Իր օշարակապատ (շիրայով) կառուցուածքին եւ ընկոյզէ սիրտին ետին, այս անուշեղէնը կը պահէ համակեցութեան, ողբերգութեան եւ տոկունութեան պատմութիւն մը։ Թէ ինչպէ՛ս Սփիւռքի ընտանիքները փրկեցին բաղադրատոմս մը, որ այսօր կը շարունակէ սերունդներ միացնել աշխարհի տարածքին։
Հայ համայնքի տօնական սեղանները զարդարող գանձերու շարքին, կայ համեմներով համեմուած պատառ մը, որ իր բաղադրիչներէն շատ աւելի խորունկ պատմութիւն մը կը պատմէ։ Ֆինիքիան (finikia), որ յաճախ ընդհանուր ձեւով կը կապուի յունական հրուշակագործութեան հետ, իր արմատները կը ձգէ այնպիսի անցեալի մը մէջ, ուր խոհանոցային սահմանները կը ջնջուէին եւ խոհարարութիւնը ընդհանուր լեզու մըն էր։
Այսօր, ընկոյզով լեցուն այս անուշեղէնը ինքնութեան եւ դիմադրութեան խորհրդանիշ է հայկական Սփիւռքին համար։
Ֆինիքիայի արմատները հասկնալու համար պէտք է ժամանակի մէջ ետ երթալ մինչեւ Ի. դարու սկիզբը՝ Իզմիրի (Զմիւռնիա) աշխիւժ նաւահանգստային քաղաքը։ Այդ օրերուն, Իզմիրը մշակութային եւ տնտեսական փայլուն կեդրոն մըն էր. հալոց մը, ուր յոյներ, հայեր, հրեաներ եւ թուրքեր կողք կողքի կ՚ապրէին մշտական փոխանակումներու մթնոլորտի մը մէջ։
Այդ միջավայրին մէջ խոհանոցները կը բաժնեկցէին հնարքներ եւ գաղտնիքներ։ Շրջանի հայերը այս անուշեղէնները —զորս երբեմն անխտիր կը կոչէին ֆինիքիա կամ մելոմաքարոնա— կը պատրաստէին տարուան ամենակարեւոր տօնախմբութիւնները պսակելու համար, ինչպէս Սուրբ Զատիկը կամ Սուրբ Ծնունդը, որ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը նշէ ամէն Յունուար 6-ին։
Այս պատրաստութեան անունը պատահական չէ։ Ֆինիքիա բառը յառաջացած է յունարէն foinikia տերմինէն, որ կը վերաբերի արմաւենիներուն (dactyl)։
Կիները խմորը ձեռքով կը ձեւաւորէին ձուաձեւ՝ միտումնաւոր նմանցնելով արմաւի (փինիքէ) տեսքին։ Միջին Արեւելքի եւ պատմական Հայաստանի մէջ այս պտուղը առատութեան, քաղցրութեան եւ հիւրասիրութեան բացարձակ խորհրդանիշն է։ Այս խմորը ընկոյզի եւ համեմներու խիտ խառնուրդով լեցնելով՝ համեստ անուշեղէնը կը վերածուէր շքեղ պատառի մը, որ խնամքով կը պահուէր հիւրերը մեծարելու եւ այցելութիւնները պատուելու համար։
Այս քաղցրութեան պատմութիւնը ողբերգական շրջադարձ մը ունեցաւ բռնի տեղահանութիւններով եւ Հայոց Ցեղասպանութեամբ, յատկապէս 1922-ի Իզմիրի աղէտէն ետք։ Հայ եւ յոյն ընտանիքները ստիպուեցան փախչիլ իրենց տուներէն՝ յաճախ բաժնեկցելով գաղթականներու նոյն նաւերը դէպի Յունաստան, Լիբանան, Սուրիա, Ֆրանսա, Արժանթին կամ Միացեալ Նահանգներ։
Իրենց ճամպրուկներուն մէջ անոնք հազիւ թէ նիւթական իրեր ունէին, բայց իրենց հետ կը տանէին իրենց բաղադրատոմսերը։ Սփիւռքի նոր տուներուն մէջ, լեցուն ֆինիքիա պատրաստելը դադրեցաւ պարզ խոհարարական սովորութիւն ըլլալէ եւ վերածուեցաւ պահպանման ու ինքնութեան իսկական արարքի մը։ Աւանդական խմորը —պատրաստուած ձէթով (ձիթաիւղ), նարինջի հիւթով եւ քիչ մը քոնեակով— ինչպէս նաեւ օշարակին մէջ դարչինի, մեխակի եւ ծաղկաջուրի (կամ վարդաջուրի) առատ գործածութիւնը, սկսան հեռաւոր հողերու վրայ արտացոլացնել պատմական Արեւմտեան Հայաստանի բուրմունքներու անսխալական երանգապնակը։
Այսօր, երբ կ՚այցելենք հայկական համայնքային տօնավաճառ մը կամ աւանդական փուռ մը, սովորական է տեսնել ֆինիքիաները, որոնք կը փայլին սկուտեղներու վրայ՝ միւս աւանդական անուշեղէններու կողքին։
Անոնց պատրաստութիւնը կը մնայ ծիսակատարութիւն մը։ Այն իրողութիւնը, որ անոնք լեցուն (միջուկով) կը պատրաստուին, կը պահանջէ ժամանակ, համբերութիւն եւ ձեռքի աշխատանք՝ առիթ տալով ընտանիքներուն խոհանոցը հաւաքուելու։ Ասիկա, խորքին մէջ, սերնդափոխութեան դասական պատկերն է. երիտասարդ ձեռքեր, որոնք փորձառու ձեռքերէն կը սորվին խմորը գոցել՝ երաշխաւորելով, որ իրենց նախահայրերու համը, այն մէկը, որ վերապրեցաւ աքսորէն, շարունակէ ապրիլ իւրաքանչիւր տօնակատարութեան ընթացքին։

https://youtu.be/FJBqVJpchbg?si=219GRLbsCZx9O10F
https://www.instagram.com/reel/DZs_9sOBrkU/?igsh=eHlzd2l4enliaWJ1