրուած շատ գեղեցիկ միջոցառում-համերգ մը:

 Մշակութային այդ ձեռնարկը կը ծրագրէինք կազմակերպել Երեւանի մէջ, բայց դարձեալ ստիպուած եղանք յետաձգել զայն:

«Սարտարապատ».-Անդրադառնանք քաղաքի մաքրութեան եւ ընդհանուր միջավային: Ուրախացանք եւ հաճելիօրէն զարմացանք երբ նկատեցինք թէ ճաշարաններու մուտքին ծխելը արգիլող եւ տուգանք նշանակող յայտարարութիւններ կային:

Հ.Ս. Ատիկա կառավարութեան որոշումն էր, իսկ քաղաքապետարանը կը վերահսկէ զայն: Թէեւ չեմ կրնար ըսել թէ 100 տոկոս է այդ վերահսկողութիւնը: Ամէն պարագայի ասիկա կարեւոր քայլ էր:

«Սարտարապատ».-Խօսինք Երեւանի մանկապարտէզներու եւ դպրոցներու մակարդակին մասին: Արդե՞օք ձրի են անոնք :Erevan4Հ.Ս.-Երեւանի քաղաքապետարանին պատկանող 155 մանկապարտէզ ունինք, որոնք բոլորն ալ անվճար են, ունինք   նաեւ 164 դպրոց, դարձեալ անվճար: Մեր կառավարութիւնը ծրագիր ունի ամբողջովին նորոգելու մեծ թիւով մանկապարտէզներ եւ դպրոցներ, որոնք ուժանիւթի խնայողութեամբ եւ ժամանակակից օդափոխութեամբ գործող կրթական հաստատութիւններ պիտի ըլլան: Իսկ կրթական մակարդակը ապահովելու նպատակով բարձրացուցած ենք ուսուցիչներուն աշխատավարձքը, ինչպէս նաեւ անոնց համար կազմակերպած ենք վերապատրաստումի դասընթացներ եւ շնորհած ենք վկայականներ:

«Սարտարապատ».-Ինչպէս գիտէք համավարակի պատճառով մեր կեանքի ընթացքին մէջ շատ փոփոխութիւններ եղան, մանաւանդ սկսանք օգտուիլ համացանցին տուած դիւրութիւններէն եւ հեռավար կերպով կատարել մեր գործերը՝ աշխատանք, վճարումներ, դրամային փոխանցումներ, եւայլն: Նոյն միջոցները որդեգրուեցա՞ն արդեօք Երեւանի մէջ, դիւրացուցած ըլլալով քաղաքացիին կեանքը նոր պայմաններու մէջ:

Հ.Ս. Այո: Երեւանի մէջ նոյնպէս եղան այդ փոփոխութիւնները: Ինչպէս ամբողջ աշխարհի տարածքին, նոյնպէս ալ մեր քաղաքին մէջ մենք ամէն ճիգ ըրինք յարմարելու կեանքի նոր պայմաններուն, հառավար եղանակով կազմակերպելով դպրոցներուն, պետական հաստաութիւններուն եւ տարբեր ասպարէզներու գործունէութիւնները:  

erevan de noche «Սարտարապատ».-Շնորհակալութիւն, Պարոն քաղաքապետ, այս առիթին եւ «Սարտարապատ»ի հարցերուն սիրայօժար պատասխանելու համար:

Գիտենք թէ մեր հայրենիքը դժուար օրերէ կ՛անցնի, բայց վստահ ենք թէ ազգովին պիտի վերապրինք եւ յաղթահարենք բոլոր դժուարութիւնները ու լաւատեսօրէն տրամադրուինք ապագայի հանդէպ:

Յաջողութիւն կը մաղթենք ձեր հետագայ աշխատանքներուն:   

 

Más leídas