SECCIONES
ARMENIA
LOCALES
DIÁSPORA
UGAB
INSTITUCIONES
EMPRENDIMIENTOS Y PYMES
OPINION
AGENDA
SOCIALES
Temp.: -
Hum.: -
Miércoles 24 de Abril - Buenos Aires - Argentina
PREMIO MEJOR MEDIO DE PRENSA PUBLICADO EN LENGUA EXTRANJERA - MINISTERIO DE LA DIASPORA DE ARMENIA 2015
Armenia - ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Տեսանկիւն Հերթական Սուտը Կամ Ժողովուրդին Ձեռք Առնելու Արուեստը
08 de Febrero de 2021

Նիկոլ Փաշինեան  խոստացած   էր արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ կայացնել 2021-ին։ Քայլ մը, որ հակառակ ընդդիմութեան կողմէ ընդունելի չէր այն առումով, որ ընդդիմութիւնը ոչ մէկ կերպով համաձայն էր ներկայ իշխանութեան կազմակերպած ընտրութիւններուն մասնակցելու, այսուամենայնիւ առաջարկուածը Փաշինեանին կողմէ նախաքայլ էր տեղի տալու առկայ ճնշումներուն:

Երէկ պարզուեցաւ, որ խոստումը հերթական սուտ մըն էր, ժամանակ շահելու: Արդարեւ երէկ՝ փետրուար 7-ին Ազգային ժողովի «Իմ Քայլը» խմբակցութիւնը, ըստ իր յայտարարութեան,  հանդիպում  ունեցած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին հետ: Հանդիպման արդիւնքով խմբակցութիւնը մերժած է արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու երթալ, այն պատճառաբանութեամբ, որ  վարչապետի սոյն առաջարկը դրական արձագանք չէ ստացած խորհրդարանական ընդդիմութեան կողմէն։ Հետեւաբար «Իմ Քայլը» իր զօրակցութիւնը կը յայտնէր վարչապետին եւ կառավարութեան, որոնք հիմնուելով «Իմ Քայլ»ի զօրակցութեան վրայ՝ «ճարահատ» ստիպուած պիտի ըլլան մնալու իշխանութեան վրայ...:

Սոյն բեմադրութեամբ, ժողովուրդին ձեռքի առնելու արուեստի վարպետ երկրին գլխաւոր ղեկավարը անգամ մը եւս փաստեց, որ ինք անվստահելի անձ է ինչ կը վերաբերի խոստում յարգելու:  Ան անգամ մը եւս հաստատեց, որ ինք լաւ իւրացուցած է մէկ ձեռքով տալու իսկ միւսով ետ առնելու աճպարարական ձիրքը:

Որո՞ւն համար գաղտնիք է, թէ «Իմ Քայլը» կոչուած խորհրդարանական խմբակցութիւնը, որ պատմական թիւրիմացութեան մը իբրեւ արդիւնք հասաւ խորհրդարան, պարզապէս հլու կամակատարն է զինք այնտեղ հասցնող անձին: Հետեւաբար հեշտ է օր մը բան խոստանալ իսկ միւս օր խոստումէն հրաժարիլ այն պատճառաբանութեամբ, որ խորհրդարանի մեծամասնութիւնը մերժած է առաջարկը...:

Կարծէք այսքան կեղծիք չէր բաւեր: Խորհրդարանական մեծամասնութեան յայտարարութենէն անմիջապէս ետք Փաշինեան հանդէս եկաւ 15 կէտերէ բաղկացած «ճանապարհային քարտէսով» մը՝ իր իշխանութեան յաջորդ ամիսներուն «իրագործելիք» ծրագիրներուն մասին, որ խորքին մէջ ոչ մէկ նոր բան կը պարունակէ: Իրականութեան մէջ ան ոչինչ է բացի ժողովուրդին քիթին խնթալէն:

Թէ այս լարախաղացութիւնը մինչեւ ո՞ւր կրնայ շարունակուիլ յստակ չէ, մանաւանդ, որ Փաշինեան բախտաւոր է այն փաստով, որ ընդդիմութեան բաղադրութիւնը եւ աշխատանքի ձեւն ու ոճը աւելի կը նպաստէ Փաշինեանի իշխանութեան երկարաձգումին քան հրաժարականի մղումին...: Սակայն կայ մէկ յստակ բան, որ «Իմ Քայլ»ի յայտարարութիւնը կրնայ արդիւնքը ըլլալ այն տուեալներուն, թէ իրենց վարկը այնքան ինկած է, որ անկարելի է արտահերթ ընտրութիւններու կայացումով վերարտադրուիլ: Հետեւաբար պէտք է իշխանութիւնը ամէն գնով ձեռքի մէջ պահել, ի պահանջեալ հարկին Վարչապետի կողմէ նոր խոստումներով կամ առաջարկութիւններով եւ Ազգային Ժողովի այպէս կոչուած մեծամասնութեան կողմէ իբր թէ զայն մերժելու բեմադրութիւններով...:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Más leídas