SECCIONES
ARMENIA
LOCALES
DIÁSPORA
UGAB
INSTITUCIONES
EMPRENDIMIENTOS Y PYMES
OPINION
AGENDA
SOCIALES
Temp.: -
Hum.: -
Viernes 19 de Abril - Buenos Aires - Argentina
PREMIO MEJOR MEDIO DE PRENSA PUBLICADO EN LENGUA EXTRANJERA - MINISTERIO DE LA DIASPORA DE ARMENIA 2015
Armenia
Հանդիպում Ամենայն Հայոց Հայրապետին Հետ
11 de Septiembre de 2020

Հայաստան իր աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եւ «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր ընկ. Սեւակ Յակոբեան այցելեց Մայր Աթոռ ուր ընդունելութեանը արժանացաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ. Վեհափառին:
Հանդիպման ընթացքին ընկ. Յակոբեան ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան իր գործընկերներուն եւ լիբանանահայութեան անունով ընդհանրապէս շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ Հայրապետին իր շնորհիւ կատարուած նուիրատուութիւններուն եւ անոր ընձեռած բարոյական մեծ նեցուկին համար: Ապա ընկ. Յակոբեան Վեհափառին զեկուցեց Լիբանանի ներկայ իրավիճակին մասին, ի մասնաւորի Լիբանանահայութեան յոյզերը փոխանցելով Հայոց Հայրապետին:
Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ի շարս հայկական բոլոր կառոյցներուն, մօտէն հետաքրքրուեցաւ Լիբանանի Թէքէեանապատկան կառոյցներու ներկայ իրավիճակով ու այնտեղ ընթացող շինարարական աշխատանքներով:
Ընդունելութիւնը զուգադիպելով երէկ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ ընթացք առած նոր հրդեհի պահին Վեհափառը յատուկ ուշադրութիւն դարձուց նոր իրողութիւններուն: Այս առումով ան իր օրհնութիւնները փոխանցեց Լիբանանին եւ լիբանանահայութեան աղօթելով, որ Լիբանանի ժողովուրդը այս փորձութիւնն ալ կը շրջանցէ եւ դարձեալ ոտքի կը կանգնի ու կը յաղթահարէ իր դիմագրաւած բոլոր դժուարութիւնները:
Ընկ. Յակոբեան այս առիթով Վեհափառ Հայրապետին հրաւիրեց Պէյրութի Պայթումի զոհերուն քառասնօրեայ հոգեհանգիստին պաշտօնին, որուն միջոցաւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը Հայաստանի մէջ պիտի ոգեկոչէ պայթումի անմեղ զոհերուն յիշատակը: Վեհափառը սիրով ընդառաջեց անմիջապէս նշանակելով իր ներկայացուցիչը:
Հայ ժողովուրդի դարաւոր արժէքներու պահպանման հետ կապուած քննարկումներուն զուգահեռ, հանդիպումը նաեւ առիթ մըն էր մօտէն ծանօթանալու Մայր Աթոռի բարեզարդման աշխատանքներուն, որուն համար ոչ մէկ ճիգ կը խնայէ Հայոց Հայրապետը:
Աւարտին Ամենայն Հայոց Հայրապետը ուժ եւ կորով մաղթեց ընկ. Յակոբեանին եւ իր գործընկերներուն աննկուն կամքով շարունակելու իրենց ընտրած ազգանուէր առաքելութիւն:

Más leídas